Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Թոկոյի հանրապետութեան նախագահը:

Հանդիպումները տեղի ունեցած են սիրալիր մթնոլորտի մէջ, որոնց ընթացին ի յայտ դրուած է Սուրբ Աթոռի եւ Թոկոյի միջեւ գոյացած բարի յարաբերութիւնները:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 29 ապրիլին, Վատիկանի Առաքելական պալատի իր գրասենեակին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Թոկոյի հանրապետութեան նախագահ, տիար Ֆոր Էսսոծիմնա Կնասսինկպէն:Նախագահը ապա հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ, ընկերակցութեամբ այլ պետութիւններու հետ յարաբերութեան բաժանմունքի քարտուղար գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալակերին:

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, թէ յիշեալ հանդիպումները տեղի ունեցած են սիրալիր մթնոլորտի մէջ որոնց ընթացին ի յայտ դրուած է Սուրբ Աթոռի եւ Թոկոյի միջեւ գոյացած բարի յարաբերութիւնները, ու անոնց աւելիով ամրագրելու հեռանկարները: Այս շրջագիծէն ներս քննարկուած է երկրի քաղաքական ներկայ իրավիճակը, նկատի առնելով կաթողիկէ եկեղեցւոյ նպաստը՝ Թոկոյի ժողովուրդի համապարփակ զարգացան ի խնդիր, յատուկէն դաստիարակչական, առողջապահական բնագաւառներէն ներս:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած , թէ հանդիպումի նիւթ եղած է նաեւ Արեւմտեան Ափրիկէի երկիրներու մէջ կարգ մարտահրաւէրներ, անհրաժեշտ նկատելով միասնական ջանքերը ՝ տարածաշրջանային , միջազգային մակարդակի վրայ, անվտանգութեան կայունութեան եւ խաղաղութեան ի նպաստ:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/04/2019, 13:28