Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Հարաւային Սուտանի Ղեկաւարներուն հետ Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Հարաւային Սուտանի Ղեկաւարներուն հետ 

Ֆրանչիսկոս Պապին Հարաւային Սուտանի խաղաղութեան ի նպատս ուղերձը ։

Կրօնական ու քաղաքական ղեկավարներուս Աստուած յանձնած է պարտականութիւն մը՝ ըլլալու իր ժողովուրդին առաջնորդները

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Խաղաղութիւն խթանեցէք։  Խաղաղութիւն կը հայցեմ ափրիկեան փոքրիկ այդ երկրին։ Այս մէկը կ՛ընեմ որպէս եղբայր մը որ ձեր հետ կը խօսի ի սրտէ։ Մնացէք խաղաղութեան  մէջ։  Բազմաթիւ հարցեր պիտի ծագին, ձեր միջեւ բախումներն ալ պիտի պատահին,  սակայն ժողովուրդին առջեւ միշտ միացած ձեռքերով ներկայացէք որպէսզի պարզ քաղաքացիներ ըլլալէ անդին դառնաք Ազգին Հայրերը։ Թոյլ տուէք որ այս մէկը խնդրեմ ի սրտէ ու խոր զգացումներով»։ Ասոնք Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին խօսքերն էին ուղղուած Հարաւային Սուտանի քաղաքական եւ եկեղեցական իշխանութիւններուն որոնք, Քանթերպըրրիի Արքեպիսկոպոս՝ Ժասթին Ուելպիի եւ Սքովտիայի Եկեղեցւոյ վերապատուելի՝ Ժոն Շակեմերսի նախաձեռնութեամբ, Վատիկանի մէջ երկու օր տեւողութեամբ մասնակցեցան յատուկ Հոգեւոր կրթութեան, որուն աւարտին անոնք առիթը ունեցան հանդիպելու Ֆրանչիսկոս Պապին հետ, հինգշաբթի 11 ապրիլ 2019-ի յետմիջօրէին։

Ունկնդրէ լուրը

Ներկայացուցած պատգամին մէջ Սրբազան Քահանայապետը  հայցեց որ պատերազմի կրակը ընդմիշտ մարի ու անոնք միասին նային միացնող եւ ոչ թէ բաժանում ստեղծող իրողութիւններուն,  որպէսզի, ըսաւ Ան, Հարաւային Սուտանի ապագան ըլլայ խաղաղութեան եւ հաշտութեան նշանի ներքոյ։

Քահանայապետը շնորհակալութիւն յայտնեց Ափրիկեան Երկրի քաղաքական եւ եկեղեցական իշխանութիւններուն որոնք հոգեւոր կրթութեան մասնակցեցան Տոմոս Սանթա Մարթայի մէջ։ Երկու շնորհքի օրեր՝ հայցելու եւ ընկալելու խաղաղութիւնը - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, հաստատելոով որ «Խաղաղութիւնը Տիրոջ քաջալերական եւ մխիթարական ողջոյնն է։ Պարգեւն էր որ Ան չարչարանքէն ու Յարութիւնէն ետք շնորհեց իր աշակերտներուն։ Խաղաղութիւնը ապա Պետական  Ղեկավարներու հետապնդելիք առաջին պարտականութիւնն է եւ հիմնական պայման՝ ամէն մէկ անհատի իրաւունքի  յարգանքին ու ժողովուրդներու համապարփակ զարգացումին։

«Ես ալ ձեզ կ՛ողջունեմ նոյն բառերով ու կը մաղթեմ որ այդ բառերը հնչեն այս տան վերնատան մէջ, այնպէս որ բոլորս ու մեզմէ իւրաքանչիւրը  կարողանայ նոր ուժեր ձեռք բերել յառաջ տանելու համար ձեր երիտասարդ պետութեան ցանկալի առաջընթացը եւ երիտասարդ քրիստոնեայ հասարակութեան համար, Պենտեկոստէի հուրին նման վառի նոր յոյսի մը լոյսը՝ համայն Հարաւային Սուտանի բնակչութեան համար»։ «Ահա այս բոլոր բաներուն համար ձեզի կ՛ըսեմ խաղաղութիւն ձեզի» ըսաւ Սրբազան Պապը ապա մատնանշեց հոգեւոր կրթութեան իմաստին ու անորմէ բխած պտուղներուն։ Այդ հոգեւոր կրթութիւնը կը նշանակէ Աստուծոյ առջեւ կանգնիլ ու իրազեկ դառնալ  Հարաւային Սուտանի ժողովուրդի ներկայի ու ապագայի մեծ պատասխանատուութեան։ Կը նշանակէ ոգեւորուած ու հաշտուած  յանձնառու դառնալ  ձեր երկրին կառուցման   ու նաեւ իմանալ թէ Անոր՝ Աստուծոյ  է որ որ հաշիւ պիտի տաք ու թէ ծառայութիւնը զոր կը մատուցէք՝ ունկնդրութիւն է արդարութեան ծարաւն ունեցող աղքատներու ճիչին։

