Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Իտալական մարմնի գործարաններու նուիրատուութեան ընկերակցութեան անդամները:

Մարմնի գործարաններու նուիրատուութիւնը եղբայրութեան նշանէ եւ Աստուծոյ պարգեւ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 13 ապրիլին, Վատիկանի մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց մարմնի գործարաններու, մաշկի եւ բջիջներուն նուիրատուութեան Իտալական ընկերակցութեան անդամները:

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ արտասանած ողջոյնի խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը գնահատեց ընկերակցութեան անդամները, որոնք առանց բան մը ակնկալելու կը վկայեն ու կը տարածեն նուիրատուութեան եւ բաժնեկցութեան արժանիքները:
Սրբազան Հայրը ապա նկատել տուաւ, որ նուիրատուութեան իմաստը՝ ըլլայ նուիրատուին ըլլայ ստացողին եւ ըլլայ ընկերութեան համար, չի սպառիր իր օգտագործութեան մէջ, որովհետեւ անիկա մարդկային խոր փորձարարութիւն է ՝ լի գորովով եւ եղբայրսիրութեամբ: ԸսաւՖրանչիսկոս Պապ աւեցնելով որ, նուիրատուութիւն կը նշանակէ մեր անձերէն անդին երթա, անհատական կարիքներէն անդին երթալ, վեհանձնութեամբ բացուելու աւելի ընդարձակ բարիքի մը համար: Այս հեռանկարով մարմինի գործարաններուն նուիրատուութիւնը, ոչ միայն ընկերային պատասխանատուութիւն նկատուած կ՝ըլլայ այլեւ տիեզերական եղբայրութեան արտայայտութիւն որ բոլոր մարդիկ ու կիներ իրարու կը կապէ:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա նշեց թէ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ վարդապետութիւնը կ՝ուսուցանէ, թէ յետ մահու մարմինի գործարարներուն նուիրատուութիւնը, ազնուական եւ արժանավայել արարք մը է եւ պէտք է խրախուսել որպէս առատաձեռն զօրակցութեան դրսեւորում:
Ան ապա մէջբերեց Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի «կեանքի Աւետարան» շրջաբերական թուղթէն հատուած մը, որուն մէջ Սուրբ Պապը կը գնահատէ մարմինի գործարաններուն նուիրատուութիւնը , երբ անիկա կը կատարուի բարոյական ընդունելի ձեւերով: ֆրանչիսկոս Պապ ապա կ՝ընդգծէ որ մարմինի գործարաններու նուիրատուութիւնը պէտք է անվճար ըլլայ դիտել տալով որ մարմնի գործարաններուն որեւէ տեսակ վաճառականութիւն հակառակ է մարդկային արժանապատուութեան, շեշտելով նաեւ, որ արեան եւ մարմնի գործարաններուն նուիրատուութիւնը պէտք է կատարուի բարոյական եւ կրօնական հեռանկարներու յարգանքով:

Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց որ հաւատացեալները պէտք են մարմնի գործարաններուն նուիրատուութիւնը ապրիլ իբրեւ Տիրոջ ընծայուած պարգեւ , կարեւոր նկատելով նուիրատուութեան մշակոյթի զարգացումը , ու դիտել տալով, որ մեր մահէն ետք կամ ալ մեր կեանքին ընթաքցին կարող ենք կեանք եւ առողջութիւն ընծայել հիւանդներուն, տառապելաներուն, այպէսով նպաստած կ՝ըլլանք յոյսի, կեանքի մշակոյթին :

Նորին Սրբութիւնը  եզրափակեց իր խօսքը քաջալերելով ընկերացկութեան անդամները շարունակելու իրենց ՝ կեանքի զարգացման իսպաս աշխատանքները, շնորհելով բոլորին իր առաքելական օրհնութիւնները:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/04/2019, 12:15