Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ «Վիսքոնթի» վարժարանի աշակերտներուն «Մի բաւարարուիք միջակութեամբ»։

Վիսքոնթի վարժարանը Հռոմի հնագոյն բարձրագոյն վարժարանը կը համարուի

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան 

Շաբաթ 13 ապրիլ 2019-ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ի շարս պաշտօնական այլ հանդիպումներու Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ, «Ալոյիզեան» Յոբելենական տարւոյն առթիւ ունկնդրութիւն շնորհեց Հռոմի Վիսքոնթի բարձրագոյն վարժարանի 5000 աշակերտներուն։

Ունկնդրէ լուրը

Վիսքոնթի վարժարանը Հռոմի հնագոյն բարձրագոյն վարժարանը կը համարուի։ Ան հիմնադրուած է 1871 թուականին, Քահանայապետական Պետութեան անկումէն ետք, «Collegio Romano - Հռոմի Վարժարան»ի կեդրոնին մէջ որ հիմնուած է ԺԶ դարուն Յիսուսեան Միաբանութեան հիմնադիր Սուրբ Իգնատիոս Տէ Լոյոլայի կողմէ, որ շուտով դարձաւ Յիսուսեաններու կրթական ու մշակութային կեդրոն։

Ալոյիզեան Յոբելեանը նուիրուած է Սուրբ Լուիճի Կոնծակայի անոր ծննդեան 450 ամեակին որ եղած է եղբայրսիրութեան առաքեալ, երիտասարդներու  տիպար  ու աշակերտներու պաշտպան սուրբ։

Այս առթիւ ուղղած իր խօսքին մէջ Սրբազան Քահանայապետը ողջունեց ներկաները ու մատնանշեց Վարժարանի երբեմնի կարեւոր աշակերտներուն որոնց շարքին Պիոս ԺԲ Պապը, Տնտեսութեան Նոպէլեանի դափնեկիր Ֆրանքօ Մոտլիանին հաստատելով որ Հռոմի Վարժարանի դաստիարակչական պատմութիւնը կը շարունակուի ու  թէ այդ վարժարանը կազմեց հռչակաւոր անձանձրութիւնիններ որոնք ապա սատարեցին ընկերութեան աճումին ու խթանեցին հաւատքի եւ բանակութեան միջեւ կառուցողական երկխօսութիւնը։

Սրբազան Պապը մաղթանք  յայտնեց որ՝ սերունդներու մշակոյթը  ոգեւորող Աւետարանի արժէքները, շարունակեն այսօր եւս լուսաւորել խիղճերը, ընտանիքներն ու հասարակութիւնները,  ի նպաստ բարոյական արժէքներու յարգանքին ու մարդու բարիքին։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ ակնարկեց Վարժարանի նախկին ուսուցիչներուն որոնք շարքին նշեց յատկապէս Հայր Մաթթէսօ Ռիչչին, «որ հանդիսացաւ Չինաստանի եւ Արեւմուտքի միջեւ կամուրջ հաստատող առաջիններէն» ըսաւ Ան խրախուսելով աշակերտները յառաջ տանելու անոր առաքելութիւնը։

Դպրոցը բոլորին բարիքին կը ծառայէ ուր կը դաստիարակուի համարկումը, ուրիշի յարգանքն ու համագործակցութիւնը։ Ան աշխատանոց մըն է ուր կարեւոր դեր կը կատարէ նաեւ կրօնը որուն ծիրէն ներս Եկեղեցին յանձնառու է խթանելու եղբայրութեան համաշխարհային արժէքը որ կը հիմնուի ազատութեան, ճշմարտութեան փնտռտուքի ու արդարութեան եւ զօրակցութեան խթանումի վրայ։ «Առանց այս արժէքներուն կարելի չէ ձգտիլ խաղաղ համակեցութեան» ըսաւ Սրբազան Պապը ու գնահատեց այս ուղղութեամբ վարժարանի յանձնառումը։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ մատնանշեց Վարժարանի Սուրբ Իգնատիոս Լոյոլայի եկեղեցւոյն, ուր պահպանուած են Սուրբ Լուիճի Կոնծակայի աճիւնները ու խօսքը կեդրոնացուց Սուրբին օրինակելի կենցաղին վրայ։

«Ան եղաւ կարող «կարեւոր ընտրութիւններ կատարելու» իր կեանքին համար։ Այսօր ալ կարիքը կայ անոր նման երիտասարդներու որոնք կը գործեն հասարակաց բարիքը գերակայեալով անձնական շահերուն» ըսաւ Սրբազան Պապը թելադրելով այս ուղղութեամբ պատշաճ կազմաւորում ունենալ ու անվախ ընթանալ դէպի ապագայ։

Դուք ձեզ ազատեցէք «բջիջային հեռախօսի» ստրկութենէն ու ներ-հայեցողական պահեր պարեցէք, որովհետեւ միայն լռութեան մէջ կարելի է ունկնդրել խղճի ձայնը ու զայն զանազանել եսասիրութեան եւ հաճոյապաշտութեան ձայնէն։

Սուրբ Լուիճին ապա կարող էր սիրել ազատ սրտով յարեց Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով որ սիրելը,   սրտառուչ կապ մը չէ միայն, ան կ՛արտայայտուի նաեւ ուրիշի նկատմամբ զօրակցութեան մէջ ու կ՛ընթանայ պատերէն, տարբերութիւններէն ու պատնէշներէն անդին, ինչպէս էր պարագան Սուրբ  Լուիճիին, որ մեռաւ իր կեանքը մաշեցնելով ժանտախտի հիւանդներու ծառայութեամբ ու ընկերութենէն բացառուած անձերուն համար։

Սրբազան Քահանայապետը մէջբերեց հուսկ Գերապայծառ Թոնինօ Պեելյոյի մէկ խօսքը «այն որ չապրիր ծառայելու համար, չի ծառայեր կեանքին» ու խօսքին աւարտին հրաւիրեց աշակերտները դիմելու  մեծ երազներու  ու ցանկալու բոլորին համար աւելի լաւ աշխարհ մը։ Մի բաւարարուիք «միջակութեամբ» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը ու նշեց որ Ծաղկազարդի տօնով սկիզբ կ՛առնէ Սուրբ աւագ շաբաթը որ իր գագաթնակէտը կը գտնէ Սուրբ Զատկուան օրը, «երբ պիտի տօնախմբենք Յիսուսին Յարութիւնը, քրիստոնէական յոյսին հիմքը»,  ըսաւ Ան, ապա բոլորին մաղթեց բարի Զատկական տօներ յիշեցնելով որ Սուրբ Զատկուայ տօնը ժամանակն է նաեւ Սուրբ Մկրտութեան խոստումներու նորոգումին ու հրաւէր ուղղեց ներկաներուն այդ մէկը ընելու Տիրոջ սիրոյ ու վստահութեան համոզումով։ Ան է որ մեզի կու տայ ու պիտի շարունակէ տալ ուժ եւ քաջութիւնը մեր կեանքի ճանապարհորդութեան մէջ յարեց Սրբազան Պապը ու խօսքը եզրափակեց բոլորին շնորհելով իր օրհնութիւնները ու ինչպէս միշտ խնդրելով որ աղօթեն իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/04/2019, 12:28