Վերջ գտաւ Ֆրանչիսկոս Պապին առաքելական  միջազգային 29-րդ ճամբորդութիւնը։ Վերջ գտաւ Ֆրանչիսկոս Պապին առաքելական միջազգային 29-րդ ճամբորդութիւնը։  

Վերջ գտաւ Ֆրանչիսկոս Պապին առաքելական միջազգային 29-րդ ճամբորդութիւնը։

Քահանայապետական եռօրեայ այցելութեան ներշնչում հանդիսացան Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ, Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ եւ Սրբուհի Մայր Թերեզան։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երեքշաբթի 7 մայիս 2019-ի երեկոյեան Հիւսիսային Մակեդոնիայի կղերական դասին հետ ունեցած հանդիպումով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը եզրափակեց առաքելական 29-րդ միջազգային ճամբորդութեան յայտագիրը, որ սկիզբ առած էր անցեալ կիրակի 5 մայիսի առաւօտեան ընդգրկելով ՝ նախ Պուլկարիան ապա Հիւսիսային Մակեդոնիան, ուր Սրբազան Պապը մեկնած էր հաւատքի մէջ հաստատելու համար այդ երկու երկիրներուն մէջ ապրող փոքրամաս կաթողիկէ հասարակութիւնը, ու օրթոտոքս եղբայրներու  եւ այլ կրօնական դաւանանքներու ներկայացուցիչներուն հետ միասին խթանելու խաղաղութիւն, համակեցութիւնն ու եղբայրութիւնը։

Քահանայապետական եռօրեայ այցելութեան  ներշնչում հանդիսացան Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ, Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ եւ Սրբուհի Մայր Թերեզան։  

Հիւսիսային Մակեդոնիայի մայրաքաղաք՝ Սոքփիէի օդակայանին մէջ՝ Երկրին Նախագահին ներկայութեամբ  կայացած  հրաժեշտի պաշտօնական արարողութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը բարձրացաւ օդանաւ վերադարձ կատարելու համար դէպի Հռոմ,  ուր ժամանումը նախատեսուած է 2 ժամ թռիչքէ ետք՝ Հռոմի Չամփինօ օդակայան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/05/2019, 18:58