Ճանապարհ Խաչի Ճանապարհ Խաչի 

Ճանապարհ Խաչի 2019-ի խորհրդածութիւնները պիտի պատրաստէ Քոյր Էուճենիա Պոնեթթին։

Վերոնշեալ ընկերակցութիւնը «Այլեւս ոչ երբեք ստրուկներ» ընկերակցութիւնը ծնունդ առած է 2012-ի դեկտեմբեր 29-ին

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի ժամանակաւոր տնօրէն՝ Տիար Ալեսսանտրօ Ճիզոթթի, յայտարաեց թէ Աւագ Ուրբաթ օրուայ Քոլլոսէումի մէջ կայանալիք ճանապարհ խաչի բարեպաշտական արարողութեան խորհրդածութիւնները այս տարի յանձնուած են «“Slaves no more” ընկերակցութեան նախագահ՝ Քոյր Էուճենիա Պոնեթիի։

Վերոնշեալ ընկերակցութիւնը «Այլեւս ոչ երբեք ստրուկներ» ընկերակցութիւնը ծնունդ առած է 2012-ի դեկտեմբեր 29-ին,  մարդավաճառութեան դէմ պայքար մղող ու այդ ոճիրին զոհերուն օգնութիւն մատուցող կրօնաւորներու եւ աշխարհականներու խումբի մը նախաձեռնութեամբ։ Անոր նախագահն է Քոյր Էուճենիա Պոնեթթի որ 20 տարիէ ի վեր կը զբաղի հազարաւոր երիտասարդուհիներ  ու յատկապէս  ներգաղթներ ներգրաւող երեւոյթով։

“Slaves no more” ընկերակցութիւնը  կը հետապնդէ ընկերային, մարդկային, քաղաքացիական մշակութային ու միջ մշակութային  խթանումի նպատակներ ի նպաստ կիներու եւ անչափահասներու՝ որոնք կը գտնուին դժուարութեան ու դիւրաբեկ իրավիճակի մէջ ու կամ զոհ են բռնութիւններու ու ստրկութեան նոր երեւոյթներուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/04/2019, 15:00