«Կրօնական ու քաղաքական ղեկավարներուս Աստուած   յանձնած է պարտականութիւն մը՝ ըլլալու իր ժողովուրդին առաջնորդները։ Ան մեզի շատ բաներ յանձնեց ու մեզմէ հաշիւ ալ պիտի պահանջէ» ըսաւ ապա Քահանայապետը ու  խօսքը կեդրոնացուց Յիսուսին Սուրբ Պետրոսին ուղղած երեք հայեացքներուն վրայ. Առաջինը՝ երբ զայն ընտրեց, ապա երբ  Պետրոս ուրանալէ ետք Յիսուսը երեք անգամ, զղջացած սրտով անոր կը նայի ու Յիսուսին Հայեացքը անոր մէջ ապաշխարութիւն կը յառաջացնէ։ Ի վերջոյ Յարութենէն ետք հայեացքը՝ երբ Յիսուս  Տիբերեան լիճին մօտ անոր կու տայ իր հօտը առածելու առաքելութիւնը, առաքելութիւն մը որ գագաթնակէտը կը գտնէ կեանքի զոհաբերումին մէջ։

«Ո՞րն է այսօր Յիսուսին հայեացքը իմ վրաս» հարց տուաւ Սրբազան Պապը ու ներկաները հրաւիրեց խոկալու այդ հարցումին վրայ, ապա հաստատեց թէ Աստուծոյ հայեացքը խաղաղութեան  հայեացք է որ կ՛արտայայտէ արդարութեան եւ հաշտութեան ձգտումը»։

Քահանայապետը ակնարկեց ապա Հարաւային Սուտանի բնակչութեան սպասումներուն ու ակնկալիքներուն, յատկապէս խաղաղութեան ու բոլորին համար բարգաւաճումի ձգտումներուն,  ապա մտաբերեց բոլոր անոնց որոնք ամէն բան կորսնցուցին պատերազմի ու բռնութիւններու ընթացքին, որոնք սերմանեցին անօթութիւն ցաւ ու լաց,  ըսաւ Սրբազան Պապը մաղթանք յայտնելով որ այդ բոլոր մարդիկը վերագտնեն ներքին ու արտաքին խաղաղութիւնը, ապա աղերս բարձրացուց առ Աստուած, հայցելով որ խաղաղութիւն հաստատուի այդ հողամասին մէջ ու նաեւ ժողովուրդին մէջ։

«Խաղաղութիւնը կարելի է» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, խաղաղութիւնը Աստուծոյ մեծ պարգեւն  է ու նաեւ մարդոց զօրեղ յանձնառումը՝ երկխօսութեան, բանակցութեան ու ներումի միջոցաւ։ Անիկա եղբայրութեան եւ զօրակցութեան հոգիով խաղաղութեան արհեստաւոր ըլլալն է, շարունակական կերպով։

«Կը խրախուսեմ փնտռեցէք այն ինչ որ ձեզ կը միացնէ ու յաղթահարեցէք բոլոր այն բաները որոնք ձեզ կը բաժնեն։ Մարդիկը յոգնած ու հիւծուած են անցեալի պատերազմներէն, յիշեցէք որ պատերազմով ամէն բան կը կորսուի, ձեր ազգը այսօր կը հայցէ աւելի լաւ ապագայ մը որ կ՛անցնի հաշտութեան ու խաղաղութեան ճանապարհէն» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը յիշելով անցեալ սեպտեմբերին  ստորագրուած համաձայնութիւնը ու գնահատելով այդ քայլը հուսկ հրաւէր ուղղեց դադրեցնելու  «ռազմական գործողութիւնները», «յարգելու զինադադարը», շրջանցելու քաղաքական եւ էթնիկ բաժանմունքները» եւ սկիզբ տալու  «ազգին կառուցման»:

Քահանայապետը ապա վերահաստատեց փափաքը Աստուծոյ կամքով յառաջիկային այցելելու Հարաւային Սուտանը  ու հանդիպումը աւարտեց հաշտութեան ի նպաստ  աղօթք բարձրացնելով Առ Աստուած։  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/04/2019, 08:00