Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին լրագրողներուն հետ հանդիպումը Ֆրանչիսկոս Պապին լրագրողներուն հետ հանդիպումը 

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը իր հետ ճամբորդող լրագրողներուն հետ։

Հիւսիսային Մակեդոնիայէն դէպի Հռոմ վերադարձի թռիչքի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապ սովորութեան համաձայն, մամլոյ ասուլիս ունեցաւ իր հետ ճամբորդող լրագրողներուն հետ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հիւսիսային Մակեդոնիայէն դէպի Հռոմ վերադարձի թռիչքի ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, սովորութեան համաձայն, զրոյց ունեցաւ իր հետ ճամբորդող լրագրողներուն հետ, պատասխանելով անոնց ուղղած մի քանի հարցումներուն, որոնք ընդգրկեցին Կարդինալ Սթեփանիչի սրբադասման դատին ու կին սարկաւագներու ձեռնադրութեան հարցերը։

Ունկնդրէ լուրը

«Խօսելով Պուլկարիա եւ Հիւսիսային Մակեդոնիա այցելած երկու երկիրներու մասին, Քահանայապետը նշեց թէ անոնք բոլորովին կը տարբերին մէկը միւսէն։ Պուլկարիան ունի դարաւոր աւանդութիւն։ Մակեդոնիան ալ ունի հինաւուրց աւանդութիւն, սակայն ոչ որպէս երկիր՝ այլ որպէս ժողովուրդ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը։ Ան միայն վերջերս կարողացաւ ձեռք բերել նաեւ հայրենիք մը։ Քրիստոնեաներուս համար Մակեդոնիան կը խորհրդանշէ Քրիստոնէութեան մուտքը արեւմուտք։ Մակեդոնացի մը արդարեւ Սուրբ Պօղոսը հրաւիրեց Մակեդոնիա։ Միւս կողմէն Պուլկարիան բազմաթիւ պայքարներ մղեց որպէս ազգ, 1877-ին 220հազար ռուս զինուորներ զոհուեցան, երկիրը ձերբազատելու համար Օսմանեան կայսրութեան բռնատիրութենէն։ Երկու երկիներուն մէջ կան օրթոտոքս, կաթողիկէ ու նաեւ իսլամ հասարակութիւններ։ Օրթոտոքսները երկու երկիներուն մէջ մեծամասնութիւն են։ Կաթողիկէները փոքր հասարակութիւն մըն են, իսլամներն ալ նոյնպէս, սակայն երկու երկիրներուն մէջ ալ տարբեր կրօններու միջեւ յարաբերութիւնները լաւ են։ Պուլկարիոյ մէջ՝ այդ մէկը տեսանելի եղաւ խաղաղութեան աղօթքի ընթացքին։ Մակեդոնիայի մէջ ապա Նախագահին մէկ նախադասութիւնը սրտիս խօսեցաւ «այստեղ կրօնական հանդուրժողականութիւն չկայ, կայ յարգանք»։  Յարգանք՝ ինչ որ այսօր կը պակսի աշխարհին մէջ, մարդու իրաւունքներու յարգանքը, յարգանք մանուկներուն, տարեցներուն… «իմանալ թէ երկրի մը խորհրդազգածութիւնը յարգանքն է՝ ինծի բարիք ըրաւ» ըսաւ Սրբազան Պապը։

Այն հարցումին թէ ինք ուր կը գտնէ ուժը՝ այդպիսի խիտ յայտագիրով ճամբորդութիւններ կատարելու, Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ թէ «երբ կը գտնուիմ երկրի մը մէջ կը մոռնամ ամէն ինչ։ Ես չեմ յոգնիր։ Կարծեմ թէ Տէրն է որ ինծի կու տայ այդ ուժը։ Ես Անորմէ կը խնդրեմ որ հաւատարիմ ըլլամ, իրեն ծառայեմ»։

Երանելի Կարդինալ Սթեփանիչի սրբադասման դատի բերումով, օրթոտոքս եկեղեցւոյ հետ ծագած հարցերուն մասին անդրադառնալով, Սրբազան Քահանայապետը նախ հաստատեց թէ ինք հանդիպած է օրթոտոքս եկեղեցիներու տարբեր Պատրիարքներու, ու թէ իրեն համար բոլորն ալ Աստուծոյ մարդիկ են»։ Ասկէ մեկնելով Ան նշեց թէ Սթեփանիչ կարդինալին սրբադասման դատը խոչընդոտի դիմաց գտնուեցաւ ու  ինք այդ առումով խորհուրդ խնդրեց նաեւ Իրենէօ Սերպիոյ Պատրիարքէն, որուն հետեւանքով միասին կազմեցին յանձնախումբ մը, ուսումնասիրելու համար հարցը։ Որովհետեւ, ըսաւ Քահանայապետը, ըլլայ ես, ըլլայ պատրիարքը չենք ուզեր սխալներ գործել եւ կ՛ուզենք հետապնդել ճշմարտութիւնը։ Ես ճշմարտութենէն վախ չունիմ, վախ ունիմ միայն Աստուծոյ դատումէն։

Պատասխանելով կին սարկաւագներու ձեռնադրութեան մասին հարցումին Սրբազան Քահանայապետ նշեց թէ ան տակաւին ուսումնասիրութեան մէջ է յոյս յայտնելով որ ստեղծուած յանձնախումբը շարունակէ իր հետազօտութիւնները վճռական պատասխան մը տալու համար։

Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ ուզեց ընդգծել երկու կարեւոր դէպքեր՝ որոնք յուզեցին զինք, առաջինը Մակեդոնիայի մէջ՝ աղքատներուն հետ հանդիպումը, Մայր Թերեզայի յուշակոթողին մօտ, երբ, ըսաւ Քահանայապետը,  Մայր Թերեզայի միաբանակից  քոյրերէն մին ինծի ներկայացուց աղքատ մը ըսելով. «ասիկա բարի տղայ մըն է, աղօթեցէք իրեն համար, որովհետեւ շատ կը խմէ»։ Ան ապա մայրական քնքշութեամբ շոյեց զինք, այնպէս ինչպէս կ՛նեն բոլոր քոյրերը, ու այս մէկը ինծի մտածել տուաւ Եկեղեցւոյ Մայրութեան, յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ, եւ ակնարկեց միւս դէպքին որ պատահեցաւ Պուլկարիոյ մէջ. 245 մանուկներու առաջին սուրբ հաղորդութեան արարողութիւնը, որ ինծի յիշեցնել տուաւ 8 հոկտեմբեր 1944-ին իմ առաջին հաղորդութիւնս – ըսաւ Քահանայապետը…«այդ մանուկներուն մէջ որոնք նոր կը բացուին կեանքին, տեսայ խոստումը, տեսայ եկեղեցւոյ ապագան եւ Պուլկարիայի ապագան»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/05/2019, 09:00