Որոնել

Ֆրանսացի երիտասարդներ Վատիկանի մէջ Ֆրանսացի երիտասարդներ Վատիկանի մէջ 

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանսացի երիտասարդներուն «Եկեղեցին պէտք ունի ձեր սլացքին»:

«Ամրապնդուեցէք եկեղեցւոյ մէջ եւ թոյլ տուէք որ Սուրբ Հոգին ձեզ բարեփոխէ եւ վերանորոգէ, որպէսզի կարողանանք Քրիստոսը տանիլ բոլոր միջավայրերու մէջ եւ ուրախութեամբ վկայել Աւետարանի երիտասարդութիւնը»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 25 ապրիլ 2019-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատի քոնչիսթորօ դահլիճին մէջ ընդունելով Ֆրանսայի «Aire et Dax» եկեղեցական թեմերու երիտասարդները ուրախութիւնն յայտնեց իրենց հետ հանդիպելուն համար գնահատելով նաեւ ուխտագնացութեան ձեռնակը որ զանոնք մղեց ժամանելու Հռոմ վերանորոգելու համար հաւատքի պարգեւը, Սուրբ Պետրոս Եւ Սուրբ Պօղոս առաքելապետերու մօտ, ինչպէս նաեւ «բոլոր այն վկաներուն մօտ որոնք վճռեցին յանձն առնել մարտիրոսութիւնը հաւատարիմ մնալու համար Յիսուս Քրիստոսին» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը կարեւորելով Քրիստոսի մէջ հաւատքի ապրումը, յատկապէս ժամանակակից աշխարհի մէջ, ուր յաճախ բազմաթիւ անձեր կը դժուարին իրենք զիրենք քրիստոնեայ համարելու, նաեւ Եկեղեցիէն ներս գործուած ոտնձգութիւններու բերումով՝ յատկապէս մանկապղծութեան հարցի պատճռաւ։

Ունկնդրէ լուրը

«Բայց եւ այնպէս կ՛ուզեմ ձեզի կրկնել թէ Եկեղեցւոյ ապրած իրավիճակը աւելի ծանր չէ քան այլ դարաշրջանի իրավիճակներէն, պարզապէս տարբեր է » ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու խրախուսեց ներկաները ուխտագնացութեան առիթը օգտագործել բացայայտելու թէ Եկեղեցին, որուն մաս կը կազմեն անոնք, երկու հազար տարիներէ է ի վեր յառաջ կը քալէ բաժնեկցելով մարդոց ուրախութիւններն ու յոյսերը, տխրութիւնն ու անձկութիւնը։

«Եւ Տէրը՝ Յիսուս, երբեք չի հրաժարիր իր Եկեղեցիէն ու ձեր երիտասարդութեան շնորհիւ, ձեր խանդավառութեան ու ձեզի յանձնած քանքարներուն միջոցաւ անոր թոյլ կու տայ վերանորոգուիլ ու երիտասարդանալ, անոր պատմութեան զանազան հանգրուաններու ընթացքին»  ըսաւ Նորին Սրբութիւնը քաջալերելով ներկաները  միացած մնալու Տիրոջ մէջ՝ աղօթքի եւ Խօսքի ունկնդրութեան միջոցաւ, ինչպէս նաեւ եղբայրներու ծառայութիւն մատուցելով։

«Ամրապնդուեցէք եկեղեցւոյ մէջ եւ թոյլ տուէք որ Սուրբ Հոգին ձեզ բարեփոխէ եւ վերանորոգէ, որպէսզի կարողանանք Քրիստոսը տանիլ բոլոր միջավայրերու մէջ եւ ուրախութեամբ վկայել Աւետարանի երիտասարդութիւնը» յարեց հուսկ Սրբազան Պապը, երիտասարդներուն որպէս օրինակ եւ տիպար ներկայացնելով «Սուրբ Վէնասն Տը Փոլը» ու խրախուսելով դառնալ մարդոց միջեւ կամուրջներ կառուցողներ, խթանելով հանդիպումի եւ երկխօսութեան մշակոյթ մը, սատարելու համար իսկական մարդկային  եղբայրութեան մը իրականացումին։

Սրբազան Պապը հրաւիրեց ապա երիտասարդները հոգ տանելու նաեւ փոքրերուն եւ աղքատներուն ու ամենուրէք տանելու Աստուծոյ նորութիւնները, նոյնիսկ անոնց որոնք տակաւին փնտռտուքի մէջ են եւ իրենց կեանքի իմաստը կ՛որոնեն։

«Ձեր վրայ կը վստահիմ։ Եկեղեցին պէտք ունի ձեր սլացքին, ձեր գուշակումներուն ու ձեր հաւատքին» ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապ ու այս յոյսերով, Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութեամբ, զանոնք յանձնեց Տիրոջ, անոնց շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնները եւ ինչպէս միշտ խնդրելով որ բարեհաճին աղօթել իրեն համար, «ինչպէս ես ալ կ՛աղօթեմ ձեզի համար» ըսաւ Սրբազան Պապը եզրափակելով իր խօսքը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/04/2019, 12:30