ֆրանչիսկոս Պապ եւ Լաթվիոյ հանրապետութեան նախագահը ֆրանչիսկոս Պապ եւ Լաթվիոյ հանրապետութեան նախագահը 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Լաթվիոյ հանրապետութեան նախագահը:

Սիրալիր մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպումի ընթացքին գնահատուած է երկու պետութիւններուն միջեւ գոյացած բարի յարաբերութիւնները:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 25 ապրիլին, Վատիկանի առաքելական պալատին իր գրասենեակին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Լաթվիոյ հանրապետութեան նախագահ, վսեմաշուք Տիար Ռեմոնտ Վեժոնիսը: Նախագահը ապա հանդիպում ունեցած է Վատիկանի Պետական քարտուղար՝ կարդինալ Փեթրօ Փարոլինի հետ, ընկերակցութեամբ այլ պետութիւններուն հետ յարաբերութեան բաժանմունքի ենթաքարտուղար՝ գերապայծառ Անթուան Քամմիլերին:
Սուրբ Աթոռին մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ
Սիրալիր մթնոլորտին մէջ կայացած հանդիպումի ընթացքին գնահատուած է երկու պետութիւններուն միջեւ գոյացած բարի յարաբերութիւնները, յիշելով ֆրանչիսկոս Պապին 2018 թուականին ՝Լաթվիայ կատարած այցելութիւնը, երկրին անկախութեան հարիւր ամեակի առթիւ:

Ազգային գետնի վրայ քննարկումի նիւթ եղած է ընկերային եւ կրօնական այժմէական հարցեր: Իսկ միջազգային գետնի վրայ ընդհանուր ակնարկ կատարուած է տարածաշրջանի անվտանգութեան եւ խաղաղութեան հայող հարցերուն, ի մէջ այլոց Եւրոպայի ապագայի եւ բնապահպանութեան հայող նիւթերուն:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/04/2019, 14:13