Ֆրանչիսկոս Պապին ապրիլ ամսուան աղօթքի դիտաւորութեան լսատեսողական պատգամը։

Հակամարտութիւններէ քայքայուած տարածքներու մէջ բժիշկներուն, հիւանդապահներու ներկայութիւնը յոյսի նշան է:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 4 ապրիլին, լոյս տեսաւ ֆրանչիսկոս Պապին, ապրիլ ամսուան առաքելական աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզը:

Ունկնդրէ լուրը

Սրբազան Հայրը ապրիլ ամսուան ընթացքին կը խնդրէ որ աղօթենք այն բոլոր բժիշկներուն , հիւանդապահներուն համար, որոնք կը գործեն հակամարտութիւններէ տուժած շրջաններուն մէջ, որոնք իրենց սեփական կեանքը վտանգելով ուրիշներու կեանքը կը փրկեն:

Նորին Սրբութիւնը տեսերեզին մէջ կ՝ըսէ.

Բժիշկներուն, հիւանդապահներու ինչպէս նաեւ մնացած առողջապահական անձնակազմի ներկայութիւնը հակամարտութիւններէն քայքայուած տարածքներու մէջ յոյսի նշան է:
Անոնք իմաստուն, քաջ եւ բարի անձեր են, որոնք հետեւելով իրենց կոչումին կ՝աշխատին խիստ վտանգաւոր պայմաններուն մէջ:
Աղօթենք պատերազմներուն տարածքին մէջ ներկայ գտնուող բժիշկներուն եւ մարդասիրական անձնակազմի համար, որոնք իրենց սեփական կեանքը կը վտանգեն փրկելու համար ուրիշներունը:» 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/04/2019, 16:00