«Քրիստոս կ՛ապրի». Ֆրանչիսկոս Պապին  յորդորագիրը «Քրիստոս կ՛ապրի». Ֆրանչիսկոս Պապին յորդորագիրը 

«Քրիստոս կ՛ապրի». Ֆրանչիսկոս Պապին չորրորդ յորդորագիրը՝ նուիրուած երիտասարդներուն։

Նշանակալից է որ Ֆրանչիսկոս Պապին սոյն յորդորագիրը կը հրապարակուի Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ մահուան տարեդարձին օրը։ Քահանայապետը որ 1985-ին առաջինը եղաւ որ նամակ մը գրեց աշխարհի երիտասարդներուն

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Քրիստոս կ՛ապրի։ Ան մեր յոյսն է ու այս աշխարհի ամենագեղեցիկ երիտասարդութիւնը։ Ամէն բան որուն Ան կը դպչի երիտասարդ կը դառնայ, նոր կը դառնայ, ու կեանքով կը լեցուի։ Ասոր համար, ահա առաջին բառերը որ կ՛ուղեմ ամէն մէկ քրիստոնեայ երիտասարդի «Ան կ՛ապրի եւ կ՛ուզէ որ դուն ալ ապրիս»։  

Այս բառերով է որ կը սկսի «Քրիստոս կ՛ապրի» Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, յետ-սիւնհոդոսական առաքելական նամակ - յորդորագիրը, ուղղուած երիտասարդներուն ու համայն Աստուծոյ ժողովուրդին, զոր Նորին Սրբութիւնը ստորագրեց, անցեալ 25 մարտ 2019-ին, Լորէթոյի Սրբավայրին մէջ եւ որ հանրութեան ներկայացուեցաւ այսօր՝ երեքշաբթի 2 Ապրիլ 2019-ին,  Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի կեդրոնական սրահին մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին,  որուն առթիւ իր ունեցած ելոյթին մէջ՝ Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի ընդհանուր քարտուղարը՝ Կարդինալ Պալտիսսերի յայտնեց թէ սոյն փաստաթուղթը մօտ ապագայի համար «անկիւնաքար» մըն է ու երիտասարդներու հովուական խնամակալութեան ուղիով հիմնական ուղեցոյց։

Ունկնդրէ լուրը

Փաստաթուղթը կազմուած է 9 գլուխներէ եւ 299 հատուածներէ, «որուն պարունակութիւնը ներշնչուած է 2018-ի հոկտեմբերին, Վատիկանի մէջ կայացած ու երիտասարդներուն նուիրուած եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի հարուստ խորհրդածութիւններէն ու զրոյցներէն» կը գրէ Սրբազան Պապը նախաբանին մէջ։

«Ի՞նչ կ՛ըսէ Աստուծոյ խօսքը երիտասարդներու մասին»

Յորդորագիրի Առաջին գլուխը յատկացուած է «Ի՞նչ կ՛ըսէ Աստուծոյ խօսքը երիտասարդներու մասին» նիւթին,  որուն մէջ Սրբազան Քահանայապետը կը խօսի հին կտակարանի մէջ տիպար երիտասարդներու մասին, ապա կ՛անցնի նոր կտակարանին, յիշեցնելով որ «Յիսուս յաւերժ երիտասարդը՝ մեզի կ՛ուզէ մշտապէս պարգեւել երիտասարդ սիրտ մը» աւելցնելով որ «Յիսուս չէր հանդուրժէր որ տարեցները անարգանքով դիտէին երիտասարդները», ընդհակառակը՝ Ան կը խնդրէր որ «Ան որ ամենամեծն է դառնայ ամենաերիտասարդը» (Ղուկաս 22, 26)։

«Յիսուս Քրիստոս միշտ երիտասարդ»

Երկրորդ գլուխը նուիրուած է «Յիսուս Քրիստոս միշտ երիտասարդ» նիւթին, որուն մէջ Քահանայապետը կ՛անդրադառնայ Յիսուսին մանկութեան եւ երիտասարդութեան դէպքերուն,  հաստատելով թէ Ան մեկուսացած  երիտասարդ մը չէ եղած այլ «ծնողքին վստահութիւնը շահելով սորված է շարժիլ ազատութեամբ ու քալել ուրիշներու հետ միասնաբար»։ Ասկէ մեկնելով Քահանայապետը կը հաստատէ թէ հարկաւոր է մշակել երիտասարդներուն հայող հովուական խնամակալութեան ծրագիրներ որոնք կը զօրացնեն զանոնք ու անոնց կ՛ընկերանան, զանոնք մղելով ուրիշներու հետ հանդիպելու, վեհանձն ծառայութեան ու առաքելութեան»։

