Որոնել

Սուրբ Զատկուայ պատարագ Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ Սուրբ Զատկուայ պատարագ Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ 

Ֆրանչիսկոս Պապին առաքելական պատգամի աւարտին ուղղած ողջոյնի խօսքը

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց թէ 70 տարիներ առաջ, 1949-ի Զատիկին, այլ Քահանայապետ մը առաջին անգամն ըլլալով ելոյթ կ՛ունենար հեռուստակայանէն։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Ուպրի էթ Օրպի» առաքելական պատգամի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ ողջոյնի խօսք ուղղեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալներուն  ու տարբեր երկիներէ հաղորդամիջոցներու միջոցաւ արարողութեան հետեւողներուն, բոլորին նորոգելով Բարի Սուրբ Զատիկի իր մաղթանքները։

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա յատուկէն ուզեց նշել թէ ճիշդ 70 տարիներ առաջ, 1949-ի Զատիկին, այլ Քահանայապետ մը առաջին անգամն ըլլալով ելոյթ կ՛ունենար հեռուստակայանէն։ Երանաշնորհ Պիոս ԺԲ քահանայապետը Ֆրանսական հեռուստակայանի մը հետ զրոյցի ընթացքին կ՛ընդգծէր թէ ինչպէս Պետրոսի յաջորդներուն ու հաւատացեալներուն հայեացքները կարող էին իրարու հանդիպիլ այդ հաղորդամիջոցի միջոցաւ։

«Այս տարեդարձը, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, առիթ կ՛ընծայէ ինծի քաջալերելու քրիստոնեայ հասարակութիւնները, որպէսզի օգտագործեն արհեստագիտութեան  իրենց տրամադրութեան տակ դրած  բոլոր միջոցները՝ հռչակելու համար Քրիստոսի Յարութեան աւետիսը»։

«Լուսաւորուած Զատկուայ լոյսէն, Յարուցեալ Քրիստոսի բոյրը տանինք առանձնութեան, թշուառութեան եւ տառապանքի մէջ ապրող մեր բազմաթիւ եղբայրներուն, տապալելով անտարբերութեան քարը» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը ու յիշեց թէ «Այս հրապարակի վրայ Յարութեան ուրախութիւնը խորհրդանշուած է ծաղիկներով, որոնք այս տարի եւս կու գան Հոլանտայէն, մինչ Սուրբ Պետրոս Պաիզլիքաի ծաղիկները նուէրն են Սլովենիայի։  «Յատուկ շնորհակալութիւն այս նուիրատուներուն» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ հրաժեշտ առաւ բոլորէն ինչպէս միշտ խնդրելով  որ չի մոռնան  աղօթելու իրեն համար ու դարձեալ շնորհաւորեց Սուրբ Զատիկը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/04/2019, 13:05