Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ Նոթր Տամ տաճարին հրդեհին համար իր վիշտն ու մօտիկութիւնը յայտնեց Ֆրանսացի ուխտաւորներուն:

Եկեղեցին երախտապարտ է բոլոր անոնք որոնք փութացին՝ տաճարը փրկելու համար, նոյնիսկ իրենց կեանքը վտանգելով:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, 17 ապրիլին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ շնորհած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին ֆրանչիսկոս Պապ ինչպէս միշտ ողջունելով հրապարակը գտնուող զանազան երկիրներէն ժամանած ուխտաւորները, ողջունեց ֆրանսախօս հաւատացեալները: Ողջոյնի խօսքին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ Փարիզի Աստուածամօր Նոթր Տամ տաճարին հրդեհին՝ իր մօտիկութիւնն ու գորովը յայտնելով Փարիզի թեմի հասարակութեան, բոլոր Փարիզիցիներուն եւ ֆրանսայի hամայն բնակչութեան:

«Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր շատ վշտացայ եւ ձեզի բոլորիդ մօտիկ կը զգամ: Բոլոր անոնք որոնք փութացին ՝ տաճարը փրկելու համար, նոյնիսկ իրենց կեանքը վտանգելով, անոնց բոլորին եկեղեցին երախտապարտ է:
Սուրբ Կոյս Մարիամը թող օրհնէ եւ զօրակցի վերակառուցման աշխատանքներուն, թող այդ աշխատանքները խմբային գործ ըլլայ ի Փառս Աստուծոյ :» Ըսաւ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ , Ան ապա , ողջունելէ ետք զանազան երկիրներէ ժամանող ուխտաւորները յատուկէն խօսք ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն, նորապսակներուն մէջ ըսաւ

«Վաղը սկիզբ կ՝առնէ Զատիկը կանխող չարչարանքի երրօրեան՝ յենակէտը ծիսական բոլոր տարուան :
Յիսուս Քրիստոսի Զատիկը ,թող ձեզի բոլորիդ խոկալ տայ Աստուծոյ ցոյց տուած, մեզի հանդէպ ունեցած սիրոյ մասին , թող Տէրը թոյլ տայ, որ իր Մահուան եւ Յարութեան խորհուին լիուլի մասնակցինք եւ ձեզ օգնէ,  Քրիստոսի զգացումները իւրացնելու եւ զանոնք կիսելու մերձաւորին հետ:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/04/2019, 10:27