Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը Աստուածաշունչի կաթողիկէ դաշնութեան անդամներուն:

«Աստուծոյ խօսքը կենդանի է , ան երբեք վախճան չ՝ունի եւ ոչ իսկ կը ծերանայ : Ան միշտ կայ:»

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 26 ապրիլին, ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի մէջ ընդունեց Սուրբ Գիրքի Կաթողիկէ դաշնութեան անդամները՝ դաշնութեան հիմնադրութեան 50 ամեակի առթիւ:

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ արտասանած ճառին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը կեդրոնացուց Աստուածաշունչի դաշնութեան հիմնադրութեան յոբելենական 50-րդ ամեակի առթիւ կազմակերպուած, համագումարին նիւթէն քաղուած երկու գլխաւոր բառերուն վրայ՝ Սուրբ Գիրք եւ կեանք:
Խօսելով Աստուածաշունչի մասին ֆրանչիսկոս Պապ ըսաւ «Աստուծոյ խօսքը կենդանի է , ան երբեք վախճան չ՝ունի եւ ոչ իսկ կը ծերանայ : Ան միշտ կայ: Անցողակի բաներուն դիմաց, Աստուծոյ խօսքը երիտասարդ կը մնայ եւ ան որ,  զայն կը կիրարկէ ՝ ներքին ծերութենէն զերծ կը մնայ: Սուրբ գիրքը կեանք է եւ կեանք կու տայ: Յոյժ կարեւոր է միշտ յիշել, թէ Սուրբ Հոգին կը սիրէ գործել Սուրբ գրութեան միջոցաւ: Արդարեւ Բանը, աշխարհին փոխանցող Աստուծոյ շունչն է , Տիրոջ ջերմութիւնն է՝ մեր սիրտերուն մէջ: ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տալով, որ ակադեմիական բոլոր վաստակները, հրապարակուած բոլոր հատորները , լոկ՝ Աստուծոյ խօսքի ծառայութեան ի սպաս եղած են,
Ան ապա Աստուծոյ խօսքը նմանեցնելով փայտին, նշեց թէ փայտը եղած է տաքնալու համար, փայտը սակայն ինքնիր մէջ ջերմութիւն չ՝արտադրեր եթէ չ՝այրի , այպէս է նաեւ բոլոր գլուխ գործոց ուսումնասիրութիւնները որոնք Սուրբ Հոգիին կարիքը ունին, որպէսզի Սուրբ Գիրքը մեր սիրտերուն մէջ կրակ առնէ ու կեանքի վերածուի:
Աստուածաշունչը, ուսումնասիրելիք Սուրբ գիրքերու գեղեցիկ հաւաքածոյ մը չէ: Աստուածաշունչը ՝ կեանքի խօսքն է զոր պէտք ենք մշակել: Յարուցեալին պարգեւն է, զոր մեզմէ կը խնդրէ, որ զայն ընկալենք ու տարածենք:
Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ շեշտը դնելով քարոզչութեան կարեւորութեան վրայ նկատել տուաւ որ քարոզել չնշանակեր հռետորութիւն ընել, ոչ իսկ մարդկային իմաստուն գիտելիքներ հաղորդել : Քարոզել կը նշանակէ բաժնեկցիլ Սուրբ Հոգիին, Աստուածային խօսքին հետ:
Ան ապա ընդգծեց թէ կարելիէ չէ զերծ մնալ Աստուծոյ խօսքէն՝ յաւիտենական կեանքի մինակ խօսքը, որուն ամէն օր կարիքը կը զգանք: Մաղթեց որ Աստուծոյ խօսքը, միշտ աւելիով, եկեղեցւոյ ամենօրեայ գործունէութեան սիրտը դառնայ , բաբախող սիրտը, որ կը կենդանացնէ Մարմնին անդամները:
Եկեղեցին, որ Աստուծոյ խօսքէն սնունդ կը ստանայ, կ՝ապրի Աստուծոյ խօսքը հռչակելու համար: Աստուածային խօսքը, որ Հայրէն կը բխի, եկեղեցին կը մղէ աշխարհի ամէն անկիւնները երթալու: Աստուծոյ խօսքը, գաղջ հանգստաւէտութիւններ չ՝ապահովուեր: Անիկա կրակ ու հով է, Հոգին է որ սիրտին կրակ կու տայ:
Աստուծաշունչ եւ կեանք: Յանձնառու ըլլանք, որպէսզի այս երկու բառերը իրար զիրար ողջագուրեն, եւ որպէսզի երբեք , մէկը միւսէն հեռու չմնան,  ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա խօսքը եզրափակեց քաջալերելով ներկաները աղօթելու եւ յանձնառու գտնուելու, որպէսզի Աստուածաշունչը գրադարաններուն մէջ չմնայ, այլ աշխարհի ուղիներուն վրայ վազէ եւ սպասէ հոն ուր՝ մարդիկ կ՝ապրին:

Ան Մաղթեց, որ բոլորը Աստուծոյ խօսքին բարի քարոզիչները դառնան, եւ քարոզեն, Սուրբ Պետրոսի, Յովհաննէսի եւ էմմաւուսի այն  միեւնոյն խանդավառութեամբ, որոնք վազեցին հանդիպելու եւ աւետելու Աստուծոյ կենդանի խօսքը: Ճառին աւարտին ֆրանչիսկոս Պապ տալով բոլորին իր առաքելական օրհնութիւնները խնդրեց, որ աղօթեն իրեն համար:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/04/2019, 13:16