«Ափրիկէին մէջ Եկեղեցին միութեան մակարդ» Մայիս ամսուայ Քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ կը խնդէ աղօթել որպէսզի Եկեղեցին Ափրիկէի մէջ ըլլայ միութեան թթխմոր ու ցամաքամասին համար յոյսի նշան։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Մայիս ամսուայ որպէս աղօթքի դիտաւորութիւն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը խնդրեց որ Ափրիկէի մէջ Եկեղեցին ըլլայ ժողովուրդներու միջեւ միութեան մակարդ եւ բոլոր ցամաքամասին համար յոյսի նշան, ու այս մէկը ըրաւ 2 մայիսին հրապարակուած  լսատեսողական պատգամի մը միջոցաւ որուն մէջ Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ.

Ունկնդրէ լուրը

«Ափրիկէի ազգային, լեզուային եւ ցեղային, բաժանումները կարելի է յաղթահարել խթանելով տարբերութիւններուն մէջ միութիւնը։ Կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել կրօնաւորուհիներուն, քահանաներուն, աշխարհականներուն եւ միսիոնարներուն, տածած աշխատանքին համար ի նպաստ երկխօսութեան ու հաշտութեան Ափրիկեան ընկերութեան բազմազան խաւերուն միջեւ։ Այս ամիս աղօթենք որպէսզի իր անդամներու յանձնառումի միջոցաւ Ափրիկէի մէջ Եկեղեցին ըլլայ՝ ժողովուրդներու միջեւ միութեան թթխմոր, ու այդ ցամաքամասին համար յոյսի նշան» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ որ այս աղօթքի դիտաւորութեամբ իր կոչը ուղղելով բոլոր կաթողիկէներուն ուզեց ընդգծել Եկեղեցւոյ գործունէութեան կարեւորութիւնը՝ Ափրիկեան ցամաքամասին մէջ, որուն ծառայական աշխատանքը կը հասնի նաեւ այն վայրերը ուր ոչ մէկ ուրիշ կազմակերպութիւն կամ պետութիւն չէ հասած։

Ափրիկեան ցամաքամասին մէջ կ՛ապրին աշխարհի կաթողիկէներու 17.6 առ հարիւրը, անոնց թիւը բաղդատմամբ 2010-ի տուեալներուն, 185 միլիոնէ անցաւ 228 միլիոնի 2016-ին եւ Քոնկոյի ժողովրդավարական հանրապետութիւնը կը հանդիսանայ ամենաբարձր թիւով կաթողիկէ մկրտեալներու երկիր՝ 44 միլիոն մկրտեալներով, որուն կը յաջորդէ Նիճերիան իր 28 միլիոն մկրտեալներով։

Ի տես ցամաքամասի բազմազանութեան Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւէր կ՛ուղղէ շրջանցելու բաժանումները խթանելով տարբերութիւններու միջեւ միութիւնը ու Սուրբ Կոյս Մարիամին նուիրուած մայիս ամսուայ ընթացքին կը խնդրէ աղօթել որպէսզի Եկեղեցին կարողանայ ըլլալ այդ միութեան թթխմորը ու ցամաքամասին համար յոյսի նշան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/05/2019, 16:30