Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց սիրողական մարզանքի ազգային լիկայի հանդիպումի մասնակիցները:

Մարզանքը կ՝ենթադրէ, ոչ միայն թեքնիկական կարողութիւն այլ նաեւ համբերութիւն, պարտութիւններուն ընդունում, խմբային հոգին ինչպէս նաեւ ուրիշներու հետ գործակցելու պատրաստակամութիւն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 15 ապրիլ 2019-ին՝ կէսօրին, Վատիկանի Քլեմենթինա անուան դահլիճէն ներս ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց սիրողական մարզանքի, խաղերու, ազգային լիկայի կազմակերպած հանդիպումի, աւելի քան 120 մասնակիցները՝ լիկայի հիմնադրութեան 60 ամեակի առիթով:

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ արտասանած խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը գնահատեց ու բարձր արժեւորեց ազգային կազմակերպութեան երիտասարդներուն ուղղուած մարզական, կրթական աշխատանքները: Ան ապա անդրադառնալով ժամանակակից ընկերային ու մշակութային յարափոփոխ ու արագընթաց միջավայրին ու անոնցմէ յառաջացած մարտահրաւէրներուն նշեց թէ այդ մարտահրաւէրները մեծ ազդեցութիւն կը բանեցնեն իւրաքանչիւր անձին վրայ. մարտահրաւէրներ, որոնք վազքի կը մղեն՝ առանց կանգ առնելու եւ որոնց մէջ կան մակերեսային գոհունակութիւն, հոգիները դատարկ ձգող եւ յստակ հեռանկարէ զուրկ՝ վազքի մղող մարտահրաւէրներ:
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա յորդորեց կանգ առնել եւ յստակացնել այն կէտնպատակները, որոնք խրախուսիչ են ոտքի վերականգնելու եւ բան մը կատարելու՝ կոլ արձանագրելու համար աւելցնելով որ սա չի նշանակեր, թէ միշտ կարող ենք նուաճել, այլ կը նշանակէ յստակ գիտնալ դէպի ուր կ՝ընթանանք եւ մեր ուժերը դէպի ուր կ՝առաջնորդեն մեզ:

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդհանուր ակնարկ կատարեց մարզանքի մասին, նկատելով որ մարզանքը կ՝ենթադրէ, ոչ միայն թեքնիկական կարողութիւն այլ նաեւ համբերութիւն եւ պարտութիւններուն ընդունում, խմբային հոգին ինչպէս նաեւ ուրիշներու հետ համագործակցելու պատրաստակամութիւն, ձիրքեր որոնցմով օժտուած է զօրաւոր խաղցող մը:
Սրբազան Հայր նշեց թէ ազգային սիրողական խաղերու լիկային արժանիքները՝մարզական հաւատարմութիւնը, կանոններուն յարգանքը, կարեւոր ՝սակայն ոչ դիւրին առաջադրանքներ, են որոնց ի գործ դնելու համար կ՝ենթադրեն ներքին եւ հոգեւոր մարզութիւն՝Ֆիզիկական մարզութենէն զատ, որոհվետւ իւրաքանչիւր անձ, մարմինի եւ միտքի միութիւն մըն է՝ եւ ոչ մէկը ինքզինք հանգիստ կը զգայ երբ՝ ուրիշին կարիքները անտեսուած են: 

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա խրախուսեց մարզիկները, միշտ պահպանելու խաղալու ուրախութիւնը եւ զայն տարածել խաղի հանդիսատեսներու մէջ: Յորդորեց նաեւ տարածել զօրակցութեան հոգին, դիտել տալով որ ընկերային եւ մշակութային կեանքի խթանումը կը նշանակէ ձեռք տալ ինկողին, կաղ քալողին, եւ չարհամարհել պարտուող անձը՝ անոր հետ հաւասար վերաբերմունք ունենալով:

ֆրանչիսկոս Պապ մէջբերելով Յիսուսի այն խօսքը ուր կ՝ըսէ «վերջինները առաջինները պիտի ըլլան» դիտել տուաւ, որ Յիսուս չ՝ուզեր որ պարտուինք այլ կ՝ուզէ որ սիրենք եւ ամէն բան կատարենք՝ անձերուն եւ կացութիւններուն վրայ ունենալով բարի նայուածք:

Սրբազան Քահանայապետը  եզրափակեց իր խօսքը քաջալերելով, զարգացնել զօրակցական մտայնութիւնը՝ ի միտ ունենալով կեանքի իսկական նպատակններն ու «կոլերը»: Ան ապա փոխանցելով բոլորին իր առաքելական օրհնութիւնները, խնդրեց ինչպէս միշտ որ աղօթեն իրեն համար:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/04/2019, 13:00