Որոնել

Քամերինօ քաղաքի համալսարանական նոր համալիր Քամերինօ քաղաքի համալսարանական նոր համալիր 

Ֆրանչիսկոս Պապ յունիսին պիտի այցելէ Մարքէ մարզի թեմի երկրաշարժի գօտիները:

Սրբազան Հայրը պիտի հանդիպի երկրաշարժէն տուժուած ընտանիքներուն հետ, որոնք տակաւին կ՝ապրին շարժուն բնակարաններուն մէջ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Յառաջիկայ 16 յունիս 2019-ին, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պիտի այցելէ Իտալիոյ Մարքէ մարզի երկրաշարժի թիրախ դարձած Քամերինօ, Սան Սեվերինօ Մարքէ թեմը:
ֆրանչիսկոս Պապին սոյն միօրեայ այցելութեան օրակարգը կ՝ընդգրկէ, Քորթինէ շրջանի մէջ գտնուող շարժուն բնակարաններուն մէջ ապրող ընտանիքներուն հետ այցելութիւն ապա թեմին մայր տաճարը այցելելէ ետք պիտի հանդիպի Մարքէ մարզի թեմին պատկան քաղաքապետներու հետ, որմէ ետք սուրբ Պատարագ պիտի մատուցանէ եւ Մարեմեան աղօթքը պիտի արտասանէ Քավուր անուան հրապարակի վրայ:
Ֆրանչիսկոս Պապ օրուան ճաշը պիտի կիսէ Մարզէ մարզի թեմի կղերական դասին հետ, որմէ ետք ինքնաթիռով Վատիկան Վերադարձ կատարելէ առաջ Քամերինօ համալսարանի մարզադաշտին վրայ կը հանդիպի զինք դիմաւորող հաւատացեալներուն հետ:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/04/2019, 12:43