Մեճուկորիէի սրբավայրը Մեճուկորիէի սրբավայրը 

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը կʼարտօնէ պաշտօնական ուխտագնացութիւնները դէպի Մեճուկորիէ

Թեմերու եւ ժողովրդապետութիններու արտօնուած է յետ այսու պաշտօնապէս կազմակերպել ուխտագնացութիւններ, եւ ոչ ինչպէս մինչեւ այսօր, ուր Մեճուկորիէի ուխտագնացութիւնները ունէին միայն անհատական եւ ոչ պաշտօնական բնոյթ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Մեճուկորիէ ուխտավայրի մնայուն այցելու Հենրիք Հոզեր եւ Պոսնիա-Հերցեկովինայի առաքելական նուիրակ Լուիճի Փեցցութօ, Մեճուկորիէի սրբավայրին մէջ մատուցուած Ս. Պատարագի ընթացքին յայտարարած են, թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը կʼարտօնէ պաշտօնական ուխտագնացութիւնները դէպի Մեճուկորիէի ուխտավայրը։ Ըստ Վատիկանի բանբեր Ճիզոթթիի, ուշադրութիւնը կը կենդրոնանայ բարիի պտուղներու նպաստումին եւ խթանումին վրայ։ Ան նկատած է թէ Սրբազան Պապի ուխտագնացութեան արտօնութիւնը չի նշանակեր Աստուածածնի երեւումներու վաւերացումը։

Ունկնդրէ լուրը

Թեմերու եւ ժողովրդապետութիններու արտօնուած է յետ այսու պաշտօնապէս կազմակերպել ուխտագնացութիւններ, եւ ոչ ինչպէս մինչեւ այսօր, ուր Մեճուկորիէի ուխտագնացութիւնները ունէին միայն անհատական եւ ոչ պաշտօնական բնոյթ։
Ալեսսանտրօ Ճիզոթթի, պատասխանելով լրագրողներու հարցերուն, նկատած է, թէ Սրբազան Պապի տուած արտօնութեան կողքին պէտք է ուշադիր ըլլալ որ յիշեալ ուխտագնացութիւնները չմեկնաբանուին իբր վաւերացում Աստուածածնի երեւումներուն, որոնք տակաւին կը պահանջեն Եկեղեցւոյ կողմէ կատարուած համապատասխան ուսումնասիրութիւնները։ Պէտք է խուսափիլ որ այդ ուխտագնացութիւնները Եկեղեցւոյ վարդապետութեան առընչուած շփոթ եւ երկիմաստութիւն չստեղծեն։

Ճիզոթթի անդրադառնալով ուխտագնացութիւններու հոգեւոր բարիքներուն, ըսած է, թէ նկատի առնելով Մեճուկորիէ գացող անհատներու զգալի հոսքը եւ այնտեղ երեւան եկած շնորհքի առատ պտուղները, Սրբազան Պապի տուած կարգադրութիւնը պէտք է նկատել հովուական յատուկ ուշադրութեամբ՝ քաջալերելու բարիին պտուղները։
Ֆրանչիսկոս Պապը 2018ի մայիսի 31ին Մեճուկորիէի ժողովրդապետութեան համար իբր առաքելական այցելու անուանած էր Հէնրիք Հոզեր, Լեհաստանի Վարշաւիա-Փրակի վաստակաւոր արքեպիսկոպոսը։

Մեճուկորիէի մէջ Աստուածածնի երւումները սկսած էին 1981 թուականին՝ վեց մանուկներու կամ պատանիներու։ Այսօր միշտ յետմիջօրէի նոյն ժամուն անոնցմէ երեքը՝ Վիքա, Մարիա եւ Իւան տակաւին կʼունենան այդ տեսիլքները։ Իսկ չորրորդը, Մարիանա կը յայտնէ թէ ամէն ամսուան երկուքին կʼունենայ իր տեսիլքը, իսկ միւս երկուքին համար երեւումը տեղի կʼունենայ տարին մէկ անգամ։ Սակայն այդ երեւումներու վաւերականացումին ուսումնասիրութիւնները տակաւին չեն եզրափակուած։
Վատիկանի լրագրող Անտրէա Թորնիելլի Սրբազան Պապի որոշումը կը դիտէ Քահանայապետի «Աւետարանի հրճուանքը» յորդորի հետ առընչուած։ Սրբազան Պապը այնտեղ կը յիշեցնէր, թէ «ժողովրդական բարեպաշտութեան մէջ կարելի է ներգրաւել այն ուղիները, ուր ստացուած հաւատքը մարմնացած է մշակոյթի մը մէջ եւ կը շարունակուի ու կը փոխանցուի։» Ապա Սրբազան Հայրը կը մէջբերէր Աբարեսիտայի լատինամերիկեան եպիսկոպոսներու ժողովի եզրափակիչ փաստաթուղթի խօսքերը. «միասնաբար քալել դէպի սրբավայրեր եւ մասնակցիլ ժողովրդական բարեպաշտութեան այլ արտայայտութիւններու, միասին տանելով նաեւ զաւակները եւ հրաւիրելով այլ անհատներ՝ ինքնին աւետարանումի արարք մըն է։»

Վերջին տարիներուն միլիոնաւոր ուխտաւորներ Մեճուկորիէի մէջ ունեցած են հաւտաքի նշանակալից ապրում մը։ Ասոր վկայ են խոստովանարաններու առջեւ կանգնած հաւատացեալներու երկար շարքերը եւ ժողովրդապետական եկեղեցւոյ մէջ կատարուած Սուրբ Հաղորդութեան ծնրադիր երկրպագութիւնը։
Անտրէա Թորնիելլի կը շարունակէ անդրադառնալ Մէճուկորիէի մէջ հաւատացեալներու ստացած շնորհքներուն եւ այնտեղ կատարուած դարձերուն։ Ան կը յիշեցնէ Արկենթինացի Աստուածաբան Քարլոս Մարիա Կալլիի խօսքերը, թէ «Ֆրանչիսկոս Պապի համար ամենէն կարեւորն է Աստուծոյ սուրբ ժողովուրդին ունեցած մարեմեան հաւատքը, որ մեզի կը սորվեցնէ սիրել Մարիամի նման աստուածաբանական խոկումներէն ալ անդին։»

Թորնիելլի կʼեզրափակէ. «Այս պատճառով, շարունակելով ուսումնասիրել Մեճուկորիէի երեւոյթը եւ առանց երեւումներու վաւերականութեան մասին խօսելու, Սրբազան Պապը մտադիր է հոգ տանիլ անոնց որոնք ճամբորդութեան անյարմարութիւնները կը դիմագրաւեն կարենալ այնտեղ աղօթելու համար։ Այս պատճառով, ան ուզած է իր մնայուն պատուիրակը ուղարկել, եպիսկոպոս մը որ կախեալ է Սուրբ Աթոռէն, յանձնարարելով անոր որ կատարէ ուխտաւորներու հովուական խնամքը։» Մասնաւոր ուշադրութիւն դարձնելով հովուական խնամքին, Սրբազան Պապը «կը գերազանցէ հաւատոյ վարդապետութեան ժողովի աւելի քան քսան տարիներ առաջ կատարած յայտարարութիւնը, որ կʼարտօնէր Մեճուկորիէի ուխտագնացութիւնները, սակայն լոկ անհատական բնոյթի։ Այժմ սակայն թեմեր եւ ժողովրդապետութիւններ կրնան կազմակերպել եւ առաջնորդել ուխտագնացութիւններ, որոնք արտայայտութիւնն են Աստուծոյ ժողովուրդի մարեմեան բարեպաշտութեան։»

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/05/2019, 12:24