Պուլկարիայի մէջ խաղաղութեան նուիրուած միջկրօնական աղօթք։ Պուլկարիայի մէջ խաղաղութեան նուիրուած միջկրօնական աղօթք։  

Պուլկարիայի մէջ խաղաղութեան նուիրուած միջկրօնական աղօթք։

Աղօթքին մասնակցեցաւ ի մէջ այլոց Պուլկարիայի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ առաջնորդը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան 

Երկուշաբթի 6 մայիս 2019-ի երեկոյեան, Պուլկարիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս, տեղական ժամով 18.15-ին (Հռոմի ժամով 17.15ին) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը  Սոֆիայի «Նեցավիզիմոսդ» կեդրոնական հրապարակին վրայ գլխաւորեց խաղաղութեան նուիրուած միջկրօնական  հանդիպում մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին այլ կրօնական դաւանանքներու ներկայացուցիչներ, որոնց շարքին էր  Պուլկարիայի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ առաջնորդը, որոնք միասին համախմբուած էին բեմին վրայ զետեղուած մոմի, խաղաղութիւնը խորհրդանշող ձիթենիի ծառին ու Պուլկարիան խորհրդանշող Վարդենիի մը շուրջ։

Ունկնդրէ լուրը

Արարողութիւնը սկիզբ առաւ Սուրբ Ֆրանչիսկոսի արարչութեան նուիրուած տաղով, ապա սաղմոսերգութեամբ ու արարողութեան մասնակցող ամէն մէկ կրօնի ներկայացուցիչի կողմէ ջահի լուսաւորումով, որուն յաջորդեցին՝ օրթոտոքսներու, հրեաներու, բողոքականներու, հայերու, իսլամներու ու կաթողիկէներու աղօթքները եւ Ասսիզիի Սուրբ Ֆրանչիսկոսին խաղաղութեան աղօթքը, որուն աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պատգամ մը ուղղեց ներկաներուն։

Պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը մատնանշելով Ասսիզիի Սուրբի աղօթքին նշեց թէ Ան՝ Արարիչ ու Հայր Աստուծոյ սիրահարն էր։ Սէր որ վկայեց գորովով ու յարգանքով, արարչութեան ու ամէն մէկ անձին նկատմամբ։ «Սէր որ  անոր հայեացքը փոխակերպեց ու զայն մղեց դառնալու խաղաղութիւն կառուցող» ըսաւ Սրբազան Պապը հաստատելով թէ մեզմէ իւրաքանչիւրը եւս կոչուած է դառնալ խաղաղութեան կառուցող մը, խաղաղութեան արհեստաւոր։

«Խաղաղութիւն որ պէտք է հայցենք եւ որուն համար հարկաւոր աշխատիլ, որպէս պարգեւ ու պարտականութիւն, նուէր ու շարունակական եւ առօրեայի  յանձնառում,  կառուցելու համար մշակոյթ մը ուր խաղաղութիւնը ըլլայ հիմնական իրաւունք մը» ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապ ։

Խաղաղութիւնը կը պահանջէ որպէս ճանապարհ ընտրել երկխօսութիւնը, որպէս վարուելակերպ՝ համագործակցութիւնը, ու որպէս չափանիշ եւ մեթոտ իրար ճանաչումը, որպէսզի իրարու հանդիպինք մեզ միացնող բաներու մէջ ու զիրար յարգենք մեզ բաժնող իրողութիւններուն մէջ, ու քաջալերուինք՝ ապագային նայելու, որպէս  վայր հնարադրութիւններու ու արժանապատուութեան,  յատկապէս ապագայի սերունդներուն համար։

Սրբազան Հարը մատնանշեց ապա ջահերուն, «որոնք կը խորհրդանշեն սիրոյ կրակը, որ մեր մէջ վառած է եւ որ պէտք է դառնայ ողորմութեան, սիրոյ ու խաղաղութեան փարոս մը, լուսաւորելու համար համայն աշխարհը» ըսաւ Սրբազան Պապը հաստատելով թէ «այդ սիրոյ կրակով մենք կ՛ուզենք հալեցնել  պատերազմներու սառոյցը»։

