Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին՝ ծիսական արարողութիւններու օրակարգը Մայիսէն մինչեւ Յուլիս։

Այս ամիսներու ընթացքին նախատեսուած են երկու առաքելական ճամբորդութիւններ եւ մէկ հովուական այցելութիւն։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 2 մայիս 2019-ին Քահանայապետական ծիսական արարողութիւններու արարողապետ՝ Գեռապայծառ Կուիտօ Մարինի հրապարակեց յառաջիկայ ամիսներուն նախատեսուած Ֆրանչիսկոս Պապին գլխաւորելիք արարողութիւններու օրակարգը որոնք կը սկսին այս կիրակի՝ 5 մայիսին, Նորին Սրբութեան Պուլկարիա եւ Հիւսիսային Մակեդոնիա կատարելիք առաքելական Երրօրեայ ճամբորդութեամբ։ Սրբազան Քահանայապետը կիրակի 5 մայիսին կը մեկնի Պուլկարիա ու 7 մայիսին կ՛այցելէ Մակեդոնիան հանդիսանալով առաջին Քահանայապետը որ կ՛այցելէ Պալքանեան թերակղզիի այդ պետութիւնը։

Ունկնդրէ լուրը

Կիրակի 12 մայիսին Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի պազիլիքային մէջ կը գլխաւորէ Քահանայական ձեռնադրութեան արարողութիւնը ապա մայիս ամսուայ աւարտին ՝ 31 մայիսէն մինչեւ 2 յունիս 2019-ին, առաքելական ճամբորդութեամբ կը մեկնի Ռումանիա ու այս մէկը կը հանդիսանայ  Ֆրանչիսկոս Պապին քահանայապետութեան 30-րդ առաքելական միջազգային ճամբորդութիւնը։

Շաբաթ 8 յունիսին Պենտեկոստէի տօնի նախօրեակին Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ նախատեսուած է Պենտեկոստէի հսկումի արարողութիւնը, մինչ կիրակի 9 Յունիսին Սրբազան Պապը Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ կը գլխաւորէ Պենտեկոստէի՝ Սուրբ Հոգւոյն գալստեան տօնի Սուրբ Պատարագը։                

2019-ի Յունիսի 16-ին Նորին Սրբութիւնը հովուական այցելութիւն կը կատարէ Մարքէ Մարզի Քամերինօ եւ Սան Սեվերինօ Թեմին որ մի քանի տարիներ առաջ թիրախ եղած էր կեդրոնական Իտալիան հարուածող ուժեղ երկարաշարժին։

Յունիսի 29-ին տօնն է Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Պօղոս առաքելապետերուn։ Տօնին առթիւ Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի մէջ կը գլխաւորէ Սուրբ Պատարագը որուն առթիւ կ՛օրհնէ նոր Արքեպիսկոպոսներու եւ Մետրոպոլիտներու յատկացուած Եմիփերոնները։

Երկուշաբթի 1 յուլիս 2019-ին առաքելական պալատի Քոնչիսթորօ Դահլիճին մէջ նախատեսուած է Սրբադասման Դատերու յատկացուած Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի գլխաւորութեամբ Կարդինալական ընդհանուր հաւաք։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/05/2019, 12:30