Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Վասն խաղաղութեան եւ զարգացումի Մարզանքի միջազգային Զ օրուան Քահանայապետի կոչը

Մարզանքը տիեզերական լեզու մըն է որ կ՛ողջագուրէ բոլոր ազգերը եւ կը սատարէ յաղթահարելու համար հակամարտութիւնները եւ միացնելու մարդիկը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

3 ապրիլ 2019-ի առաւօտեան, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ գլխաւորած հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ՝ այսօր նշուող ՄԱԿ-ի կողմէ հաստատուած խաղաղութեան եւ զարգացումի ի նպաստ Մարզանքի միջազգային  օրուան առթիւ կոչ մը ուղղեց որուն մէջ հաստատեց թէ Մարզանքը տիեզերական լեզու մըն է որ կ՛ողջագուրէ բոլոր ազգերը եւ կը սատարէ յաղթահարելու համար հակամարտութիւնները եւ միացնելու մարդիկը։

Ունկնդրէ լուրը

«Մարզանքը  ուրախութեան եւ մեծ  յուզմունքի զգացումներու աղբիւր է, եւ է նաեւ դպրոց՝ ուր կը կերտուին առաքինութիւններ, մարդոց եւ հասարակութիւններու մարդկային եւ ընկերային աճումին համար։ Բոլորին կը մաղթեմ որ «խաղի մէջ դնեն իրենց զիրենք» ըլլայ կեանքի, ըլլայ մարզանքի մէջ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ, հուսկ խօսքը ուղղեց երիտասարդներուն, տարեցներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակներուն։

«Թող որ Քառասնորդացը զոր կ՛ապրինք՝ խրախուսէ մերձեցումը Աստուծոյ հետ։ Արժէքաւոր ժամանակ է վերագտնելու համար հաւատքի կարեւորութիւնը առօրեայի մէջ, որ ապրուած ողորմութեան ներգործութիւններով. մեր մէջ կը վերարծարծէ Հօր սէրը ու մեզ աւելի գիտակից կը դարձնէ կարիքաւորներու  պահաջներուն»  ըսաւ նորին Սրբիութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/04/2019, 10:21