Մենք այս խաղաղութեան ձեռնարկը կ՛ապրինք հին «Սլերտիքայի» փլատակներու վրայ, Սոֆիայի՝ Պուլկարիոյ սրտին մէջ։ Մենք այստեղէն կարող ենք տեսնել զանազան եկեղեցիներու ու կրօնական դաւանանքներու պաշտամունքի վայրերը։ Օրթոտոքս եկեղեցւոյ եղբայրներու՝ Սուրբ Նետելիա եկեղեցին, մեզի կաթողիկէներուս Սուրբ Յովսէփի անուան եկեղեցին, մեր աւագ եղբայրներու հրեաներու տաճարը ու իսլամ եղբայրներու մզկիթը ապա անոր մօտ հայերու եկեղեցին։

Այս վայրին մէջ, դարերու հոլովոյթին, Սոֆիայի զանազան մշակոյթներու ու կրօններու պատկան Պուլկարացիները, իրարու կը հանդիպէին միասին զրուցելու ու վիճաբանելու։ Թող որ այս յատկանշական վայրը խորհրդանիշն ըլլայ խաղաղութեան վկայութեան մը։ Այս պահուս մեր ձայները իրարու կը ձուլուին, ու միաձայնութեամբ կ՛արտայայտեն խաղաղութեան իղձը. «Խաղաղութիւնը թող տարածուի համայն աշխարհի մէջ…յատկապէս այն վայրերուն մէջ ուր ձայները լռութեան մատնուած են, պատերազմի պատճառաւ, կամ անտարբերութեան ու շահագրգռուած խմբակներու մեղսակից անտեսումին պատճառաւ» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը եւ հրաւիրեց համագործակցիլ միասնաբար «իրականացնելու համար այդ խաղաղութեան ձգտումը՝ կրօններու, քաղաքականութեան,  մշակոյթներու  ներկայացուցիչներ, ամէն մին իր պարտականութիւնը կատարելով ու ըսելով «ինձ դարձուր քու խաղաղութեանդ գործիք»։

Այս էր նաեւ Սուրբ Յովհաննէս ՒԳ Պապին իղձը, հետեւինք անոր կամքին ու մեր կեանքով ըսենք «Խաղաղութիւն Երկրի վրայ»։ «Խաղաղութիւն երկրի վրայ բոլոր մարդոց համար որոնք սիրուած են Տիրոջմէ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով պատգամը։

------------------------------------------------------------------------

Հայերէն լեզուով արտասանուած աղօթքը

Եկեղեցիք արդարոց, փառաբանիչք Ամենասուրբ Երրորդութեան, յառաւօտս լուսոյ զառաւօտ խաղաղութեան Քրիստոս գովեցէք ընդ Հօր եւ Հոգւոյն, որ ծագեաց զլոյս գիտութեանն իւրոյ ի մեզ.

Պահպանիչ եւ յոյս հաւատացելոց, Քրիստոս Աստուած մեր, պահեա եւ պահպանեա զժողովուրդս Քո ընդ հովանեաւ Սուրբ եւ պատուական խաչիւդ քով ի խաղաղութեան. Փրկեա՛ եւ ազատեայ յերեւելի եւ յաներեւոյթ թշնամւոյն, արժանաւորեա՛ գոհութեամբ փառաւորել զՔեզ ընդ Հօր եւ ընդ Սրբոյ Հոգւոյդ. այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. Ամէն.

Քրիստոս ի մէջ մեր յայտնեցաւ, որ Էնն Աստուած աստ բազմեցաւ. Խաղաղութեան ձայն հնչեցաւ, սուրբ ողջունիս հրաման տուաւ. Եկեղեցիս մի անձն եղաւ, համբոյրս յօդ լրման տուաւ.  Թշնամութիւնն հեռացաւ, սէրն ընդհանուրս սփռեցաւ. Արդ պաշտօնեայք բարձեալ զձայն, տուք օրհնութիւն ի մի բերան, միասնական Աստուածութեանն որում սրովբէքն են սրբաբան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/05/2019, 18:13