Որոնել

 Երիտասարդներու հաւաք Երիտասարդներու հաւաք 

Սքոփիէի մէջ երիտասարդներուն հետ համամիութենական ու միջ կրօնական հանդիպում։

Երազները մեզի թոյլ կու տան վառ պահելու վստահութիւնը՝ թէ այլ աշխարհ մը կարելի է։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հիւսիսային Մակեդոնիա կատարած առաքելական միօրեայ ճամբորդութեան ծիրէն ներս Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, երեքշաբթի 7 մայիսին յետմիջօրէի 4-ին, Սքոփիէի հովուական կեդրոնին մէջ համամիութենական ու միջ կրօնական բնոյթ ունեցող հանդիպում մը ունեցաւ տեղական երիտասարդներուն հետ, որուն ընթացքին՝ կաթողիկէ ու օրթոտոքս երիտասարդ զոյգ մը ապա իսլամ ու կաթողիկէ երկու երիտասարդներ ներկայացուցին իրենց կեանքի վկայութիւնները, որոնցմէ ետք Սրբազան Քահանայապետը իր սրտի խօսքը ուղղեց  ներկաներուն, հաստատելով թէ իրեն համար «այսպիսի հանդիպումներ ունենալը միշտ մեծ ուրախութեան ու յոյսի առիթ են»։

Ունկնդրէ լուրը

Երկարաշունչ իր ճառին մէջ Սրբազան Քահանայապետը շեշտը դրաւ երիտասարդներուն հայող կարեւոր կէտերու վրայ մեկնելով «երազանքի» իղձէն։

«Երազելը երբեք բաւարար չէ ու երիտասարդներուն այսօրուայ հարցերէն մին անոնց երազելու կարողութեան կորուստն է» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, դիտել տալով թէ երբ անձ մը չ՛երազեր, այդ երազանքի տարածքին մէջ տեղ կ՛առնէ ողբն ու յուսալքումը։

Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց երիտասարդները դիմելու վեհանձն երազանքներու, «ինչպէս ես եւ Ալ Ազհարի Իմամը ըրինք մի քանի ամիսներ առաջ՝ ստորագրելով «Եղբայրութեան Փաստաթուղթը», որով հրաւիրեցինք հաւատացեալները իրարու նայելու որպէս եղբայրներ, թիկունք կանգնելով մէկը միւսին ու սիրելով զիրար առանց շահարկուելու աննշան շահերէն» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով որ «Երազանքը տարիք չունի…երազեցէք ու մեծ երազներ ունեցէք» ու երիտասարդներուն խրատեց  ըլլալ արկածախնդիր ու քաջութիւնն ունենալ ապրելու բարի արկածախնդրութիւններ։

«Աշխարհը յոգնած է, բաժնուած է» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ, ու այսօր աւելի քան երբեք զօրեղ կը հնչեն Տիրոջ խօսքերը «Երանի խաղարարներուն որովհետեւ Աստուծոյ զաւակներ պիտի կոչուին»։ Երազները մեզի թոյլ կու տան վառ պահելու վստահութիւնը՝ թէ այլ աշխարհ մը կարելի է. ու թէ կանչուած ենք մենք մեզ ներգրաւելու անոր մէջ, մեր աշխատանքով, մեր յանձնառումով ու գործերով, մաս կազմելով անոր, նման այս երկրի քանդակագործերուն, որոնք քարը առնելով իրենց ձեռքերուն մէջ, կամաց կամաց կը ձեւաւորեն ու  կերպարանք կու տան անոր, զայն դարձնելով արուեստի ստեղծագործութիւն մը»։

Ամենագեղեցիկ երազները կարելի է նուաճել յոյսով, համբերութեամբ ու յանձնառումով, առանց շտապումի։ Հարկաւոր է նաեւ վախ չունենալ, ոչ վտանգէն, ոչ ալ սխալներէն, այլապէս վախ ունենալ անշարժութենէն…«նոյնիսկ եթէ սխալիս կրնաս միշտ ալ գլուխդ բարձրացնել ու վերսկսիլ, որովհետեւ ոչ մէկը իրաւունք ունի քեզմէ խլելու յոյսը» հաստատեց ապա Սրբազան Պապը խրախուսելով ներկաները «վախ չունենալու ու դառնալու երազներու եւ յոյսի արհեստաւորներ» ու աշխարհին նուիրելու նաեւ առատաձեռնութեան, ծառայութեան, բիւրեղէութեան, ներումի ու սեփական կոչման նկատմամբ հաւատարմութեան, աղօթքի ու արդարութեան ու հասարակաց բարիքին ի սպաս պայքարի, ինչպէս նաեւ աղքատներու սիրոյ ու ընկերային բարեկամութեան վկայութիւնը։

Քահանայապետը հրաւիրեց երիտասարդները մտածելու Մայր Թերեզային որ երբեք չի դադրեցաւ երազելէ եւ ուզեց դառնալ «Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ մատիտ մը» որով Աստուած գրեց անտիպ եւ հրաշալի էջեր։