Քահանայապետը հուսկ Տիրոջմէ կը հայցէ որ ազատագրէ եկեղեցին անոնցմէ որոնք կ՛ուզեն զայն ալեւորել, զայն զետեղել անցեալի մէջ, զայն անշարժ դարձնել»…ու նաեւ այն փորձութենէն՝ «կարծելու թէ Եկեղեցին երիտասարդ է, որովհետեւ կը զիջի աշխարհի հրապոյրներուն…»  կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորելով Եկեղեցւոյ անդամներուն քաջութիւնն ունենալ տարբեր անձեր ըլլալու ու ներկայացնելու այս աշխարհէն տարբեր երազներ, վկայել վեհանձնութեան, ծառայութեան, բիւրեղէութեան, ներումի ու սեփական կոչումի նկատմամբ հաւատարմութեան գեղեցկութիւնը…

Այս ծիրէն ներս Սրբազան Քահանայապետը անհրաժեշտ կը նկատէ երիտասարդներուն սատարը ու կը յորդորէ Յիսուսին պատկերը ներկայացնել «հրապուրիչ» կերպով։ Ան դիտել կու տայ թէ կան բազմաթիւ երիտասարդներ որոնք Եկեղեցւոյ ներկայութիւնը կը նկատեն որպէս «անհանգստացնող» եւ նոյնիսկ «զայրացուցիչ» ի տես տնտեսական ու սեռային գայթակղութիւններուն, օծեալներուն անպատշաճ կազմաւորումին,…երիտասարդներուն վերապահուած կրաւորական դերին… Անոնք արդարեւ կը պահանջեն եկեղեցի մը որ աւելիով ունկնդրէ, որ մշտապէս չի դատապարտէ աշխարհը։ Երիտասարդներուն աչքերուն առջեւ հաւատալի ըլլալու համար պէտք է վերագտնել հեզութիւնը եւ անսալ երիտասարդներուն – կը թելադրէ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա կը ներկայացնէ Մարիամը՝ Նազարէթի աղջիկը ու անոր «Այոն»,  որպէս տիպար շատերուն։ «Այո» մը որ չի նայեցաւ դժուարութիւններուն այլ միակ երաշխիք ունեցաւ խոստումի մը կրող ըլլալու վստահութիւնը։

«Երիտասարդները Աստուծոյ այսօրը՝ ներկան»

Երրորդ գլուխին մէջ Սրբազան Պապը կը խօսի երիտասարդներու մասին որպէս Աստուծոյ այսօրը՝ ներկան։ «Չենք կրնար բաւարարուիլ  ըսելով որ Երիտասարդները աշխարհի ապագան են, անոնք նաեւ ներկան են ու զայն կը հարստացնեն իրենց օժանդակութեամբ» կը գրէ Նորին Սրբութիւնը հրաւէր ուղղելով աւելիով մտիկ ընելու անոնց ու խուսափելու զանոնք մշտապէս քննադատելու փորձութենէն։

Ֆրանչիսկոս Պապ յատուկ ակնարկ կ՛ուղղէ երիտասարդական աշխարհի բազմազանութեան ու բոլոր այն երիտասարդներուն որոնք կ՛ապրին մարտական ու պատերազմի իրականութիւններու ներքոյ, անոնց որոնք չարաշահուած են ու թիրախ՝ստրկութեան ու մարդավաճառութեան, ու նաեւ անոնց որոնք իրենց կարգին կը գործեն ոճիրներ եւ բռնութիւններ։ ։

«Չենք կրնար ըլլալ եկեղեցի մը որ չ՛ ողբար իր երիտասարդ զաւակներուն ապրած ողբերգութիւնը» կը գրէ Սրբազան Պապը ու երիտասարդները կը հրաւիրէ իրենց կարգին արտասուելու իրենց հասակակից երիտասարդներուն համար, որոնք շատ աւելի վատ իրավիճակի մէջ կը գտնուին։

