Վատիկանի մէջ Ճրագալոյցի Սուրբ Պատարագ Վատիկանի մէջ Ճրագալոյցի Սուրբ Պատարագ 

Ֆրանչիսկոս Պապին Աւագ շաբաթ օրուան ճրագալոյցի Սուրբ Պատարագի քարոզը

Զատիկը, քարերը վերցնելու տօնն է: Աստուած ամենէն կարծր քարերը կը վերցնէ, յոյսերն ու սպասումները քայքայող քարերը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 20 ապրիլ, 2019-ին, երեկոյեան,  Ֆրանսչիսկոս Պապ նախագահեց Աւագ շաբաթ օրուան Յիսուսի Հրաշափառ Յարութեան ճրագալոյցի սուրբ Պատարագի արարողութեան: Այս առթիւ արտասանած քարոզին սկիզբը Սրբազան Հայրը ըսաւ. «Կիները իրենց հետ անուշահոտ տանելով գացին գերեզման, այն մտավախութեամբ, որ իրենց ուղեւորութիւնը անօգուտ ըլլար, որովհետեւ գերեզմանի դուռը խոշոր քարով մը փակուած  պիտի գտնէին»:

«Այդ կիներուն ուղեւորութիւնը, է նաեւ մեր ուղեւորութիւնը, որ կը կը նմանի Փրկութեան ուղեւորութեան . ուղեւորութիւն մը, որուն մէջ կարծես, թէ ամէն է ինչ կ՝ընթանայ, քարի մը դէմ բախուելու համար. արարչագործութեան գեղեցկութիւնը ՝մեղքի ողբերգութեան դէմ, մարգարէներուն խոստումները՝ ժողովուրդին տխուր անտարբերութեան դէմ:» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու աւելցուց «այսպէս է նաեւ եկեղեցւոյ պատմութեան, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր անձին պատմութեան մէջ՝ կարծես, թէ մեր կատարած քայլերը երբեք պիտի չհասնէին իրենց նպատակին», ըսաւ Ան դիտել տալով «այսօր կը բացայայտենք, թէ մեր ուղեւորութիւնը ապարդիւն չէ , մեր ուղեւորութիւնը պիտի չի բախի գերեզմանի քարին»: 

Զատիկը, քարերը վերցնելու տօնն է: Աստուած ամենէն կարծր քարերը կը վերցնէ՝ յոյսերն ու սպասումները քայքայող քարերը:

Մարդկային պատմութիւնը վերջ պիտի չգտնէ քարէ գերեզմանին դիմաց,  որովհետեւ այսօր կը բացայայտէ, կենդանի քարը՝ Յարուցեալ Յիսուսը: Մենք իբրեւ եկեղեցի հիմնուած ենք Անոր վրայ, նոյնիսկ երբ խռովուած վիճակի մէջ ենք: Ան կու գայ՝ մեզ եւ մեր յուսախաբութիւնները նորոգելու: Ամէնքս կանչուած ենք Կենդանարարին մէջ վերագտնելու՝ մեր սրտերուն ծանր քարերը վերցնողը : ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ ապա հրաւիրեց մենք մեզի հարց տալու, թէ որն է մեր մէջէն վերցնելիք ծանր քարերը եւ ինչպէս կը կոչուին անոնք:

Ան ապա թուեց կարգ մը ծանր քարեր, որոնց շարքին անվստահութեան քարը, այն ծանր քարը, որ մեզի մտածել կու տայ թէ չարը վախճան չունի , մահը աւիլի զօրեղ է քան կեանքը: Սա յոյսին գերեզմանն է  ,  ըսաւ ֆրանչիսկոս դիտել տալով, որ Տէրը չբնակիր յուսախաբութեան մէջ : Տէրը Յարութիւն առաւ. Տէրը՝ մահուան Տէրը չէ այլ կենդանիներու Տէրը եւ պէտք չէ որ յոյսը հողին տակ թաղուի:

Երկրորդ՝ մեղքին ծանր քարը: Մեղքը հմայիչ է: Մեղքը դիւրին եւ պատրաստ բաներ կը խոստանայ ինչպէս նաեւ հանգստաւէտութիւն եւ յաջողութիւն:  Սակայն մեղքը ներսդին մահ եւ առանձնութիւն կը թողու: Մեղքը,  մեռելներու մէջ կեանք փնտռել է , անցած բաներուն մէջ կեանքի իմաստը փնտռելն է : Ինչո՞ւ մեռելներու մէջ կը փնտռես Ան, որ կենդանի է, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա հրաւիրեց հրաժարիլ մեր սիրտերը փակ պահող, Աստուածային լոյսին արգելք հանդիսացող ծանր դուռը:

Ան դիտել տուաւ որ քանի անգամ մեր հետ նաեւ կը պատահի, որ կը նախընտրենք փակուիլ մեր սահմանափակումներուն եւ մտավախութիւններուն ներքեւ :

Յիսուս մեզ կը հրաւիրէ վերականգնելու եւ դէպի բարձունք սեւեռելու՝ հաւատալու համար,  թէ եղած ենք երկինքի համար եւ ոչ թէ հողին համար, եղած ենք կեանքի բարձունքներուն համար եւ ոչ թէ մահուան ստորոտին համար:

Յիսուս մասնագէտ է՝ մեր մեռելները կեանքի փոխակերպելու, մեր գանգատները ուրախութեան: Անոր հետ մենք եւս կրնանք կատարել Զատիկը, այսինքն անցքը՝ անմխիթարութենէ դէպի սփոփանք,  վախէն դէպի վստահութիւն:

Հաւատքը պէտք ունի Գալիլեա վերադառնալու,  վերակենդանացնելու համար Յիսուսի հետ առաջին սէրը:
Յիսուսը, անցեալին պատկանող անձնաւորութիւն մըն չէ : Ան՝ այսօր կենդանի է : Յիսուս չի ճանչցուիր պատմութեան գիրքերուն մէջ:- Անոր կը հանդիպինք կեանքի մէջ:

Կիները յիշելով Յիսուսը գերեզմանը թողուցին ու մեկնեցան։ Զատիկը մեզ կը սորվեցնէ, որ հաւատացեալը կանգ չ՝առներ գերեզմանի դիմաց, որովհետեւ  կանչուած է կենդանարարին հետ հանդիպելու:

Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց մենք մեզի հարց տալու, թէ որն է մեր կեանքին ուղղութիւնը, դիտել տալով, որ յաճախ մեր կեանքին մէջ ուղղուած ենք դէպի մեր հարցերը. որոնք երբեք չեն պակսիր։

Տիրոջ կը դիմենք,  լոկ մեզ օգնելու համար: Ուրեմն ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ մեր կարիքներն են , որոնք կողմնորոշել կու տան մեր կեանքի ուղղութիւնը, եւ ոչ թէ Յիսուսը: Սա կը նշանակէ, որ կենդանին՝ մեռելներուն մէջ կը փնտռենք :

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, մեր կեանքին մէջ կեդրոնական տեղ տանք կենդանարարին : Խնդրենք շնորհքը որպէսզի չփոխադրուինք հոսանքէն, հարցերու ծովէն , որպէսզի չկործանուինք մեղքի քարերէն եւ անվստահութեան եւ վախի ժայռերէն: Անոր հետ Յարութիւն պիտի առնենք:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/04/2019, 22:00