Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց վարսայարդարներուն Սան «Մարթինօ Տէ Փոռես» ընկերակցութեան անդամները:

Սուրբ Մարթինօ Տէ Փոռես, սափրիչներուն պաշտպան սուրբն է, հռչակուած Պօղոս Զ Պապին կողմէ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ արտասանած ճառին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ողջունեց վարսայարդարներուն Հռոմ կատարած ուխտագնացութիւնը՝ առաքեալներու շիրիմները այցելելու եւ Սուբբ Պետրոսի յաջորդին հանդիպելու համար նշելով, թէ սոյն ուխտագնացութիւնը նշան է վարսայարդարներուն ընկերակցութեան ունեցած քրիստոնէական զօրաւոր հաւատքին:
Սրբազան Հայրը ապա անդրադարձաւ Փերուվիայցի Մարթին Տէ Փոռեսին մասին,  որուն անունը կը կրէ վարսայարդարներուն ընկերակցութիւնը:
«Սուրբ Մարթինը մաս կազմած է Տոմինիքեան հայրերու միաբնութեան: Ան հեզաբարոյ եւ եղբայրասէր կեանք ապրած է: Ինքզինք ամբողջութեամբ նուիրած է աղքատներուն,  նախ որպէս հիւանդապահ ապա որպէս սափրիչ:

1966-ին, Պօղոս Զ Պապը Սան Մարթին Տէ Փոռէսը, վարսայարդարներու պաշտպան սուրբ հռչակեց»: ըսաւ Ֆրանչիսկոս մաղթելով, որ Սուրբ Մարլթինը,  սափրիչներներուն  քաջալերանքի աղբիւր դառնայ,  իրենց արհեստը քրիստոնավայել կերպով կատարելու, իրենց յաճախորդներուն հետ ազնիւ կերպով եւ քաղաքավարութեամբ վերաբերելու, բարի խօսքեր փոխանցելով յաճախորդներուն՝ շատախօսութեան փորձութենէն հեռու մնալով: 

Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց որ սափրիչները իրենց աշխատանքը շիտակ կերպով գործեն ու նպաստեն ընկերութեան հասարակաց բարիքին: Այս մաղթանքով Ֆրանչիսկոս Պապ Սուրբ Հոգիին պարգեւները հայցեց, սափրիչներուն ընկերակցութեան մաս կազմող վարսայարդարներուն անոնց ընտանիքներու եւ համագործակիցներուն համար: Ան ապա խնդրելով որ աղօթեն իրեն համար փոխանցեց բոլորին իր առաքելական օրհնութիւնները:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/04/2019, 13:00