Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ «Թող Սուրբ Հոգին մեր կեանքին դերակատարը ըլլայ»:

Առանց Սուրբ Հոգիին չէ կարելի ընթանալ մեր կեանքին մէջ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, 30 ապրիլ 2019-ին, Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթա մատրան մէջ ֆրանչիսկոս Պապ մատուցեց Սուրբ Պատարագ:

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ ներկայացուցած քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը խօսքը կեդրոնացուց Սուրբ հոգիին վրայ նկատել տալով որ,  լոկ Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ, կրնանք մեր մեղաւոր վիճակէն դուրս գալ ու վերածնիլլ, աւելցնելով թէ այս պատճառաւ է որ Տէրը առաքեց Սուրբ Հոգին:

Մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումը, ուր Յիսուս Նիկոդեմոսին կ՝ըսէ պէտք է վերստին ծնիլ,  եւ Նիկոդեմոս հարց կու տայ ըսէլով,  թէինչպէս մարդդ կրնայ ծնիլ, երբ արդէն ծեր է, ֆրանչիսկոս պապ նշեց, թէ սա հարցում մըն է զոր մենք եւս կ՝ուղղենք, աւելցնելով թէ Յիսուս բարձունքէն վերածնելու մասին է, որ կը խօսի եւ այս է Յիսուսի Յարութեան պատգամը, որ Սուրբ Հոգիին պարգեւն է:

Նորին Սրբութիւնը շարունակելով խօսիլ Սուրբ Հոգիին մասին յարեց, թէ Յիսուս իր Յարութեան միեւնոյն կիրակի օրը, առաքեալներուն յայտնուեցաւ անոնց ըսելով « Սուրբ Հոգին պիտի ստանաք»: Սրբազան Հայրը աւելուց « սա է ուժը,  առանց Սուրբ Հոգիին ոչ մէկ բան կրնանք կատարել: Քրիստոնէական կեանքը չկայանար լոկ բարի վերաբերմունք ունենալու մէջ: Քրիստոնէական կեանքը  Սուրբ Հոգիէն կը վերածնի եւ ասոր համար է, որ պէտք է Անոր տեղ տալ: Սուրբ Հոգին մեր քրիստոնէական կեանքի դերակատարն է: Ան մեր հետն է, մեզի կ՝ըներանայ, մեզ կը կերպանափոխէ եւ մեր հետ կը յաղթէ:Սուրբ Հոգին մեր ամէնօրեայ ընկերն է Աստուծոյ , Յիսուսի պարգեւն է ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ:
Ան ապա եզրափակեց իր քարոզը խնդրելով Տիրոջմէ որ մեր մեզի բոլորիս շնորհէ,  այն գիտակցութիւնը թէ առանց սուրբ հոգիին չէ կարելի քրիստոնեաներ ըլլալ՝ առանց Սուրբ Հոգիին հետ ընթանալու ու գործելու: Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց մենք մեզի հարց տանք, թէ մեր կեանքին մէջ ինչ տեղ տուած ենք Սուրբ Հոգիին :

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/04/2019, 12:00