Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին 12 մայիսի Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը

Բարի Հովիւի կիարկի. Կոչումներու համաշխարհային օրը:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կիրակի 12 մայիսին՝ կէսօրին,  իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց «Ուրախ Լեր Թագուհի» Մարեմեան աղօթքը, որուն ընթացքին ներկայացուց օրուան խորհրդածութիւնը մեկնաբանելով  կիրակնօրեայ աւետարանը, որ քաղուած էր Յովհաննէս Աւետարանիչէն (Գլ 10, 27-30) ուր Յիսուս ինքզինք կը ներկայացնէ որպէս Բարի Հովիւ։

ՄԱՐԵՄԵԱՆ ԱՂՕԹՔ

Աւետարանիչը կը գրէ. Եւ Յիսուս ըսաւ անոնց «Իմ  ոչխարներս կը լսեն ձայնս, ես կը ճանչնամ զանոնք ու անոնք կը հետեւին ինծի, եւ ես կու տամ անոնց յաւիտենական կեանքը. Անոնք երբեք պիտի չի կորսուին, եւ ոչ ոք կրնայ զանոնք  իմ ձեռքերէս յափշտակել։ Հայրս՝ որ ինծի տուաւ զանոնք, բոլորէն մեծ է, ու ոչ ոք կարող է հօրս ձեռքէն բան մը յափշտակել. Հայրը եւ ես մէկ ենք»։

“Այսօրուան Աւետարանը մեզ կը հրաւիրէ Քրիստոսի հետ մեր յարաբերութիւնը ապրիլ ամենայն մտերմութեամբ։ Այսպէսով մենք եւս կրնանք դէպի իրեն մղել անձերը որ զինք կը փնտռեն…անձեր որոնց սիրտը կը ճանչնայ միայն Աստուած եւ մաս կը կազմեն Անոր ոչխարներուն, սակայն կարիքն ունին եղբօր մը, քրոջ մը, որ զիրենք առաջնորդէ Յիսուս Քրիստոսին” ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը խորհրդածութեան ընթացքին ու հրաւիրեց չի մոռնալ որ ՙՙՅիսուս միակ Հովիւն է, որ մեզի կը խօսի ու մեզ լաւապէս կը ճանչնայ, մեզի կը պարգեւէ յաւիտենական կեանքը ու մեզ կը պահպանէ՚՚։

Խորհրդածութեան աւարտին Քահանայապետը հայցեց Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ բարեխօսութիւնը։ ՙՙԱն որ պատրաստակամ պատասխանեց Աստուծոյ կոչին, մեզ օգնէ ու օգնէ յատկապէս անոնք որոնք կոչուած են քահանայութեան ու կրօնաւորական կեանքին, ուրախութեամբ եւ տրամադիր կերպով ընկալելու Քրիստոսին հրաւէրը, ու դառնալու Անոր անմիջական գործակիցները Աւետարանի քարոզչութեան մէջ ու Աստուծոյ արքայութեան ժամանակակից ծառայութեան մէջ։

ՄԱՅՐԵՐՈԻ ՏՕՆ

Մարեմեան աղօթքէն ետք ողջունելով հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները, Նորին Սրբութիւնը նշեց թէ այսօր բազմաթիւ երկիրներուն մէջ Մայրերու Տօնն է ու յատուկ ողջոյն ուղղեց բոլոր մայրերուն, ՙՙնաեւ անոնց որոնք երկնքի մէջ ենՙՙ ըսաւ Ան յիշելով յատկապէս մեր Երկնային Մայրը Մարիամ, ու 13 Մայիսին տօնուող ֆաթիմայի Տիրամայրը ՙՙորուն կ՛ապաւինինք ուրախութեամբ եւ վեհանձնութեամբ շարունակելու մեր ճանապարահըՙՙ յարեց Սրբազան Քահանայապետը։

ԿՈՉՈՒՄՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՕՐ

Յայտնենք թէ 12 Մայիսին կը յիշատակուի նաեւ կոչումներու համաշխարհային օրը, որուն առթիւ հրապարակուած Քահանայապետին պատգամը  լոյս տեսաւ անցեալ 9 մարտին, որպէս բնաբան ունենալով «Աստուծոյ խոստումին համար կեանքը վտանգելու քաջութիւնը»։