Ձեզմէ իւրաքանչիւրը Մայր Թերեզայի նման կանչուած է աշխատելու իր ձեռքերով։ Թոյլ մի տաք որ ձեզմէ խլեն մեր երազները ու ջանացէք խոչընդոտները փոխել հնարաւորութիւններու ու այդ ըրէք ոչ թէ առանձին, որովհետեւ ոչ մին կարող է առանձին պայքարիլ, այլ միասնութեամբ, հասարակութեան մը հետ, որ ձեզի թիկունք կը կանգնի եւ որուն մէջ բոլորս ալ իրարու ձեռք կու տանք, յառաջ ընթանալու համար։

Սրբազան Պապը ապա կարեւորեց միասին երազելու իրողութիւնը, «ինչպէս կ՛ընէք այսօր այս պահուս, բոլորդ, այստեղ համախմբուած, առանց պատնէշներու։ Միասին երազեցէք ուրիշներու հետ։ Առանձին երազելով վտանգը կայ հանդիպելու պատրանքներու, իսկ միասին՝  երազներ կը կառուցին ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու ակնրակեց ցանցային աշխարհին։

«Մտած ենք կապերու - միացումներու  դարաշրջանի մէջ, սակայն հազուադէպ կերպով ներգրաւուած ենք ու կապուած ենք մէկը միւսին հետ։ Ներգրաւուածութիւնը արդարեւ կը պահանջէ կեանք, ներկայութիւն ու բաժնեկցութիւն – նշեց Նորին Սրբութիւնը որ ակնարկելով անցեալ տարի  Երիտասարդներուն  նուիրուած սիւնհոդոսին ըսաւ թէ «անոր ընթացքին կարողացանք ապրիլ դէմ դիմաց հանդիպումի փորձարարութիւնը, իրար ունկնդրեցինք ու միասին երազեցինք, մեր հայեացքը ուղղելով դէպի առջեւ ՝ յոյսով ու երախտագիտութեամբ։

«Դուք ալ առիթը գտէք վայելելու «դէմ դիմաց – միջ անձնական» հանդիպումներ կատարելու, ու այս ըրէք նաեւ ձեր հասարակութեան հետ ու տարեցներուն հետ, ականջալուր դարձէք անոնց վկայութիւններուն։ Ժամանակ յատկացուցէք անոնց ու անոնց պատմութիւններուն, որոնք յաճախ լի են իմաստութիւններով։  Առածը արդարեւ կ՛ըսէ թէ« թզուկ մը կարող է աւելի հեռուն տեսնել հսկայի մը ուսերուն վրայ ելլելով»։

«Մուտք գործեցէք ձեր ազգին, ձեր ժողովուրդին, իմաստութեան մէջ, արմատներուն մէջ, առանց ամչնալու ու նախապաշարումներու ու այնտեղ պիտի գտնէք ստեղծագործութեան ակնաղբիւր մը, որ ձեզի թոյլ պիտի տայ  գտնելու ճանապարհներ այնտեղ ուր ուրիշները պատեր կը տեսնեն, հնարաւորութիւն՝ այնտեղ ուր ուրիշներ վտանգ կը տեսնեն եւ յարութիւն այնտեղ ուր շատեր մահ կը հռչակեն» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը զգուշացնելով երիտասարդները  գաղութացումի վտանգէն.

Սրբազան Պապը ապա նշեց թէ իրենց յոյս կը ներշնչէ տեսնել երիտասարդներ որոնք չեն ընդունիր մնացորդացի տրամաբանութիւնը, երիտասարդներ որոնք դէմ են անցեալի ու ներկայի բաժանումներուն, որոնք իրենց ժամանակը կը յատկացնեն՝ ծառայելով աղքատներուն, պաշտպանելով մարդկային կեանքը, խթանելով ընտանեկան կառոյցը, երիտասարդներ որոնք չեն վհատիր կաշառակերութեան դիմաց ու կը պայքարին օրինականութեան համար, երիտասարդներ որոնք տեսնելով հասարակաց տան հիւանդութիւնը, յանձնառու են զայն աւելի մաքուր դարձնելու։

«Այսպէսով է որ դուք սիրելի բարեկամներ կը դառնաք յոյսի արհեստաւորներ» աւելցուց Ֆրանչիսկոս Պապ յանձնարարելով երիտասարդներուն որ այն ժամանակ երբ զգան թէ երազները կը նուազին ու սրտի տրոփումը կը դանդաղի փնտռեն հասարակութիւն մը ու ձեռք ձեռքի տալով յիշեն թէ «կայ Մէկ մը որ կ՛ուզէ որ անոնք ապրին»։

«Ողորմածը, Բարեգութը, ինչպէս զայն կը կոչեն մեր եղբայր իսլամները, ձեզ զօրացնէ ու այնպէս ընէ որ ձեր սրտին երազները իրականութիւն դառնան ձեր ձեռքերուն մէջ, օր ըստ օրին» յարեց Նորին Սրբութիւնը ու բոլոր ներկաները հրաւիրեց միասին աղօթելու Մայր Թերեզայի մէկ աղօթքը, որուն մէջ սրբուհին Տիրոջ հարց կու տայ եթէ ան կարիքը ունի իր ձեռքերուն, իր ոտքերուն, իր ձայնին եւ իր սրտին, իրակացնելու համար բարիքներ ու հրաշքներ, ապա վեհանձն օրէն Տիրոջ տրամադրութեան տակ կը դնէ զանոնք։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/05/2019, 16:41