Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց Իտալիոյ մարզերու միութեան նախագահները

Արագընթաց դրական զարգացումին եւ բարգաւաճումին զուգահեռ, կարգ մը մարզերէն ներս կ՝աճին նաեւ անհաւասարութեան եւ մեկուսացումի երեւոյթներ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, շաբաթ, 27 ապրիլին, Վատիկանի մէջ ընդունեց Իտալիոյ մարզերու միութեան նախագահները :
Ողջունելով նախագահները Սրբազան Հայրը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահներուն՝ Առաքելական ողորմնաբաշխութեան շնորհած նպաստին համար, որ պիտի ծառայէ հոգալու համար աղքատներուն կարիքները:

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա այս առթիւ արտասանած խօսքին մէջ անդրադարձաւ զանազան մարզերէն ներս ժամանակակից գիտական եւ արհեստավարժ աշխարհի արագընթաց գործընթացին, դիտել տալով որ այդ արագընթաց դրական զարգացումին եւ բարգաւաճումին զուգահեռ, կարգ մը մարզերէն ներս կ՝աճին նաեւ անհաւասարութեան եւ մեկուսացումի երեւոյթներ, որոնց դիմագրաւելու համար յոյժ կարիքը կայ աջակցական եւ ուշիմ յանձնառութեան:

Ան ապա ընդհանուր ակնարկ կատարեց Իտալիոյ մարզերուն ստանձնած պարտականութիւններուն, որոնց շարքին պաշտպանել հողային տարածքները, խնամել փոքրիկ քաղաքները իրար միացնող ճամբաները , դպրոցները, ապահովել մարդոց անվտանգութիւնը եւ այլ ծառայութիւններ:

Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ որ յիշեալ պարտականութիւնները կանոնաւոր կերպով գործադրելու համար կ՝ենթադրեն ծրագրային կարողականութիւն, յարատեւ յանձնառում , եւ նիւթական տրամադրութիւն: Ան ապա այս շրջագիծէն ներս շեշտեց բնապահպանութեան գիտակցութեան զարգացումի եւ հասարակաց տան խնամքի կարեւորութիւնը, ընդգծելով նաեւ դպրոցներու, շէնքերուն, ճամբաներու վերանորոգումի աշխատանքներու կարեւորութիւնը քաղաքացիներուն կեանքի բարելաւման ի խնդիր:

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց իր խօսքը մաղթելով, որ մարզերու նախագահները, քաջութեամբ եւ վճռակամութեամբ շարունակեն իրենց աշխատանքները եւ այնպէս մը գործեն, որ իտալիոյ իւրաքանչիւր մարզ դառնայ մտածողութեան մղիչ ուժ ՝ կայուն զարգացման ի խնդիր: Ան ապա շնորհակալութիւն յայտնելով սոյն հանդիպումին համար, խնդրեց որ աղօթեն իրեն համար:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/04/2019, 13:00