Նորին Սրբութիւնը կը դատապարտէ հուսկ գաղութատիրութեան երեւոյթը եւ ուժեղ երկիրներու տկար ու աղքատ երկիներու վրայ բանեցուցած ճնշումները։ Ան ապա կը խօսի երիտասարդներուն հայող յատուկ եւ զգայուն նիւթերու մասին, ինչպէս  «սեռի» ըմբռնումը,  կեանքը որպէս պարգեւ ընկալելու գաղափարը… «թուային աշխարհը» ու հաղորդակցութեան նոր ձեւերը՝  որոնք մէկ կողմէն կարող են կապի մէջ դնել բազմաթիւ անհատներ ու միեւնոյն ատեն հարթակ են առանձնութեան, ապատեղեկատուութեան, շահագործումի եւ բռնութեան… «այնտեղ արդարեւ կը գործեն տնտեսական մեծ շահեր փնտռող հսկաներ, որոնք կարող են խեղաթիւրել խղճերը» կը գրէ Նորին Սրբութիւնը զգուշացնելով երիտասարդները այդ տխուր երեւոյթին զոհ ըլլալու վտանգէն։

Քահանայապետը կը շօշափէ ապա գաղթականութեան հարցը, ընդգծելով եկեղեցւոյ անոնց վերապահած ուշադրութիւնն ու մտահոգութիւնը, այս ծիրէն ներս շեշտը դնելով երիտասարդ գաղթականներու վրայ։ Ան ապա կ՛ակնարկէ անչափահասներու դէմ ոտնձգութիւններու մասին ու Եկեղեցւոյ առած վճրական քայլերուն։ Ապա կը խրախուսէ երիտասարդները թոյլ չտալու որ իրենցմէ  խլուի յոյսը ու դառնան ուրիշներու շահերուն ստրուկ,  յանձնարարելով միշտ վստահիլ եւ ապաւինիլ Յիսուսին։

«Բոլոր Երիտասարդներուն ի նպաստ կոչը»

Չորրորդ «Բոլոր Երիտասարդներուն ի նպաստ կոչը»։ Այս ծիրէն ներս Քահանայապետ կը մատնանշէ երեք գլխաւոր ճշմարտութիւններու. «Աստուած սէր է»,  «Քրիստոս քեզ կը փրկէ» եւ «Քրիստոս կ՛ապրի՝ կենդանի է»։

«Երիտասարդական ուղիներ»

Հինգերորդ գլուխը նուիրուած է «Երիտասարդական ուղիներ»ու,  որուն ծիրէն ներս Սրբազան Քահանայապետը կը ներկայացնէ  երիտասարդներուն համար տիպար սուրբերու օրինակներ,  հրաւիրելով զանոնք կեանքը չի դիտելու պատշգամէն այլ լսելի դարձնելու իրենց ձայնը, պատասխանատուութեան հոգիով եւ ապրելով Էմմաւուսի աշակերտներուն բարեկամութեան փորձառութիւնը Յիսուսին հետ։

Քահանայապետը կ՛առաջակէ նաեւ  եղբայրութեան ուղիներ, լաւապէս ապրելու համար հաւատքը եւ ունենալու աւելի բաց հորիզոններ  ի նպատս հասարակաց բարիքին, խուսափելով ընկերային թշնամութիւններէն որոնք կործանումի ու քայքայումի պատճառներ են։   Սրբազան Քահանայապետը ապա կոչ կ՛ուղղէ  երիտասարդներուն ըլլալու՝ արի միսիոնարներ եւ Աւետարանը վկայելու ամենուրէք իրենց կենցաղով։  «Այս կը  նշանակէ ոչ միայն խօսիլ ճշմարտութեան մասին, այլ ապրիլ այդ ճշմարտութիւնը»   կը գրէ Սրբազան Պապը։ «Գիտցէք ընթանալ հակահոսանք ու Յիսուսը բաժնեկցիլ ուրիշներուն հետ որոհետեւ «Աւետարանը վերապահուած է բոլորին» կը հաստատէ Ան։  

«Արմատներով երիտասարդներ»

Վեցերորդ գլուխին վերնագիրն է «արմատներով երիտասարդներ» ուր Սրբազան Քահանայապետը ի յայտ կը դնէ այն իրականութիւնը թէ առանց արմատներու, առանց անցեալի ապագայ կառուցելը շատ դժուար է։

