Որոնել

Ճանապարհ Խաչի Ճանապարհ Խաչի  

Ֆրանչիսկոս Պապին Ճանապարհ Խաչի արարողութեան եզրափակիչ աղօթքը։

Տէր Յիսուս, օգնէ մեզի Քու Խաչիդ մէջ տեսնելու աշխարհի խաչերը.
Ունկնդրէ

Տէր Յիսուս, օգնէ մեզի Քու Խաչիդ մէջ տեսնելու աշխարհի խաչերը.

Խաչերը այն անձերուն, որոնք կը տառապին հացի եւ սիրոյ անօթութենէն.

Խաչերը անձերուն, որոնք մինակ են ու լքուած, նոյնիսկ իրենց զաւակներէն ու հարազատներէն.

Խաչերը այն անձերուն որոնք արդարութեան եւ խաղաղութեան ծարաւն ունին.

Խաչերը անոնց՝ որոնք հաւատքին ամոքումը չունին.

Տարեցներուն խաչերը, որոնք կը տառապին՝ տարիներու եւ առանձնութեան ծանրութեան տակ.

Խաչը գաղթականներուն, որոնք կը գտնուին փակ դռներու դիմաց, վախի, զրահապատի ու քաղաքական հաշուարկներու պատճառաւ.

Խաչերը փոքրերուն, որոնք վիրաւորուած են իրենց անմեղութեան եւ իրենց բիւրեղէութեան մէջ.

Խաչը մարդկութեան՝ որ կը տարուբերուի անորոշութեան խաւարին մէջ եւ ժամանակային մշակոյթի մթութեան մէջ.

Խաչը ընտանիքներուն, որոնք բեկանուած են, դաւաճանութեան, չարին հրապոյրներու կամ մարդասպան թեթեւութեան ու եսասիրութեան հետեւանքով։

Խաչը օծեալներուն, որոնք անյապաղ կը փորձեն լոյսը տանիլ աշխարհ, ու իրենք զիրենք կը զգան մերժուած, նուաստացած ու ծաղրանքի առարկայ.

Խաչերը նուիրեալներուն՝ որոնք ճանապարհորդութեան ընթացքին մոռցան իրենց առաջին սէրը.

Զաւակներուդ խաչերը՝ որոնք Քեզի հաւատալով ու ապրելով Քու խօսքիդ համաձայն, կը գտնուին բացառուած ու անտեսուած վիճակի մէջ, նոյնիսկ իրենց ընտանիքներուն եւ իրենց հասակակիցներուն կողմէ.

Մեր տկարութիւններուն խաչը, մեր կեղծաւորութիւններուն, մեր դաւաճանութիւններուն, մեր մեղքերուն ու մեր բազմաթիւ խափանուած խոստումներուն խաչը.

Քու Եկեղեցւոյդ խաչը, որ հաւատարիմ Քու Աւետարանիդ, կը դժուարի Քու սէրդ տարածել, նոյնիսկ մկրտեալներուն միջեւ.

Խաչը Եկեղեցւոյ, Քու հարսդ, որ յաճախ ներխուժումի թիրախ է դուրսէն եւ ներսէն.

Մեր հասարակաց տան խաչը, որ լրջօրէն կը թառամի, մեր ագահութենէն ու իշխանութիւնէն կուրցած անձնասէր աչքերուն առջեւ.

Տէր Յիսուս, մեր մէջ վերակենդանացուր յարութեան եւ Քու՝  չարին ու մահուան վրայ վերջնական յաղթանակին յոյսը։ Ամէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/04/2019, 22:15