Ֆրանչիսկոս Պապ այցելեց Պենետիկտոս ԺԶ Վաստակաւոր Պապին:
Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր քահանայապետը դարձաւ 92 տարեկան:
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Երկուշաբթի, 15 ապրիլ յետմիջօրէին, աւագ երկուշաբթի օր, Ֆրանչիսկոս Պապ ժամանեց Վատիկանի պարտէզներուն մէջ գտնուող Մաթեր Էքլէզիէ անուան վանք, Սուրբ Զատկուայ բարեմաղթանքները յայտնելու համար՝ վաստակաւոր Պենետիկտոս ԺԶ Պապին : Հանդիպումը՝ ֆրանչիսկոս Պապին համար առիթ եղաւ նաեւ շնորհաւորելու Պենետիկտոս Պապին ծննդեան տարեդարձը ՛ որ այսօր կը դառնայ 92 տարեկան: Այս մասին յայտնեց Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի ժամանակաւոր տնօրէն Ալեսանտրօ Ճիզոթթին հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
16/04/2019, 08:21