Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին ողջոյնի խօսքը Ծիածան երգչախումբի անդամներուն:

Երգելը, մխիթարանք է, աջակցութիւն է, որ կը նպաստէ յառաջ ընթանալու եւ հանդուրժելու հիւանդութեան ծանրութիւնը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Պապ, չորեքշաբթի, 3 ապրիլին, նախ քան հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը , Վատիկանի «Պօղոս Զ փոքրիկ դահլիճ անուան սրահէն ներս ընդունեց եւ ողջոյնի յատուկ խօսք ուղղեց arcobaleno - ծիածան անուան երգչախումբի անդամներուն:

Ունկնդրէ լուրը

«Ընդհանուր ունկնդրութենէ առաջ, ուրախ եմ ձեզ ողջունելու եւ շնորհակալութիւն յայտնելու ձեր այցելութեան համար: Երբ, ձեր տան մէջ տեսայ , որ Ալզհայմըր հիւանդներ կը հիւրընկալէք եւ կայ «արքոպալենօ» երգչախումբ մը, Տիրոջ գոհութիւն յայտնեցի: Իրօք կը խորհիմ թէ ձեզի համար միասնաբար երգելը, մխիթարանք է, աջակցութիւն է, որ կը նպաստէ յառաջ ընթանալու եւ հանդուրժելու հիւանդութեան ծանրութիւնը: իրօք Կը խորհիմ, թէ մեր հասարակաց դիւրաբեկութիւնները միասնաբար համադրելու իրողութիւնը եւ զանոնք փոխադարձաբար ընդունիլը , ամենէն գեղեցիկ երգն է, Աստուծոյ ամենէն հաճելի ներդաշնակութիւնը, ոչ կատարեալներուն ծիրանի գօտի մը, այլ ան կատարեալներուն:
Իսկ երբ տեսայ, որ երգչախումբի ղեկավարը առանց ցպիկի եկած է , վերջը մտաբերեցի որ անոր ցպիկը քնքշութիւնն է: Շնորհակալ եմ պարոն տնօրէն. Որովհետեւ դուք քնքշութեան ճեսթերը, յառաջ տանելով մեզ բոլորս աւելի մարդկային կը դարձնէք: Եւ Ձեր քնքշութեամբ, բոլորին քնքշութեամբ, այսօր կատարեցինք չորրորդ պատուիրանը, որ է պատուել տարեցները որոնք մեր յիշողութիւնը են: Թերեւս անոնցմէ մի քանիներ իրենց յիշողութիւնը կորսնցուցած են- սակայն անոնք ժողովուրդի մը յիշողութեան խորհրդանիշը են: Անոնք ձեր հայրենիքին արմատները կը կազմեն ինչպէս նաե ձեր մարդկայնութեան: Անոնք արմատներ են, երիտասարդները հոն պէտք են երթալ, առնելու համար արմատներու հիւթ՝ քաղաքակրթութիւնը յառաջ տանելու ի սպաս: Շատ շատ շնորհակալ եմ: ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ ապա իր առաքելական օրհնութիւնները փոխանցելով բոլորին խնդրեց, որ չ մոռնան իրեն համար աղօթելու:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/04/2019, 10:28