Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը իտալական խուլերու ընկերակցութիւններու դաշնութեան անդամներուն:

Աստուծոյ ներկայութիւնը չ՝ընկալուիր ականջներով այլ հաւատքով:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 25 ապրիլին, կէսօրին, Վատիկանի մէջ ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց Իտալական խուլերու ընկերակցութիւններուն դաշնութեան անդամները:
Այս առթիւ արտասանած ճառին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ նշեալ խուլերուն ընկերակցութիւններուն դաշնութեան վեհանձն ծառայութեան նշելով, որ այդ դաշնութիւնը տարիներուն հոլովոյթին, պայքարելով մնացորդացի մշակոյթին դէմ, նպաստած է յաւելեալ ներառական շրջանակներ ստեղծումին: Սա յոյժ կարեւոր գործունէութիւն է՝ խուլերուն որակաւոր կեանք ապահովուելու համար:

Ունկնդրէ լուրը

«Խուլ անձերը անխուսափելիօրէն՝ դիւրաբեկ պայմաններու մէջ կ՝ապրին, սա կեանքին մաս կը կազմէ եւ զայն կարելի է դրականօրէն ընդունիլ: Աակայն՝ ինչ որ լաւ բան չէ այն է,  որ խուլերը ինչպէս նաեւ տարբեր կարողութիւններով  օժտուած անձեր ու անոնց հարազատները յաճախ կ՝ապրին նախապաշարումի կացութիւններուն մէջ երբեմն ՝նոյնիսկ քրիստոնեայ հասարակութիւններէն ներս: ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ Ան ապա նկատել տուաւ, որ մշակութային եւ ընկերային բնագաւառներէն ներս խուլերը եւս եկեղեցւոյ համար մեծ պարգեւ մըն են. Սուրբ Մկրտութեան առաքինութեան ընկալումով, իւրաքանչիւր Աստուծոյ ժողովուրդի անդամ միսիոնարական առաքեալ մը կը դառնայ: Իւրաքանչիւր մկրտեալ, անկախ իր եկեղեցւոյ մէջ ունեցած կարգէն ու պաշտօնէն,  աւետարանումի գործօն ենթակայ մըն է:  ըսաւ Ան  ապա մատնանշելով , թէ Աստուծոյ ներկայութիւնը չ՝ընկալուիր ականջներով այլ հաւատքով, քաջալերեց վերակենդանացնելու հաւատքը՝ Աստուծոյ մօտիկութիւնը առաւել եւս զգալու համար, որուն ձայնը կ՝արձագանգէ իւրաքանչիւրին սիրտի ներքեւ: Այսպէսով, պիտի կարենաք օժանդակել բոլոր անոնց, որոնք չեն լսեր Աստուծոյ ձայնը՝ Անոր ձայնին ուշադիր գտնուելու, Սա նշանակալից նպաստ մըն է զոր խուլերը կրնան շնորհել եկեղեցւոյ կենսունակութեան,  ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ : Ան եզրափակեց իր խօսքը նշելով , որ ինք յաճախ կը մտածէ աշխարհի եւ Իտալիոյ մէջ գտնուող բազմաթիւն խուլերուն մասին, յատուկէն թշուառութեան եւ անտեսուած պայմաններուն մէջ ապրողներուն՝ ապահովեցնելով իր աղօթքը բոլորին:

Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց դաշնութեան հաճելի այցելութեան համար, քաջալերելով զանոնք ուրախութեամբ շարունակելու իրենց ուղեւորութիւնը եւ խնդրելով ինչպէս միշտ, որ աղօթեն իրեն համար:  Ան ապա բոլորին շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնները:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/04/2019, 13:00