Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը սպանական եկեղեցական հիմնարկի մը անդամներուն:

Եղբայրները քաջ գիտեն ինչպէս կենդանի պահել բարիքի մը որոնումը, ուր բացառուած չէ խաղաղութիւնն ու եղբայրներուն միջեւ ներդաշնակութիւնը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 12 ապրիլ 2019-ին, Վատիկանի Քլեմենթինա անուան դահլիճէն ներս Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը ընդունեց Սպանական Archiconfradia de la Virgen de la Cinta" di Tortosa հիմնարկի աւելի քան 60 անդամները՝ հիմնարկի հիմնադրութեան 400 ամեակի առիթով:
Այս առթիւ ներկայացուցած ողջոյնի խօսքին խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը նկատեց, թէ յիշեալ հիմնարկը իր հիմնադրութենէն ի վեր սերտօրէն կապուած է Սուրբ Պետրոսի յաջորդին ու հիմնարկի անդամներուն սոյն այցելութեամբ կ՝ամրապնդուի այդ սերտ հաղորդութիւնը:

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա խօսքը կեդրոնացուց եղբայրութեան իմաստին վրայ:
Եղբայրութիւն կը նշանակէ եղբայրներուն հաղորդութիւն: Եղբայրները իրարու միջեւ յաճախ կը վիճաբանին եւ բազմաթիւ իրողութիւններուն դէմ կը պայքարին: Սակայն եղբայրները քաջ գիտեն ինչպէս կենդանի պահել բարիքի մը որոնումը, որուն մէջ բացառուած չէ խաղաղութիւնն ու եղբայրներուն միջեւ ներդաշնակութիւնը:
Սրբազան Հայրը նկատել տուաւ, որ եղբայրսիրութիւնը, եղբայրները իրենց եպիսկոպոսին հետ իբրեւ եղբայրներ միացնող կապ մըն եւ եպիսկոպոսին միջոցաւ Պապին հետ, հարստացնող կարեւոր պարգեւ մըն է եւ կ՝ենթադրէ ընկերութեան մէջ զօրակցութեան թթխմորը ըլլալու առաքելութիւնը:

Նորին Սրբութիւն ապա յարեց , թէ ակնարկելով Տիրամօր տիպարին, բոլորս կանչուած են այս եղբայրութիւնը փոխանցելու ընկերութեան բոլոր ծագերուն : Եկեղեցական հաստատութիւններու թեմերուն մէջ եղբայրական սոյն հոգիի ապրումով , եկեղեցին նախ եւ առաջ բնակարան, հիւրընկալութեան եւ սիրոյ վայր կը դառնայ՝ յատուկէն աղքատներուն եւ մեկուսացեալներուն համար, ուր անոնք ինքզինքին անդամ կը զգան եւ ոչ թէ մերժուած կամ ալ մեկուսացուած անդամներ :
Այս եղբայրսիրութեան ապրելակերպը, յանձնառութիւն եւ զոհողութիւն ենթադրող ապրելակերպ մըն է, զոր կ՝արժէ ապրիլ, որովհետեւ նշան է բաժնուած ընկերութեան մը համար: ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ : Ան ապա եզրափակեց իր խօսքը քաջալերելով ներկաները շարունակելու աշխարհին նշան հանդիսանալ՝ Աստուծմէ եկած եղբայրութեան:

Շնորհելով բոլորին իր առաքելական օրհնութիւնները Սրբազան Հայրը , հայցեց Տիրամայրէն որ ընկերանայ ու զօրակցի հիմնարկի բոլոր անդամներում ու անոնց գործունէութեան: եւ ինչպէս միշտ խնդրելով որ աղօթեն իրեն համար:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/04/2019, 12:33