Որոնել

Զատկական «Ուրպի Էթ Օրպի» պատգամը Զատկական «Ուրպի Էթ Օրպի» պատգամը 

Ֆրանչիսկոս Պապին 2019-ի Սուրբ Զատկուայ «Ուրպի Էթ Օրպի» պատգամը։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր «Քրիստոս կ՛ապրի»։ Ան յոյս եւ երիտասարդութիւն է մեզմէ իւրաքանչիւրիս համար ու համայն աշխարհին համար։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր շնորհաւոր Սուրբ Զատիկ.

Այսօր եկեղեցին կը նորոգէ առաջին աշակերտներուն աւետիսը՝ «Յիսուս Յարութիւն առաւ»։ Ու բեռնէ բերան, սիրտէ սիրտ կ՛արձագանգէ գովաբանութեան հրաւէրը «Ալէլուիա, Ալէլուիա»։

Սուրբ Զատկուայ այս առաւօտուն, որ Եկեղեցւոյ ու համայն մարդկութեան համար անթառամ երիտասարդութիւն է, կ՛ուզեմ ձեզմէ իւրաքանչիւրին ու յատկապէս երիտասարդներուն հասանելի դարձնել վերջին  առաքելական յորդորագիրիս առաջին խօսքերը. «Քրիստոս կ՛ապրի, Ան մեր յոյսն ու այս աշխարհի ամենագեղեցիկ երիտասարդութիւնն է։ Ամէն բան որուն Ան կը դպչի երիտասարդ կը դառնայ, նոր կը դառնայ եւ կեանքով կը լեցուի։ Ասոր համար, առաջին բառերը որ կ՛ուզեմ ուղղել ամէն մէկ երիտասարդի ու ամէն մէկ քրիստոնեայի ասոնք են. «Ան կ՛ապրի եւ կ՛ուզէ որ դուն ալ ապրիս։ Ան քու մէջդ է, Ան քու հետդ է ու երբեք պիտի չի հեռանայ քեզմէ։ Որքանով որ դուն կարող ես հեռանալ, քու մօտդ կայ Յարուցեալը, որ քեզ կը կոչէ ու քեզ կը սպասէ վերստին սկսելու համար։ Երբ տխրութեան, գժտութեան, վախի, տարակոյսներու ու ձախողութիւններու պատճառաւ դուն քեզ ծերացած կը զգաս, Ան մօտդ պիտի ըլլայ քեզի տալու յոյս եւ ուժ» (Քրիստոս կ՛ապրի 1-2)։

Բոլորին ուղղուած պատգամ՝ Քրիստոս ողջ է։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, այս պատգամը միաժամանակ ուղղուած է  ամէն մէկ անձի ու աշխարհին։ Քրիստոսի Յարութիւնը ամէն մէկ մարդու ու ամէն մէկ կնոջ նոր կեանքի սկիզբն է, որովհետեւ իսկական վերանորոգումը կը սկսի միշտ սրտէն ու խիղճէն։ Զատիկը ապա սկիզբն է նոր աշխարհի, ազատագրուած մեղքի ու մահուան ստրկութենէն. Աշխարհ մը որ վերջապէս բաց է Աստուծոյ Արքայութեան,  որ է սիրոյ, խաղաղութեան եւ եղբայրութեան Թագաւորութիւն։

Քրիստոս կ՛ապրի եւ կը մնայ մեր հետ, Ան ցոյց կու տայ իր Յարուցեալի դիմագիծին լոյսը, ու երբեք չի լքեր անոնք որոնք փորձանքի, ցաւի ու սուգի մէջ կը գտնուին։

Քրիստոս յոյս պարգեւէ Սուրիային։ 

Ան՝ Կենդանին, թող յոյսն ըլլայ Սուրիացի սիրեցեալ ժողովուրդին, որ զոհ է շարունակուող հակամարտութեան, որ կը յառաջացնէ վտանգը մեզ գտնելու միշտ աւելիով յուսալքուած ու նաեւ անտարբեր։

Մինչ այժմ պահն է վերանորոգելու յանձնառումը, ի նպաստ քաղաքական լուծումի մը, որ համապատասխանէ ազատութեան, խաղաղութեան եւ արդարութեան արդար ձգտումներուն, դիմագրաւէ մարդկայնական տագնապը ու խթանէ տեղահաններու ապահով վերադարձը ու բոլոր անոնց որոնք ապաստան գտած են մօտակայ երկիրներուն մէջ,  յատկապէս Լիբանան կամ Յորդանան։

Հայեացքը ուղղել Միջին Արեւելքին

Սուրբ Զատիկը մեզ կը մղէ հայեացքը ուղղելու Միջին Արեւելքի վրայ, որ յօշոտուած է շարունակական բաժանումներէ եւ լարուածութիւններէ։ Թող տարածաշրջանի քրիստոնեաները չի հրաժարին համբերութեամբ եւ  յարատեւութեամբ  վկայելէ յարուցեալ Տէրը, ու կեանքի մահուան վրայ յաղթանակը։

Եմէնի մանուկները

Յատուկէն մտածումս կ՛երթայ Եմէնին ու մասնաւորապէս մանուկներուն, որոնք սպառած են անօթութեան եւ պատերազմի պատճառաւ։ Զատկական լոյսը լուսաւորէ բոլոր կառավարիչներն ու Միջին Արեւելքի բոլոր ժողովուրդները, սկսեալ Իսրայէլացիներէն ու Պաղեստինցիներէն, ու զանոնք խթանէ մեղմացնելու  տառապանքները եւ հետապնդելու  խաղաղութեան եւ կայունութեան ապագայ մը։

