Փարիզի Նոթր Տամ մայր տաճարը Փարիզի Նոթր Տամ մայր տաճարը 

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Փարիզի Արքեպիսկոպոսին՝ Նոթր Տամ տաճարի հրդեհի տխուր առիթով:

Նոթր Տամը, հաւաքական յիշատակի ճարտարապետական ուրախութիւնն է, բազմաթիւ մեծ ձեռնակներուն հաւաքավայր մըն է եւ քաղաքին ծոցին՝ կաթողիկէներուն հաւատքի եւ աղօթքի վկայութեան վայր:

Փարիզի Նոթր Տամ մայր տաճարի հրդեհի կապակցութեամբ, երեքշաբթի, 16 ապրիլին, ֆրանչիսկոս Պապ պատգամ մը յղեց Փարիզի Թեմի արքեպիսկոպոս Գերապայծառ Միշել Օփեթիյին:

Պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը նշած է.

«Այս աղէտը լուրջ վնաս պատճառեց պատմական կառոյցին: Սակայն գիտակից եմ նաեւ որ անիկա մեծապէս ազդած է Փարիզեզեցիներուն եւ ֆրանսացիներուն սիրտերուն շատ սիրելլի, անոնց բազմազանութեան համոզմունքին ազգային խորհրդանիշին վրայ:
Որովհետեւ Նոթր Տամը , հաւաքական յիշատակի ճարտարապետական ուրախութիւնն է, բազմաթիւ մեծ ձեռնակներուն հաւաքավայր մըն է եւ քաղաքին ծոցին՝ կաթողիկէներուն հաւատքի եւ աղօթքի վկայութեան վայր է:
Ողջունելով հրշէջներուն աշխատանքն ու քաջութիւնը, որոնք միջամտեցին սափմնափակելու համար կրակի միջադէպը, մաղթանքս է , որ Նոթր Տամ տաճարը կրկին դառնայ՝ վերակառուցման աշխատանքներու եւ բոլորին ջանքերու շնորհիւ , քաղաքին կեդրոնին մէջ այդ գեղեցիկ գանձարանը, տաճարը կառուցողներուն հաւատքի նշանը, ձեր թեմին մայր տաճարը, փարիզի , ֆրանսայի եւ համայն մարդկութեան հոգեւոր եւ ճարտարապետական ժառանութիւնը:
Այս յոյսով սրտանց կը փոխանցեմ առաքելական օրհնութիւններս Ֆրանսային եպիսկոպոսներուն եւ ձեր թեմի բոլոր հաւատացեալներուն եւ Աստուծոյ օրհնութիւն կը հայցեմ Փարիզի եւ ամբողջ ֆրանսայի բնակչութեան համար:»
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/04/2019, 13:11