«Տալիտա Քում» ցուցահանդէսի բացում։ «Տալիտա Քում» ցուցահանդէսի բացում։  

«Տալիտա Քում» ցանցի 10 տարուայ գործունէութեան նուիրուած ցուցահանդէսի բացում։

«Սրտեր բուժող կրօնաւորուհիներ» քարոզարշաւին մեկնակը՝ Ֆրանչիսկոս Պապին եւ 80 երկիրներէ 850 կրօնաւորուհիներու ներկայութեամբ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 10 մայիս 2019-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը բացումը կատարեց Պօղոս Զ անուան դահլիճի գաւիթին մէջ սարքուած “Nuns Healing Hearts - Սրտեր բուժող կրօնաւորուհիներ» խորագիրով ցուցահանդէսին որ իրականացուած է «Տալիտա Քում» մարդավաճառութեան դէմ պայքարի մէջ յանձնառու՝ կրօնաւորական կեանքի համաշխարհային ցանցի նախաձեռնութեամբ, ցանցի գործունէութեան 10րդ տարեդարձին առթիւ։

«Սրտեր բուժող կրօնաւորուհիներ» խորագիրն է նաեւ կրօնաւորուհիներուն անխոնջ գործունէութիւնը նշող քարոզչութեան, որուն նպատակն է  ի յայտ դնել շատ անգամ թաքուն ու անարդար իրականութիւն մը, ցոյց տալով այդ առաքելութեան ու աշխատանքին մէջ ներգրաւուած կրօնաւորուհիներուն ջանքերը, ցաւերն ու ուրախութիւնները։

Վերոնշեալ քարոզարշաւին մեկնակը կը կատարէ նոյնինքն Ֆրանչիսկոս Պապ՝ 80 երկիրներէ 850 կրօնաւորուհիներու ներկայութեամբ։

Նշենք թէ աշխարհի հինգ ցամաքամասերու մէջ «Տալիտա Քում» ցանցը ունի աւելի քան 2000 կրօնաւոր անդամուհիներ։

Ցուցահանդէսը որ բացումէն ետք պիտի փոխադրուի Վատիկանի մօտակայքը գտնուող Միաբանութիւններու Ընդհանուր Մեծաւորուհիներու միջազգային միութեան կեդրոն բաց պիտի մնայ հանրութեան մինչեւ 10 Յուլիս 2019։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/05/2019, 12:05