Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«Պատ կառուցողը անոր բանտարկեալը կը դառնայ։ Կամուրջ կառուցողները յառաջ կ՚երթան»

Հռոմ վերադարձի թռիչքի ընթացքին իր հետ ճամբորդող լրագրողներուն հետ զրուցելով, Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ Մահմետականներու հետ երկխօսութեան ու գաղթականներու հարցին շուրջ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 31 Մարտ 2019-ի երեկոյեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը աւարտեց Մարոք կատարած առաքելական Ճամբորդութիւնը որուն առանցքը կազմեցին՝ միջ-կրօնական երկխօսութիւնը ու եղբայրութիւնը ապա գաղթականներու հարցը։

Ունկնդրէ լուրը

Հռոմ վերադարձի թռիչքի ընթացքին իր հետ ճամբորդող լրագրողներուն հետ զրուցելով, Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ Մահմետականներու հետ երկխօսութեան մասին ապախօսքը կեդրոնացուց գաղթականներու հարցին վրայ։ Այլ շօշափուած նիւթեր եղան՝ Երուսաղէմի մասին Մոհամմատ Զ թագաւորին հետ ստորագրած հռչակագիրը ինչպէս նաեւ Քրիստոնեայ երկիրներու վերաբերմունքը։

Թէ «ի՞նչ հետեւանքներ ունի սոյն այցելութիւնը ապագայի վրայ ու մշակոյթներու միջեւ երկխօսութեան, աշխարհի խաղաղութեան  նկատմամբ» հարցումին, Սրբազան Քահանայապետը նշեց թէ ապագայի պտուղները տակաւին հասուն չեն, սակայն արդեն ծիլ տուած են։ «Խոստումնալից ծիլեր եւ ասոր համար ուրախ եմ» ըսաւ Ան ակնարկելով նաեւ այլ իսլամական երկիր Ապու Տապի կատարած ճամբորդութեան։ Այս երկու ճամբորդութիւններու ընթացքին կարողացայ խօսիլ սրտիս խօսող նիւթերու շուրջ. Խաղաղութիւն, միութիւն, եղբայրութիւն։

Իսլամ եղբայրներու եւ քոյրերու հետ այս եղբայրութիւնը կնքեցինք Ապու Տապիի մէջ ստորագրուած փաստաթուղթով, մինչ այստեղ Մարոքի մէջ ամէնքս ականատես եղանք ազատութեան, եղբայրութեան ու հիւրընկալութեան, ինչպէս նաեւ յարգանքի երեւոյթներուն»։ «Ահա այս մէկը գեղեցիկ ծաղիկ մըն է որ կարող է պտուղ տալ ապագային։ Իրաւ է որ կան դժուարութիւններ, ի տես նաեւ ծայրայեղներու ներկայութեան եւ գործունէութեան, որոնք գոյութիւն ունին բոլոր կրօններու մէջ եւ հակառակ են համաձայնութիւններու ու կը փնտռեն հակամարտութիւնն ու բախումներ, վախ սերմանելով ամենուրէք… սակայն մենք տեսանք թէ որքան գեղեցիկ է յոյս սերմանելը, ձեռք ձեռքի տուած յառաջ ընթանալը…տեսանք թէ երկխօսութեան համար կարիքը կայ կամուրջներու։ Որովհետեւ անոնք որոնք պատեր կը կառուցեն այդ պատերուն բանտարկեալները պիտի դառնան մինչ անոնք որոնք կամուրջ կը կառուցեն յառաջ պիտի ընթանան»։

«Կամուրջ կառուցելը ինծի համար մարդկայնութենէն անդին գացող իրականութիւն մըն է. Ան կարիքը ունի մեծ ջանքի։ Կամուրջը մարդկային երկխօսութիւնն է եւ այս է ինչ որ տեսայ Մարոքի մէջ։ Պտուղները տակաւին տեսանելի չեն բայց կան գեղեցիկ ծաղիկներ, որոնք պտուղ պիտի տան» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա խօսքը կեդրոնացուց երկխօսութեան կարեւորութեան վրայ ու այդ երկխօսութիւնը ամրապնդելու հարկաւորութեան վրայ, այս ծիրէն ներս մատնանշելով Երուսաղէմի մասին ստորագրուած միասնական հռչակագիրին որ, ըսաւ Սրբազան Պապը, կատարուեցաւ հաւատացեալներու եղբայրական հոգիով, որոնք կը տառապին տեսնելով այդ «Յոյսի Երկիրի» իրավիճակը, որ պէտք է ըլլայ տիեզերական, հրեաներու, իսլամներու եւ քրիստոնեաներու քաղաք։ «Բոլորս ալ Երուսաղէմի քաղաքացիներ ենք, բոլոր հաւատացեալները» յարեց Նորին Սրբութիւնը հուսկ խօսեցաւ խղճի, խօսքի եւ կրօնի ազատութեան մասին շեշտելով անոնց կարեւորութիւնը՝ մարդկայնութեամբ աճելու համար։ «Զիս կը մտահոգէ քրիստոնեայ երկիրներու վերաբերմունքը այս հարցին շուրջ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։ Մինչ Եկեղեցին կը յառաջդիմէ՝  շատ մը քրիստոնեայ երկիրներ ետ մնացած են ու ի գործ չեն դներ եկեղեցւոյ ուսուցումները։

