Մարեմեան Աղօթքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 3000 հաւատացեալներ Մարեմեան Աղօթքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 3000 հաւատացեալներ 

Ֆրանչիսկոս Պապին այցելութիւնը Պատրիարքական աթոռանիստ եկեղեցւոյ եւ Մարեմեան աղօթքը։

Սուրբ Կոյս Մարիամէն հայցենք բարեխօսութիւն, որպէսզի Յարուցեալ Տէրը այս սիրեցեալ երկիրին պարգեւէ անհրաժեշտ սլացքը՝ դառնալու հանդիպումի երկիր

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Պուլկարիայի Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ Պատրիարքին եւ Սիւնհոդոսի անդամներուն հետ ունեցած հանդիպումէն ետք Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը  այցելեց ԻԳ դարու Ռուս իշխան Սուրբ Ալեքսանդր Նեվսքիի անուան Պուլկարիայի պատրիարքական աթոռանիստ Եկեղեցին, որ կառուցուած է ի յիշատակ ռուս զինուորներուն, որոնք թուրքիոյ դէմ մղուած պատերազմի ընթացքին, 1877-1878 թուականներուն, զոհուեցան Սլաւ ժողովուրդները օսմանեան բռնատիրութենէն ազատելու համար։

Ունկնդրէ լուրը

Աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը լռելեան աղօթեց՝ Սլաւ Ժողովուրդները աւետարանող  Սուրբ Կիւրեղ եւ Մեթոտիոս սուրբ եղբայրներուն նուիրուած սրբապատկերին առջեւ, ապա աթոռանիստ եկեղեցւոյ հրապարակին վրայ, 3000  աւելի հաւատացեալներու ներկայութեամբ աղօթեց «Ուրախ Լեր»  Մարեմեան աղօթքը, որուն առթիւ ներկաներուն ուղղեց օրուան պատգամը ըսելով. «Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, Քրիստոս Յարեաւ, իսկապէս յարեաւ»։

«Այս բառերը մեր հաւատքի վկայութիւնն ու հաստատումն են. Քրիստոս կ՛ապրի։ Ան մեր յոյսն ու այս աշխարհի ամենագեղեցիկ  երիտասարդութիւնն է…Ան կ՛ապրի եւ կ՛ուզէ որ դուն ալ ապրիս…»։

«Յարուցեալ Քրիստոսի մէջ հաւատքը երկու հազար տարիներէ ի վեր կը հռչակուի աշխարհի բոլոր անկիւններուն մէջ, բազմաթիւ հաւատացեալներու վեհանձն առաքելութեան շնորհիւ» յարեց ապա Սրբազան Քահանայապետը մատնանշելով Եկեղեցւոյ պատմութեան հոլովոյթին, սրբակեաց կեանքով Հովիւներուն, որոնց շարքին յիշեց նաեւ «Պուլկարացի Սուրբը»՝ Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ Քահանայապետը։

Հովիւ սուրբ մը, որուն յիշատակը կենդանի է այս հողին վրայ, ուր ան ապրեցաւ 1925էն մինչեւ 1934 թուական։ Այստեղ ան սորվեցաւ արժեւորել Արեւելեան Եկեղեցւոյ աւանդութիւնները, միւս կրօնական դաւանանքներուն հետ   հաստատելով բարեկամութեան կապեր, որոնք ներշնչում հանդիսացան համամիութենական երկխօսութեան խթանումին, որ կարեւոր սլացք ունեցաւ Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովին առթիւ, զոր երջանկայիշատակ Քահանայապետը ուզեց գումարել եւ որուն համար գուցէ պէտք է շնորհակալութիւն յայտնենք այս երկրին որ հանդիսացաւ Բարի Քահանայապետի համար իմաստուն  յայտնատեսութեան ներշնչում – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու նշեց թէ այդ համամիութեանական ուղեւորութեան հիման վրայ է որ պիտի հանդիպի նաեւ Պուլկարիայի այլ կրօններու պատասխանատուներուն հետ, այս ուղղութեամբ հաստատելով թէ «զանազան հասարակութիւններու պատկան ներկայացուցիչներու միջեւ հանդիպումը կը յայտնէ բոլորին իղձը «որպէս ճանապարհ ընտրելու երկխօսութեան մշակոյթը, ու որպէս չափանիշ եւ մեթոտ՝ իրար ճանաչումը »։

Անդրադարձ կատարելով թէ քիչ առաջ հանդիպում ունեցաւ իր եղբօր՝ ՆէոՖիթ Պատրիարքին ու սիւնհոդոսի անդամներուն  հետ, Սրբազան Քահանայապետը հայցեց Սուրբ Կոյս Մարիամին բարեխօսութիւնը, որպէսզի, ըսաւ Ան, Յարուցեալ Տէրը այս սիրեցեալ երկիրին պարգեւէ անհրաժեշտ սլացքը՝ դառնալու հանդիպումի երկիր, մշակութային, կրօնական կամ ցեղային տարբերութիւններէն անդին, որպէսզի «կարողանաք զիրար ճանչնալ որպէս միեւնոյն Հօր զաւակներ»։

Խորհրդածութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց ներկաները միասին աղօթելու «Ուրախ Լեր Թագուհի» Մարեմեան աղօթքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/05/2019, 11:59