Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհակալութիւն յայտնեց Տիրամօր Մարոք կատարած այցեութեան համար:

Նորին Սրբութեան հեռագիրները Մարոքի թագաւորին եւ Իտալիոյ նախագահին:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Կիրակի, 31 մարտին, աւարտելէ ետք Մարոք կատարած առաքելական ճամբորդութիւնը ֆրանչիսկոս Պապ սովորութեան համաձայն, երկուշաբթի 1 ապրիլ 2019-ին, այցելեց Հռոմի Մարիա Մաճորէ տաճար, շնորհակալութիւն յայտնելու Աստուածամօր, ճամբորդութեան յաջողութեան համար: Նորին Սրբութիւնը ինչպէս միշտ Տաճարին մէջ գտնուող «Սալուս Փոփուլի Ռոմանի» Տիրամօր սրբապատկերին առջեւ ամփոփուեցաւ ու խորանին վրայ զետեղեց փունջ մը ծաղիկ:

Մարոքէն դէպի Հռոմ թռիչքի ընթացքին յղած հեռագիրներուն մէջ Սրբազան Քահանայապետը Մարոքի հանրապետութեան նախագահ Մուհամմետ Զ ի-ին յղած գիրին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց թագաւորին, արքունական ընտանիքին, կառավարութեան եւ Մարոքի ժողովուրդին՝ սիրալիր եւ վեհանձն հիւրընկալութեան համար, հայցելով Աստուածային օրհնութիւնները Մարոքի համայն ժողովուրդին ու ապահովեցնելով իր աղօթքը Մարոքի բարգաւաճման եւ խաղաղութեան ի սպաս:
Իսկ՝ Իտալիոյ հանրապետութեան նախագահ, Տիար Սերճօ Մաթթարելլային յղած հեռագիրին մէջ Սրբազան Հայրը գրեց, թէ Մարոք կատարած հովուական այցելութեան ընթացքին կրցաւ հանդիպիլ Մարոքի ժողովուրդի տարբեր խաւերուն հետ եւ առիթ ունեցաւ արտայայտելու իր սիրալիր համակրանքը քրիստոնեայ հասարակութեան, յորդորելով անոնց շարունակելու իրենց հասարակաց յանձնառումը՝ համայն ընկերութեան բարօրութեան եւ խաղաղութեան ի խնդիր:

Ֆրանչիսկոս Պապ Իտալիոյ նախագահին յղած հեռագիրը աւարտած է փոխանցելով իր բարեմաղթանքի ողջոյնները ՝ նախագահին, Իտալիոյ ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ ապահովեցնելով իր աղօթքը առ Աստուած, որպէսզի Ամենակալը բոլորին ուժ եւ քաջութիւն ներշնչէ՝ ապագային յոյսով նայելու համար:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/04/2019, 11:50