Հրապարակային ունկնդրութիւն Հրապարակային ունկնդրութիւն 

Մարոքի առաքելական ճամբորդութիւնը առանցքը կազմեց հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութեան։

Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատեց թէ վախ պէտք չէ ունենանք եղբայրութեան կամուրջներ կառուցելու եւ իսլամներու հետ երկխօսութիւն հաստատելու։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 3 ապրիլ 2019-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ գլխաւորած ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց անցեալ 30 եւ 31 մարտին Մարոք կատարած առաքելական ճամբորդութեան, որուն սկիզբը նորոգեց իր շնորհակալութիւնները Մարոքի թագաւորին ու իշխանութիւններուն, իրեն վերապահած  ջերմ ընդունելութեան համար։

Ունկնդրէ լուրը

Յատկապէս գոհութիւն կը մատուցեմ Տիրոջ որ ինծի թոյլ տուաւ այլ քայլ մը կատարելու երկխօսութեան ու իսլամ եղբայրներու եւ քոյրերու հետ հանդիպումին ի նպաստ եւ ըլլալու  - ինչպէս կը հնչէր ճամբորդութեան կարգախօսը – այսօրուան աշխարհի մէջ յոյսի ծառայ։

Իմ ուխտագնացութիւնս հետեւեցաւ երկու սուրբերու հետքերուն. Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացին եւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ։ 800 տարիներ առաջ Սուրբ Ֆրանչիսկոս խաղաղութեան եւ եղբայրութեան պատգամը տարաւ Ալ Մալիք Ալ Քամիլ Սուլթանին,  իսկ 1985-ին Վոյթիլա Քահանայապետը պատմական այցելութիւն տուաւ Մարոք, Վատիկանի մէջ ընդունելէ ետք Իսլամ առաջին Պետական Ղեկաւար՝  Հասսան Բ  թագաւորը։

Ֆրանչիսկոս Պապ  հաստատեց թէ վախ պէտք չէ ունենանք եղբայրութեան կամուրջներ կառուցելու եւ իսլամներու հետ երկխօսութիւն հաստատելու։

«Ծառայել Յոյսին մեր այս ժամանակաշրջանի ընթացքին կը նշանակէ նախ եւ առաջ քաղաքակրթութեան կամուրջներ կառուցել եւ ինծի համար ուրախութիւն ու պատիւ եղաւ այս մէկը ընել Մարոքի ազնուական Թագաւորութեան հետ, հանդիպելով անոր ժողովուրդին ու անոր կառավարիչներուն» ըսաւ Սրբազան Պապը հուսկ մատնանշեց Մարոքի ճամբորդութեան ընթացքին ունեցած հանդիպումներուն եւ ուղղած պատգամներուն,  որոնց շարքին ընդգծեց կրօններու հիմնական դերը՝ մարդկային արժանապատուութեան, խաղաղութեան եւ արդարութեան խթանումին, ինչպէս նեաւ արարչութեան ու մեր հասարակաց տան պաշտպանութեան ծիրէն ներս, «որուն հեռանկարով ստորագրեցինք Երուսաղէմի ի նպատս կոչը, որպէսզի Սուրբ Քաղաքը շարունակուի պահպանուիլ որպէս մարդութեան ժառանգութիւն եւ վայր խաղաղ հանդիպումի, յատկապէս երեք միաստուածեան կրօններու հաւատացեալներուն համար» ըսաւ Նորին Սրբութիւն ակնարկելով նաեւ Իմամներու կազմաւորումի կեդրոնին տուած այցելութեան ու մատնանշելով որ այդ կեդրոնը կը մերժէ բռնութիւնն ու ծայրայեղականութիւնը ու կը խթանէ կրօններու նկատմամբ յարգանք։

Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատեց ապա թէ գաղթականութեան հարցին յատուկ ուշադրութիւն յատկացուց, յատկապէս երբ անոնց հետ հանդիպեցաւ եւ այս ծիրն ներս մատնանշեց անցեալ  դեկտեմբերին Մարաքէշի մէջ ապահով, կարգաւորուած եւ անվտանգ գաղթականութեան ի նպաստ համաշխարհային համաձայնագիրի ստորագրութեան, զայն նկատելով կարեւոր մէկ քայլ ու այդ ուղղութեամբ վստահեցնելով Սուրբ Աթոռի թիկունքն ու յանձնառութիւնը, որ համառօտուած է չորս բայերու մէջ. ընկալել. պաշտպանել, խթանել եւ ընդելուզել»  յարեց Նորին Սրբութիւնը հաստատելով նաեւ որ Մարոքի մէջ եւս Եկեղեցին թիկունք կը կանգնի եւ մօտիկ է գաղթականներուն, այս ուղղութեամբ բացատրելով որ իրեն համար գաղթական բառը բաւարար չէ,  պէտք է ըսել գաղթական անհատներ, որովհետեւ  պէտք է կարեւորել անհատը՝ անձը։

Նորին Սրբութիւն ակնարկեց ապա Կիրակի օրուայ իր օրակարգին, «Ընկերային Ծառայութիւններու» կեդրոնին տուած այցելութեան, կրօնաւորներուն հետ ունեցած հանդիպումին,«որոնց յիշեցուցի՝ աղի, լոյսի եւ թթխմորի աւետարանական պատկերները» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ապա մատնանշեց ճամբորդութեան եզրափակիչ պատարագին որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 60 ազգութիւններու պատկան հազարաւոր քրիստոնեայ հաւատացեալներ։

«Տիրոջ յատուկ յայտնութիւն մը Իսլամական քաղաքի սրտին մէջ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը նշելով որ այդ արարողութեան ընթացքին Անառակ Որդիին առակը  ցոլացուց Աստուծոյ մեզի վերապահած ծրագիրը՝ այն է որ իր բոլոր զաւակները մաս կազմեն ներումի եւ հաշտութեան տօնակատարութեան, որուն կարող են մասնակցիլ անոնք  որոնք իրենք զիրենք կարիքաւոր կը ճանչնան Հօր Աստուծոյ ողորմութեան,  «որովհետեւ, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, միայն այն որ վերածնած է եւ կ՛ապրի այդ Հօր ողջագուրումը կարող է այս աշխարհին մէջ ըլլալ յոյսի ծառայ ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/04/2019, 10:07