Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը. «Որպէս և մեք թողումք մերոց պարտապանաց»։

Բարի Աստուածը մեզ կը հրաւիրէ մեր կարգին ըլլալու բարի, Իրեն նման։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 24 ապրիլ 2019-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ գլխաւորած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին շարունակելով Հայր մեր աղօթքի մասին իր խորհրդածութիւնները խօսքը կեդրոնացուց  «Որպէս և մեք թողումք մերոց պարտապանաց - Ինչպէս մենք կներենք մեր պարտապաններուն» Հայր մեր աղօթքի մէջ պարունակուած խօսքին վրայ։

Ներշնչուելով Մատթէոս Աւետարանիչի ութերորդ գլուխէն քաղուած Յիսուսին Սուրբ Պետրոսի տուած պատասխանեն թէ հարկաւոր է «եղբայրը ներել ոչ թէ եօթը անգամ այլ եօթանասուն անգամ եօթը», Սրբազան Պապը նկատել տուաւ թէ ինչպէս մենք ամէնքս պարտական ենք Աստուծոյ, որմէ ընդունեցանք ամէն ինչ, սկսեալ սեփական կեանքէն։

«Աստուած մեզ կը սիրէ անհուն սիրով, մեր իրեն վերապահած սէրէն շատ աւելիով։ Եւ նոյնիսկ երբ յանձնառու ենք ապրելու քրիստոնէական ուսուցումներու համաձայն, մեր կեանքին մէջ միշտ բացթողում մը կայ որուն համար պէտք է ներողութիւն հայցենք եւ ասոր համար է որ Հար մեր աղօթքին մէջ մենք կը խնդրենք. ներէ մեզի մեր պարտքերը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը եւ աւելցուց «Յիսուս սակայն այս խօսքին կը միացնէ երկրորդ արտայայտութիւն մը՝ որ մէկ կը դառնայ առաջինին հետ «ինչպէս մենք կը ներենք մեր պարտապաններուն»։

«Աստուծոյ բարութեան յարաբերութիւնը կոչուած է թարգմանուելու նոր յարաբերութեան, զոր մենք կ՛ապրինք մեր եղբայրներուն հետ» ըսաւ Սրբազան Պապը։ Բարի Աստուածը մեզ կը հրաւիրէ մեր կարգին ըլլալու բարի, Իրեն նման։ «Աւետարաններու մէջ ոչ մի բան մեզի մտածել կու տայ թէ Աստուած պիտի չի ներէ մեղքերը անոր որ զղջացած սրտով իրեն կը վերադառնայ ու կը խնդրէ դարձեալ ողջագուրուիլ» ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տալով որ ամէն մէկ քրիստոնեայ լաւապէս գիտէ թէ իրեն համար ներումը միշտ տրամադրելի է եւ երբ Յիսուս Աստուծոյ դիմագիծը կը ներկայացնէ զայն կ՛որակէ որպէս քնքուշ եւ  ողորմած, հաստատելով թէ աւելի մեծ ուրախութիւն կայ երկնքի մէջ զղջացած մեղաւորի մը դարձին համար քան արդարներու հոյլի մը համար որ ապաշխարութեան կարիքը չունին։ Բայց եւ այնպէս Աստուծոյ  շնորհքը պահանջկոտ է։  Ան որ զայն ընդունած է պէտք է սորվի նոյնը կատարել։ Սէրը սէր կ՛արտադրէ, ներումն ալ ներում ըսաւ Սրբազան Պապը մէջբերելով Յիսուսին սոյն խօսքերը «Եթէ դուք ներէք ուրիշներուն յանցանքները ձեր Երկնաւոր Հայրն ալ պիտի ներէ ձեզի» ։

Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց ապա այն ծառայի առակին որ պարտական էր թագաւորին ու այս վերջինս անոր կը ներէ բոլոր պարտքերը սակայն անիրաւ ծառան հազիւ ներումը ընդունած՝ իր պարտապաններուն մօտ կ՛երթայ ու անոնցմէ կը պահանջէ որ անմիջապէս իրեն վերադարձնեն պարտքերը։ Ի տես այս իրողութեան տէրը զինք կը կանչէ ու կը դատապարտէ, որովհետեւ չէր գիտցած ներել։

Յիսուս մարդկային յարաբերութիւններուն մէջ կը ներմուծէ ներումի զօրութիւնը։ Կեանքի մէջ ամէն բան կարելի չէ լուծել արդարադատութեամբ։ Յատկապէս երբ պէտք է չարին դիմաց արգելք դնել հարկաւոր է որ մէկը սիրէ պահանջուածէն աւելի, վերսկսելու համար շնորհքի պատմութիւն մը։ Չարը կ՛ընդհատուի սիրով։

Յիսուս վրէժխնդրութեան օրէնքը կը փոխարինէ սիրոյ օրէնքով «Այն ինչ որ Աստուած ըրաւ ինծի նոյնը կ՛ընեմ քեզի»։

Աստուած ամէն մէկ քրիստոնեայի կը պարգեւէ շնորհքը՝ գրելու իր եղբայրներու կեանքին մէջ բարութեան պատմութիւնը, յատկապէս անոնց որոնք սխալ գործած են։  Մէկ խօսքով՝ մենք կարող ենք ուրիշներուն պարգեւել այն ամենէ արժէքաւոր բանը որ ընդունեցանք. Ներումը ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ աւարտելով խորհրդածութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/04/2019, 09:53