Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Իտալիոյ մէջ օրինականութեան օրուան առթիւ

Իտալիոյ մէջ օրինականութեան նուիուած օրը յատուկէն կը նշուի երիտասարդներուն կողմէ դպրոցներուն մէջ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

21 մայիսին, Իտալիոյ դպրոցներու մէջ կը նշուի օրինականութեան օրը: Այս առթիւ, Իտալացի երիտասարդներուն յղած պատգամին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերած է երիտասարդները՝ արդարութեան համար , ընթանալու Աւետարանի հիւրընկալութեան, օրինականութեան ուղիներու վրայէն, յարգելով իտալական սահմանադրութեան հիմնական սկզբունքները, որոնք ներշնչումի աղբիւր եղած են բարձր գնահատուած եւ բաժնեկցուած ապրելակերպերու:

Նորին Սրբութիւնը ապա խրախուսած է իտալացի երիտասարդները, շարունակելու երազել եւ ամէն բան կատարել, հասարակաց տունը աւելի գեղեցիկ ու աւելի մատչելի դարձնելու համար, աւելցնելով որ անտարբերութիւնը կը կործանէ յարաբերութիւնները, մաղթելով յաղթահարել զայն կարիքաւորներուն մօտիկութիւն ցուցաբերելու կարողութեամբ:

Ֆրանչիսկոս Պապ Իտալացի երիտասարդներուն յղած պատգամը աւարտած է մաղթելով որ երիտասարդներու շարքին մերժուածները , Իտալացի երիտասարդներու մէջ գտնեն բաց,-ողջունելի նաւահանգիստ մը:  
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/05/2019, 12:19