Լիոնի Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Պարպըրէնի մասին ուղղուած մէկ հարցումին, Նորին Սրբութիւնը ըսաւ թէ Ծիրանաւորը, ի տես իր դէմ մղուած մեղադրանքին՝ մանկապղծութեան հարցեր ծածկած ըլլալուն համար, հրաժարականը ներկայացուց, սակայն ես մերժեցի զայն, որովհետեւ մինչեւ վերջնական վճիռը ան կը մնայ անմեղ։  Երբ դատարանը արձակէ իր վերջնական դատավճիռը, այդ ժամանակ կը նայինք թէ ինչ պէտք է ընել։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ապա դարձեալ շեշտեց գաղթականութեան հարցին լուծում որոնելու անհրաժեշտութիւնը, կոչ ուղղելով Եւրոպային՝ ըլլալու աւելի միացած եւ հիւրընկալ ու այս ծիրէն ներս ընդգծելով ընդելուզման քաղաքականութիւններ որդեգրելու կարեւորութիւնը։

«Եւրոպան կերտուած է գաղթականներով» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, ու բազմաթիւ եւրոպացիներ եւս եղած են գաղթական, ինչպէս է պարագան իմ հօրս, որ պատերազմէն ետք մեկնեցաւ Լատին Ամերիկա։

Եւրոպան եթէ կ՛ուզէ ըլլալ մայր Եւրոպա, պէտք է ներդրումներ կատարէ, պէտք է ներգաղթը արգիլէ ոչ թէ ուժով այլ առատաձեռնութեամբ, դաստիարակչական ու տնտեսական ներդրումներ կատարելով այն երկիրներուն մէջ ուղտերէն կը ծագի գաղթականութեան հարցը,  յարեց Սրբազան Քահանայապետը ու աւելցուց. «սակայն եթէ Եւրոպան Եմենին կը վաճառէ զէնքեր, որոնցմով  ապա մանուկներ  կը սպաննուին, ինչպէս ան կարող է հետեւողական ըլլալ։

Շիտակ է թէ երկիր մը կարող չէ բոլորը հիւրընկալել, սակայն եւրոպան ընդարձակ է ու կարելի է այդ գաղթականները բաժնել։ Հիւրընկալութիւնը պէտք է կատարուի բաց սրտով, ապա պէտք է գաղթականներուն ընկերանալ եւ ընդելուզել։ Եթէ երկիր մը կարող չէ ընդելուզում կատարել պէտք է դիմէ միւս երկիրներուն, թելադրեց Նորին Սրբութիւնը օրինակ բերելով Շուէտի պարագան որ ընդելուզման քաղաքականութեամբ ընկալած է բազմաթիւ գաղթականներ։ 

 Զրոյցի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը անդրադարձաւ նաեւ մանուկներու դէմ ոտնձգութիւններու հարցին, հաստատելով թէ Եկեղեցին ամէն ջանք պիտի դափէ այդ իրականութեան դէմ պայքարելու համար, սակայն, նկատել տուաւ Ան, կառավարութիւններն ու այլ իշխանութիւններ եւս պէտք է պայքար մղեն այդ ախտին դէմ ։

Քահանայապետը ակնարկեց հուսկ սատանայի գործին ու անոր դէմ եւս պայքար մղելու հարկաւորութեան՝ աղօթքով եւ ապաշխարութեամբ։ «Որովհետեւ չարին ոգին յաղթելու համար բաւարար չէ ըսել որ անիկա սատանայի գործ է, ոչ, պէտք է պայքարինք անոր դէմ աղօթքով եւ ապաշխարութեամբ» յարեց Նորին Սրբութիւնը մինչ Իտալական Քաղաքականութեան մասին ու յատկապէս Վերոնայի մէջ ընտանիքներու միջազգային հաւաքի մասին իրեն ուղղուած մէկ հարցումին պատասխանելով, Ան նշեց թէ ինք Իտալական քաղաքականութիւնը շատ չի հասկնար ու խնդրեց որ անոր մասին հարցումներ չուղղեն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/04/2019, 09:00