Պատգամին մէջ Սրբազան Քահանայապետը կ՛անդրադառայ  «Տիրոջ կոչին, որ մեզ կը դարձնէ խոստումի մը պատգամաւորներ, ու մեզմէ կը պահանջէ քաջութիւն՝ վտանգելու մեր կեանքը, Տիրոջ հետ եւ Տիրոջ համար» ապա շեշտը կը դնէ «խոստում եւ վտանգել» բառերուն վրայ մեկնելով Մարկոս Աւետարանիչէն քաղուած (Մարկոս 1, 16-20) առաջին չորս առաքեալներու կոչումի դրուագէն, որ պատահեցաւ Գալիլիոյ ծովուն մօտ՝ Սիմոն եւ Անդրէաս ու Յակոբ եւ Յովհաննէս եղբայրներու  կոչումը։

«Անոնք ձկնորս էին ու իրենց առօրեայ ծանր գործին մէջ հասկցած էին բնութեան օրէնքները ու յաճախ ստիպուած եղան դիմագրաւելու զանոնք, երբ փոթորիկներ կը ծագէին ու քամին իրենց նաւերը կը տարուբերեր ու շատ անգամ բոլոր գիշերուայ մը յոգնութիւնը բաւարար չէր ուռկանները լեցնելու՝ առ այդ տուն կը վերադառնային յոգնած եւ յուսալքուած։ «Ասոնք են նաեւ բնական կեանքին իրավիճակները» նշեց Սրբազան Պապը ու անդրադառնալով կոչումին հաստատեց թէ ան կը սկսի միշտ հանդիպումով. Յիսուսին հետ հանդիպումով։ Ամէն մէկ հանդիպում անակնկալ մըն է։  Ու երբ Տէրը մեզի փորձարկել կու տայ «հրաշագործ ձկնորսութիւն» մը, կ՛ուզէ մեզի բացայայտել թէ մեզմէ իւրաքանչիւրը կանչուած է աւելի մեծ իրականութեան մը համար ու թէ կեանքը պէտք չէ կաշկանդուած մնայ անիմաստութեան ուռկաններուն մէջ։

«Կոչումը ուրեմն հրաւէր է կանգ չ՛առնելու  ծովեզերքին վրայ, այլ հետեւելու Յիսուսին, մեզի համար ծրագրած ճանապարհին վրայ» գրած է Քահանայապետը դիտել տալով ոը «Բազմաթիւ ներքին դիմադրութիւններ կարող են այդ որոշումին արգելք հանդիսանալ ու կարելի է նաեւ յուսալքումի մատնուիլ, բայց եւ այնպէս չկայ աւելի մեծ ուրախութիւն քան մեր կեանքը վտանգել Տիրոջ համար»։  Սրբազան Պապը ապա  յատուկ կոչ կ՛ուղղէ  երիտասարդներուն. «խուլ մի ձեւացնէք դուք ձեզ Տիրոջ կոչին դիմաց։ Եթէ Ան ձեզ կոչէ այդ ճանապարհին համար, վստահեցէք Անոր… Միշտ ալ յիշեցէք որ անոնք որոնք ուռկանները կը թողուն Յիսուսին հետեւելու համար,  Տէրը անոնց կը խոստանայ նոր կեանքի մը ուրախութիւնը որ կը լիացնէ սիրտը ու կ՛ոգեւորէ ուղեւորութիւնը»։

Պատգամին աւարտին Սրբազան Քահանայապետը կը հրաւիրէ նաեւ ուղեւորութեան ընթացքին նայելու Սուրբ Կոյս Մարիամին, որուն կոչումը եղաւ խոստում ու վտանգ։

Անոր առաքելութիւնը դիւրին չէր, սակայն անոր« այո»ն եղաւ ներգրաւուած ու վտանգը յանձն առած «այո» մը,  որպէս միակ երաշխիք ունենալով այն գիտակցութիւնը թէ ինք խոստումի մը կրողն էր կը գրէ Սրբազան Պապը հրաւէր ուղղելով «այս օրուան առթիւ միանալու աղօթքին մէջ՝ Տիրոջմէ հայցելով որ մեզի ցոյց տայ մեր կեանքին մէջ իր սիրոյ ծրագիրը  ու մեզի քաջութիւն պարգեւէ վտանգելու մեր կեանքը այն ճանապարհին վրայ զոր Ինք մեզի համար մտածած է » ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/05/2019, 13:35