Թող լռեն զէնքերը Լիպիայի մէջ

Թող լռեն զէնքերը որոնք Լիպիան կ՛արիւնեն, ուր անմեղ մարդիկ նորէն սկսան մեռնիլ այս վերջին շաբաթներուն ընթացքին, ու բազմաթիւ ընտանիքներ ստիպուած են թողուլ իրենց տուները։

Շահագռգռուած կողմերը կը խրախուսեմ ընտրելու երկխօսութիւնը՝ փոխան ընկճուածութեան, արգելք հանդիսանալով որ տասնամեայ հակամարտութեան ու քաղաքական անկայունութեան վէրքերը վերաբացուին։

Խաղաղութիւն Ափիկեան ցամաքամասին

Կենդանի Քրիստոսը՝ խաղաղութիւն պարգեւէ համայն Ափրիկեան ցամաքամասին, որ տակաւին ապականուած է ընկերային լարուածութիւններով, հակամարտութիւններով ու յաճախ ծայրայեղական բռնութիւններով, որոնք կը յառաջացնեն անապահովութիւն, կործանում ու մահ, յատկապէս Պուրքինա Ֆազոյի, Մալիի, Նիճերի, Նիճերիայի եւ Քամերունի մէջ։ Մտածումս կ՛երթայ նաեւ Սուտանին՝ որ կ՛ապրի քաղաքական անվստահութեան պահ մը եւ ուր կը մաղթեմ որ բոլոր կողմերը կարողանան ունենալ իրենց խօսքը, ու իւրաքանչիւրը գործէ որպէսզի Երկիրը վերագտնէ ազատութիւնը, բարգաւաճումն ու զարգացումը, որուն կը ձտգի երկար ժամանակէ ի վեր։

Յարուցեալ Տէրը առաջնորդէ Հարաւային Սուտանի քաղաքական ու կրօնական իշխանութիւններուն ջանքերը, որոնց սատար հանդիսացաւ, մի քանի օրեր առաջ Վատիկանի մէջ կայացած Հոգեւոր կրթութիւնը։

Թող որ երկիրն մէջ բացուի պատմութեան նոր էջ մը, ուր քաղաքական, ընկերային ու կրօնական բոլոր խաւերը գործնականապէս յանձնառու ըլլան ի նպաստ հասարակաց բարիքին եւ ազգին հաշտութեան։

Ուկրանիան։

Այս Զատկուայ ընթացքին, թող սփոփանք գտնէ Ուկրանիայի արեւելեան շրջանի բնակչութիւնը, որ կը շարունակէ տառապիլ, տակաւին ընթացքի մէջ հակամարտութեան պատճառաւ։ Տէրը թող քաջալերէ բոլոր մարդկայնական ձեռնարկները ու բոլոր այն միջոցառումները որոնք կը ձգտին մնայուն խաղաղութեան։

Ամերիկեան ցամաքամասը. Վենեզուելլան։

Յարութեան ուրախութիւնը թող լեցնէ սրտերն անոնց որոնք  Ամերիկեան Ցամաքամասին մէջ տակաւին կը տառապին քաղաքական եւ տնտեսական դժուար իրավիճակներու հետեւանքէն։ Կը մտածեմ մասնաւորապէս Վենեզուելլայի ժողովուրդին. Այն բազմաթիւ մարդոց, որոնք զուրկ են ապահով եւ արժանավայել կեանք մը ապրելու ամենայետին պայմաններէն, տակաւին տիրող ու խորացած տագնապի պատճառաւ։ Տէրը քաղաքական պատասխանատուութիւններ ունեցողներուն պարգեւէ շնորհքը՝ գործելու ի նպաստ ընկերային անարդարութիւններու, չարաշահումներու ու բռնութիւններու կասեցումին եւ վճռական քայլեր կատարելու՝ որոնք թոյլ տան վերացնել բաժանումները ու բնակչութեան ապահովեցնել անոնց պէտք եղած օգնութիւնները։

Նիքարակուան

Յարուցեալ Տէրը լուսաւորէ բոլոր ջանքերը, որոնք կը կտարուին Նիքարակուայի մէջ, որպէսզի շուտով գտնուի՝ բանակցուած խաղաղ լուծում մը՝ Նիքարակույաի համայն ժողովուրդին համար։

Դառնանք կամուրջ եւ ոչ թէ պատեր կառուցողներ

Ժամանակակից բազմաթիւ տառապանքներու դիմաց, Կեանքի Տէրը մեզ թող չի գտնէ պաղ եւ անտարբեր։ Ան մեզ դարձնէ կամուրջ եւ ոչ թէ պատ կառուցողներ։ Ան որ մեզի կու տայ իր խաղաղութիւնը, կասեցնէ զէնքերու շառաչիւնը, այնքան պատերազմի որքան մեր քաղաքներու բանակարգէն ներս, ու ներշնչէ Ազգերու կառավարիչները՝ որպէսզի աշխատին վերջ դնելու սպառազինութեան մրցավազքին ու զէնքերու մտահոգիչ տարածումին, յատկապէս տնտեսապէս զարգացած երկիրներուն մէջ։

Յարուցեալը բանայ նաեւ մեր սրտերը

Յարուցեալը որ տապալեց գերեզմանի դռները, թող բանայ մեր սրտերը կարիքաւորներու, անպաշտպաններու, աղքատներու, անգործներու, անտեսուածներու ու հաց, ապաստան եւ իր արժանապատուութեան ճանաչումը  փնտռող մեր դռները բախող անհատին դիմաց։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր «Քրիստոս կ՛ապրի»։ Ան յոյս եւ երիտասարդութիւն է մեզմէ իւրաքանչիւրիս համար ու համայն աշխարհին համար։

Թոյլ տանք որ Ան մեզ նորոգէ։ Բարի Սուրբ Զատիկ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/04/2019, 12:23