Որոնել

«Աւետարանի տրամաբանութիւնը փոխադարձ ծառայութիւնն է». Ֆրանչիսկոս Պապ բանտարկեալներուն։

Ֆրանչիսկոս Պապ հետեւելով մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի օրինակին ծունկի եկաւ եւ մէկիկ մէկիկ լուաց, սրբեց ու համբուրեց 12 բանտարկեալներուն ոտքերը

Ռոպէր Աթթարեան -  Վատիկան

Հինգշաբթի 18 ապրիլ 2019ի երեկոյեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այցելելով Վելլեթրիի բանտը բանտի մէջ ծառայող անձնակազմի ու բանտարկեալներու մասնակցութեամբ բանտի հանդիսասրահին մէջ մատոյց Աւագ Հինգշաբթի օրուայ սուրբ պատարագը, որուն առթիւ նախագահեց նաեւ ոտնլուայի արարողութեան, լուալով տարբեր ազգութիւններու պատկան 12 բանտարկեալներու ոտքերը, որոնցմէ ինն իտալացի, մէկը պրազիլցի, մէկը մարոքցի եւ մէկը Փղոսկրեայ Ափունքէն։

Սուրբ զոհի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Նորին Սրբութիւնը խօսքը կեդրոնացուց ծառայութեան վրայ։ Յիսուս, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, իշխանութեան տէր էր, ու կը կատարէ ոտնլուայի արարքը որ վերապահուած էր այդ ժամանակուայ ստրուկներուն։

«Յիսուս կը կատարէ ստրուկի մը արարքը։ Ապա բոլոր ներկաներուն խրատ կու տայ «այս արարքը կատարեցէք ձեր միջեւ», այսինքն ծառայեցէք մէկը միւսին, եղէք եղբայրներ ծառայութեան մէջ, ոչ թէ ուրիշին վրայ տիրապետելու ձգտումին մէջ, ոչ… ծառայութիւն, ծառայութիւն» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը բացատրելով թէ ինք եւս պիտի կատարէ Յիսուսին արարքը, որովհետեւ Եպիսկոպոսը ըլլալու է ամենամեծ ծառան։ Մեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք է միւսներուն ծառան ըլլայ։ «Այս է Յիսուսին կանոնը, Աւետարանինն կանոնը, ծառայութեան կանոնը, ոչ թէ գերիշխանութեան, ոչ թէ չարիք գործելու եւ ուրիշները նուաստացնելու, ծառայութիւն» կրկնեց Ֆրանչիսկոս Պապ թելադրելով սրտին մէջ միշտ պահպանել ուրիշին ծառայելու ու ծառայութեան նկատմամբ սիրոյ մտադրութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ հետեւելով մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի օրինակին ծունկի եկաւ եւ մէկիկ մէկիկ լուաց, սրբեց ու համբուրեց 12 բանտարկեալներուն ոտքերը, ապա ամէն մէկ լուացումէն ետք աչքերը բարձրացնելով ուղիղ նայեցաւ անոնց իւրաքանչիւրի աչքերուն, հայեցաք մը որ խօսքերէ աւելի բաներ արտայայտեց։

Սուրբ զոհին ընթացքին աղօթքի դիտաւորութիւնները յատկացուեցան նաեւ անոնց որոնք բանտին մէջ, զանազան պատճառներու համար անձնասպան եղան։

Արարողութեան աւարտին խօսք առաւ Բանտին տնօրէնը ապա Քահանայապետին շնորհուեցան բանտարկեալներու կողմէ նուէրներ մինչ Քահանայապետին հրաժեշտը ողջունեցուեցաւ ջերմ  ծափահարութիւններով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/04/2019, 20:00