Ոտնլուայի արարողութիւն Ոտնլուայի արարողութիւն 

Քահանայապետը Ոտնլուայի արարողութիւնը պիտի գլխաւորէ Վելլեթրի գիւղաքաղաքի բանտին մէջ։

Այցելութիւնը կը նախատեսէ հանդիպում կալանաւորներուն հետ, բանտին անձնակազմին ու զինուորներուն հետ, Սուրբ պատարագ եւ ոտնլուայի արարողութիւն։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի մէկ հաղորդագրութեամբ կը տեղեկացուի թէ յառաջիկայ 18 ապրիլ 2019-ին, ժամը 16.30-ին, աւագ հինգշաբթի օրուայ առթիւ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պիտի այցելէ Հռոմի Վելլեթրի գիւղաքաղաքը ուր պիտի գլխաւորէ աւագ հինգշաբաթի օրուայ վերջին ընթրիքի պատարագն ու ոտնլուայի արարողութիւնը։

Այցելութիւնը կը նախատեսէ հանդիպում կալանաւորներուն հետ, բանտին անձնակազմին ու զինուորներուն հետ, Սուրբ պատարագ եւ ոտնլուայի արարողութիւն։

Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանէն կը մեկնի 15.30-ին։ Այցելութիւնը վերջ պիտի գտնէ ժամը 19-ին։

Նշենք նաեւ թէ՝ 3 ապրիլ 2019-ին, Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի ժամանակաւոր տնօրէնը՝ Տիար Ալեսսանտրօ Ճիզոթթի հաստատեց  թէ եկող շաբաթ Վատիկանի մէջ նախատեսուած է Հարաւային Սուտանի ղեկավարներուն վերապահուած  յատուկ հոգեւոր կրթութիւն մը։  

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/04/2019, 13:07