«Սիրելի երիտասարդներ, թոյլ մի տաք որ օգտագործեն ձեր երիտասարդութիւնը մակերեսային կեանքի մը օգտին, որ գեղեցկութիւնը կը շփոթէ արտաքին տեսքին հետ» կը գրէ Նորին Սրբութիւնը, խրատելով նաեւ յատուկ կապ հաստատել տարեցներուն հետ  ու ընկալել անոնց փորձառութիւնը։

«Երիտասարդներու հովուական խնամակալութիւն»

Եօթներորդ գլուխը նուիրուածէ Երիտասարդներու հովուական խնամակալութեան, որուն ծիրէն ներս Քահանայապետը շեշտը կը դնէ «ընկերանալու եւ առաջնորդելու» կարեւորութեան վրայ, եւ այդ խնամակալութիւնը կատարելու «սիւնհոդոսական» կերպով, այսինքն խթանելով բոլոր երիտասարդներուն դերակատարութիւնը, ճանչնալով իւրաքանչիւրին կարողութիւնն ու շնորհապարգեւները։  Այս ուղղութեամբ Քահանայապետը կոչ կ՛ուղէ եկեղեցական կառոյցներու  պատասխանատուներուն, այդ կառոյցները դարձնելու «պատշաճ միջավայրեր», որոնք ունենան հիւրընկալութեան կարողութիւնը։  Ան ապա կ՛անդրադառնայ  դաստիարակչական կառոյցներու հովուական խնամակալութեան գործելակերպին,  որպէս օրինակ բերելով Յիսուսին վերաբերմունքը Էմմաւուսի աշակերտներուն հետ. Ունկնդրեց անոնց, օգնեց որ գիտակցին իրենց ապրած այդ պահին իմաստը, զայն մեկնաբանելով Սուրբ Գիրգի լոյսին ներքոյ, ընդունեց անոնց հետ գիշերել…

«Կոչում եւ Զատորոշում»

Ութերորդ եւ իններորդ գլուխները  նուիրուած են  կոչումին եւ զատորոշումին, որոնք հանդիսացան անցեալ հոկտեմբերին երիտասարդներուն մասին գումարուած եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին գլխաւոր նիւթերէն։ Այս ուղղութեամբ Սրբազան Քահանայապետը Յիսուսին հետ բարեկամութեան կոչումը կը ներկայացնէ որպէս միսիոներական ծառայութիւն ի նպաստ ուրիշներուն։ Ան կը խօսի ընտանիքի ու սիրոյ մասին, աշխատանքի ու կոչումներու մասին, հուսկ խօսքը կը կեդրոնացնէ խիղճերու կազմաւորումի վրայ, Քրիստոսի հետ յարաբերութեան եւ ունկնդրութեան ու առաջնորդութեան վրայ։ «Միայն զատորոշումի իմաստութիւնը կարող է մեզ փոխակերպել» կը գրէ Քահանայապետը ։

Յորդորագիրի աւարտին Նորին Սրբութիւնը փափաք մը կ՛արտայայտէ. «Սիրելի երիտասարդներ, ուրախ պիտի ըլլամ ձեզ տեսնելով որ աւելի առաք կը վազէք անորմէ որ դանդաղ ու վախեցող է։ Վազեցէք հրապուրուած այն սիրեցեալ Դէմքէն, որ կը պաշտենք Սուրբ Հաղորդութեան մէջ եւ կը ճանչնանք մեր տառապող եղբօր մէջ… Եկեղեցին պէտք ունի ձեր սլացքին, ձեր յայտնատեսութիւններուն, ձեր հաւատքին…ու երբ հասնիք այն վայրը ուր տակաւին մենք չի հասանք, համբերութիւնը ունեցէք մեզ սպասելու»։

Նշանակալից է որ Ֆրանչիսկոս Պապին սոյն յորդորագիրը կը հրապարակուի Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ մահուան տարեդարձին օրը։ Այն քահանայապետը որ 1985-ին առաջինը եղաւ որ նամակ մը գրեց աշխարհի երիտասարդներուն, երիտասարդներուն  նուիրուած համաշխարհային տաուան առթիւ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/04/2019, 12:07