Ֆրանչիսկոս Պապն ու Հռոմի Րաբունապետը Ֆրանչիսկոս Պապն ու Հռոմի Րաբունապետը 

Ֆրանչիսկոս Պապին ու Հռոմի Րաբունապետին շնորհաւորանքներու փոխանակում:

«Ողորմութեան Աստուած ձեզի ընկերանայ իր օրհնութեամբ ու ձեզի շնորհէ խաղաղութիւն եւ համախոհութիւն»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հրէաներու «Փեսախի» տօնին առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապ բարեմաղթական պատգամ ուղղեց Հռոմի Ռաբբունապետ՝ Ռիքարտօ Տի Սենյիի որ ի կարգին Նորին Սրբութեան ուղղեց Սուրբ Զատկուայ տօնի մաղթանքները։

«Ողորմութեան Աստուած ձեզի ընկերանայ իր օրհնութեամբ ու ձեզի շնորհէ խաղաղութիւն եւ  համախոհութիւն» այս խօսքերով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր բարի մաղթանքները արտայայտեց Ռիքարտօ Տի Սենյիին, մատնանշելով նաեւ բարեկամական կապերուն ու ընկերութեան կարիքաւորներու ի նպաստ յանձնառումին։ Սրբազան Քահանայապետը պատգամը աւարտեց խնդրելով որ շարունակեն իրեն համար աղօթքները։

Իր կարգին Տի Սենյի Քահանայապետին ուղարկած մաղթական գրութեան մէջ կը փոխարինէ ուրախութեան, անդորրութեան եւ առողջութեան, շահաւէտ բարեկամութեան եւ համագործակցութեան կապերու մաղթանքները մաղթելով որ Քահանայապետին բարիին ի նպաստ աղօթքները լսելի ըլլան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/04/2019, 13:11