Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Քահանայապետին 7 Ապրիլի Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը։

Քառասնորդացի այս շրջանին կանչուած ենք մենք մեզ ընկալելու որպէս մեղաւորներ ու հայցելու Աստուծոյ ներումը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան 

Կիրակի 7 ապրիլ 2019-ի կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատի իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու մասնակցութեամբ։

Ունկնդրէ լուրը

Աւանդութեան համաձայն նախ քան Մարեմեան Աղօթքը արտասանելը Սրբազան Քահանայապետը մեկնաբանեց Յովհաննէս Աւետարանիչէն քաղուած օրուան Աւետարանական հատուածը  ուր կը խօսուի շնութեան մէջ բռնուած կնոջ մասին։

«Քառասնորդացի այս հինգերորդ կիրակի օրուայ ծէսը մեզի կը ներկայացնէ շնացող կնոջ դէպքը ուր կը գտնենք երկու հակասական վերաբերմունքներ՝ մէկ կողմէն փարիսեցիներն  ու դպիրները, որոնք կ՛ուզեն կինը դատապարտել, իրենք զիրենք օրէնքի պաշտպաններ նկատելով եւ միւս կողմէն Յիսուսը՝ որ կ՛ուզէ փրկել կինը, որովհետեւ ինք կը մարմնաւորէ Աստուծոյ ողորմութիւնը, որ ներելով դարձի կը բերէ ու հաշտեցնելով կը նորոգէ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու ներկայացուց աւետարանական հատուածը.

«Երբ Յիսուս  կ՛ուսուցաներ տաճարին մէջ դպիրներն ու  Փարիսեցիները բերին անոր շնութեան մէջ բռնուած կին մը, եւ մէջտեղ կայնեցնելով զայն՝ ըսին իրեն. «Վարդապե՛տ, այս կինը շնութեան մէջ բռնուեցաւ՝ այս մեղքը գործած ատեն: Օրէնքին մէջ՝ Մովսէս պատուիրեց մեզի քարկոծել այսպիսիները. իսկ դո՛ւն ի՞նչ կ՚ըսես»: Ասիկա կ՚ըսէին՝ զայն փորձելու համար, որպէսզի առիթ ունենան զինք ամբաստանելու. բայց Յիսուս՝ վար ծռած՝ մատով կը գրէր գետինին վրայ: Յիսուս արդարեւ չէր եկած դատելու եւ դատապարտելու այլ փրկելու ու մարդոց նուիրելու նոր կեանք մը ըսաւ Նորին Սրբութիւնը եւ ասոր համար ան լուր կը մնայ ու երբ կը շարունակեն անոր հարցը ուղղել Ան վեր նայեցաւ եւ ըսաւ անոնց. «Ձեզմէ անմեղ եղողը՝ առաջ ի՛նք թող քար նետէ ատոր վրայ»: Այս խօսքերով Յիսուս կը հարցադրէ մարդոց խիղճերը, անոնց որոնք իրենք զիրենք կը համարէին  կատարեալ եւ արդարութեան պահապանները, եւ Յիսուս անոնց ուշադրութեան կը հրաւիրէ իրենց մեղաւոր վիճակը, եւ անոնք՝ լսելով այդ խօսքերը  ՝«կշտամբուելով իրենց խղճմտանքէն,՝ դուրս ելան մէկ առ մէկ, հրաժարելով կինը քարկոծելէն»։

«Այդ դրուագը մեզ կը հրաւիրէ ճանչնալու մեր մեղաւորի իրավիճակը ու վար առնելու մեր ձեռքերուն մէջ բռնած քարերը՝ զրպարտութեան եւ դատապարտութեան քարերը» յարեց Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով թէ ինչպէս  վերջաւորութեան Յիսուս մինակ մնաց կնոջ հետ, որ մէջտեղ կայնած էր. «միասին ողորմութիւնն ու թշուառութիւնը», ինչպէս կ՛ըսէ Սուրբ Օգոստինոսը, յարեց Նորին Սրբութիւնը, դիտել տալով որ Յիսուս միակ անմեղն է ու միակը որ կարող էր քարը նետել կնոջ վրայ, սակայն ան այդ մէկը չ՛ըրաւ, որովհետեւ Աստուած Մեղաւորին մահը չ՛ուզեր, այլ կ՛ուզէ որ ան դարձի գայ եւ ապրի։

Յիսուս առ այդ վեր նայելով ու կնոջմէն զատ ո՛չ մէկը տեսնելով՝ ըսաւ անոր. «Կի՛ն, ո՞ւր են անոնք՝ որ կ՚ամբաստանէին քեզ. ո՞չ մէկը դատապարտեց քեզ»: Ան ալ ըսաւ. «Ո՛չ մէկը, Տէ՛ր»: Յիսուս ըսաւ անոր. «Ե՛ս ալ չեմ դատապարտեր քեզ. գնա՛, եւ ասկէ ետք ա՛լ մի՛ մեղանչեր»:

Այս խօսքերով Տէրը անոր առջեւ կը բանայ նոր ճանապարհ մը, ողորմութեան ճանապարհը, որ կը պահանջէ յանձնառում՝ անգամ մը եւս չի մեղանչելու։

Այդ հրաւէրը ուղղուած է մեզմէ իւրաքանչիւրին։ Քառասնորդացի այս շրջանին կանչուած ենք մենք մեզ ընկալելու որպէս մեղաւորներ ու հայցելու Աստուծոյ ներումը։ Ու այդ ներումը մեզ կը հաշտեցնէ ու մեզի կը պարգեւէ խաղաղութիւն, մեզի առիթ տալով վերսկսելու նորոգուած պատմութիւն մը։

«Ամէն մէկ դարձ արդարեւ կը ձգտի նոր ապագայի մը, նոր կեանքի մը, գեղեցիկ, ազատ մեդքէն ու վեհանձն» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու խորհրդածութիւնը եզրափակեց հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամին բարեխօսութիւնը, որպէսզի մեզի օգնէ՝ բոլորին վկայելու Աստուծոյ ողորմած սէրը որ Յիսուսին մէջ մեզի կը ներէ ու նոր կը դարձնէ մեր գոյութիւնը, մեզի պարգեւելով միշտ նոր կարելիութիւններ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/04/2019, 12:07