Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը գերմանական հիմնարկի մը անդամներուն

Իսկական վերանորոգումը յառաջ կու գայ, լոկ Տիրոջ խօսքին անսալով:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 6 ապրիլ, 2019-ին, Վատիկանի «Պապերու դահլիճ» սրահէն ներս, ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց գերմանական :՝՝Missionzentrale der Franziskaner" հիմնարկի անդամները՝ հիմնարկին հիմնադրութեան 50 ամեակի առիթով:

Ունկնդրէ լուրը

Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներու իրենց տուած այցելութեան համար, գնահատեց եւ գեղեցիկ նկատեց, հիմնարկի՝ աշխարհական հաւատացեալներէ եւ կրօնական եղբայրներէ կազմուած հասարակութեան այն յանձնարարութիւնը, որ է խրախուսել բարի կամք ունեցող մարդոց, աշխարհի մէջ գտնուող կարիքաւորներուն եւ ընկերութեան եզրին գտնուող անհատներուն օգնութեան հասնելու համար՝ շնորհելու համար բոլորին լաւագոյն ապագայ մը:» ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով այսպէս կատարելով միշտ առ աւելի շօշափելի կերպով կ՝իրականացուի Յիսուսին խօսքը « ամէն անգամ որ նման բարիք մը ըրիք այս փոքրիկներուն մէկուն՝ որոնք իմ եղբայրներս են զային ինծի ըրիք » (Մատթ 25,40).
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ակնարկեց գերմանական հիմնարկին, Սուրբ ֆրանչիսկոս Ասիզացիին իբրեւ Սուրբ ունենալնուն տիպարին ՝ յարեց թէ Սուրբ ֆրանչիսկոսը, Յիսուսի խնդրանքին ընդառաջելով, աւետարանը հարազատօրէն ապրեցաւ, հակառակ այն ժամանակուան եկեղեցւոյ թերութիւններուն, աւեցնելով որ այսօր եւս երբեմն կը տառապինք եկեղեցւոյ սահմանափակումներուն պատճառաւ:
Նորին Սրբութիւն ապա ընգծեց թէ իսկական վերանորոգումը յառաջ կու գայ, լոկ Տիրոջ խօսքին անսալով ինչպէս նաեւ թոյլ տալով որ Տէրը մեզ կերպարանափոխէ, բարիք ընել շարունակելու համար:
Ան ապա ներկաներուն մաղթեց, որ իրենց կեանքի եւ հաւատքի վկայութեամբ ինչպէս նաեւ իրենց հիմնարկի միսիոներական նպաստով, դիմագրաւեն ժամանակից աշխարհի մարտահրաւէրները՝ բոլորին աւելի լաւ ապագայ ապահովուելու ի խնդիր:
Սրբազան Հայրը եզրափակեց իր խօսքը մաղթելով որ հիմնարկի հիմնադրութեան յոբելենական տօնակատարութիւնը, ֆրանչիսկեան յոյս եւ ուրախութիւն ներշնչէ ապա բոլորին համար հայցեց Ողորմած Աստուծոյ օրհնութիւնները:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/04/2019, 12:00