Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց գերմանիոյ դաշնութեան կաթողիկէ եւ աւետարանական լրագրողներուն պատուիրակութիւն մը:

Բանակցութենէն կը ծնի հասկացողութիւն եւ հորիզոններ կը բացուին: Հանդիպումները կը նպաստեն, ազատ եւ բաց տեղեկութիւններուն տեղ տալու եւ կարծիքներ փոխանակելու:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 4 ապրիլին, Վատիկանի «Պապերու դահլիճ» անուան սրահէն ներս ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Գերմանիոյ Դաշնութեան կաթողիկէ եւ աւետարանական լրագրողներուն պատուիրակութիւն մը:

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ ողջունելով պատուիրակութեան մաս կազմող Գերմանիոյ եպիսկոպոսներուն համահաւաք դասի, գերմանիոյ աւետարանական եկեղեցւոյ եւ հանրային հաղորդամիջոցներու ներկայացուցիչները, անոնց միջեւ հանդիպումը նկատեց, գերմանիոյ եկեղեցիներուն եւ հանրային Ռատիօ- հեռուստակայանի միջեւ կենդանի երկխօսութեան արտայայտութիւն:
Ան ապա նշեց, թէ բանակցութենէն կը ծնի հասկացողութիւն եւ հորիզոններ կը բացուին: Հանդիպումները կը նպաստեն, ազատ եւ բաց տեղեկութիւններուն տեղ տալու եւ կարծիքներ փոխանակելու, որոնք կը նպաստեն երկրին բոլոր այր մարդոց ու կիներուն, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա քաջալերելով լրագրողները, լուրերը յստակ եւ ճշգրիտ կերպով սփռելու, անդրադարձաւ ժամանակից աշխարհը յուզող հարցերուն. ինչպէս կեանքի իրաւունք մարտահրաւէրները . հեշտամահութեան արագ տարածումը, ընկերային հաւասարութեան մերժումը, մարդկային իրաւունքի եւ խիղճի ազատութեան խախտումները: ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տուաւ, որ հանրային լրատուամիջոցներուն պատասխանատուութիւնն է, մարդկային ազատութեան թանկարժէք բարիքը պաշտպանելը, եւ այս ծիրէն ներս եկեղեցւոյ զօրակցութիւն յայտնեց որուն յանձնուած է Քրիստոսի առաքելութիւնը: Յիսուս որ աշխարհ եկաւ որպէսզի բոլորը կեանք ունենան եւ առատութեամբ ունենան (Յովհ 10, 10)- ըսաս Սրչազան Հայրը :

Ան ապա շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, անոնց իբրեւ լրագրողներ կատարած աշխատանքներուն համար՝ մարդոց արժանվայել կեանք ապրելու ի սպաս: :Սրբազան Հայրը եզրափակեց իր խօսքը մաղթեց , որ լրագրողներուն մատուցած ծառայութիւններէն ներս չի պակսին պատմուելիք եւ յոյս սփռող բարի բաներն եւ բարի լուրերը : Ան ապա տալով բոլորին իր առաքելական օրհնութիւնները խնդրեց ներկաներէն որ չմոռնան իրեն համար աղօթելու:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/04/2019, 13:02