Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ դարձեալ հոգեւոր մօտիկութիւն արտայայտեց Սրի Լանքայի բնակչութեան։

«Մաղթանքս է նաեւ որ բոլորը դատապարտեն այս տմարդկային ահաբեկչական արարքները, որ երբեք կարելի չէ արդարացնել»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 22 ապրիլ 2019-ի կէսօրին, Լատինաց մօտ «Հրեշտակի երկուշաբթի» օրուայ առթիւ, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը ողջունելով Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած  հաւատացեալները, ուզեց անգամ մը եւս իր Հոգեւոր ու հայրական  մօտիկութիւնը արտայայտել Սրի Լանքայի ժողովուրդին։

Ունկնդրէ լուրը

«Մօտիկ եմ իմ սիրելի եղբօր Կարդինալ Մալքոլմ Ռանժիտ Փաթապետինկէ Տոնին եւ համայն Քոլոմպոյի արքեպիսկոպոսական եկեղեցւոյ», ըսաւ Սրբազան Պապը իր աղօթքները ապահովեցնելով բազմաթիւ զոհերուն եւ վիրաւորներուն։ Ան ապա կոչ ուղղեց բոլորին անյապաղ սատարելու այդ սիրելի ազգին օգնութեան։

«Մաղթանքս է նաեւ որ բոլորը դատապարտեն այս տմարդկային ահաբեկչական արարքները,  որ երբեք կարելի չէ արդարացնել» յարեց ապա Սրբազան Պապը ու հաւատացեալները հրաւիրեց միասնաբար աղօթել«Ողջոյն քեզ Մարեամ» աղօթքը։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ ողջունեց տարբեր վայրերէ  հրապարակ ժամանած խումբերը բոլորը հրաւիրելով ըլլալ՝ Յարուցեալ Տիրոջ ուրախութեան եւ խաղաղութեան վկաները։

Շնորհաւոր Սուրբ Զատիկ բոլորիդ եւ բարեհաճեցէք չի մոռնալ աղօթելու ինծի համար ըսաւ Քահանայապետը աւարտելով  Մարեմեան Աղօթքը։  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/04/2019, 08:00