Աղքատ կին մը Աղքատ կին մը 

Ողորմնաբաշխութեան մասին Քահանայապետերուն վարդապետութիւնը:

Ողորմնաբաշխութիւնը նկատուած է քառասնորդաց շրջանի հոգեւոր պայքարի՝ աղօթքէն, ծոմէն զատ երեք զէնքերէն մին :

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Դարերու հոլովոյթի եկեղեցին միշտ շեշտած է հարստութիւններուն բաժնեկցութեան կարեւորութիւնը ՝ դժուարութեան մէջ գտնուող աղքատ մարդոց հետ:
Ծոմապահութենէն, աղօթքէն զատ եկեղեցւոյ վարդապետութեան մէջ ընդգծուած է նաեւ ողորմնաբաշխութեան, եղբայրասիրութեան արարքներ կատարելու հրամայականը :
Ողորմնաբաշխութիւնը նկատուած է քառասնորդաց շրջանի, հոգեւոր պայքարի՝ աղօթքէն, ծոմէն զատ երեք զէնքերէն մին :

Ի՞նչ կ՝ըսեն Քահանայապետերը ողորմնաբաշխութեան մասին:

Ֆրանչիսկոս Պապ 2019 տարուան քառասնորդացի պատգամին մէջ նշած է հետեւեալը
Քրիստոնեայ կեանքի ուղեւորութեան մէջ, մեր աղօթքի բարի առաջադրանքներուն պէտք են ընկերացած ըլլան, զոհողութեան հոգիին պատրաստակամութիւնը եւ մեր ունեցուածքներէն՝ վեհանձն հրաժարումը՝ օգնութեան փութալու համար աղքատներուն:
Ֆրանչիսկոս Պապ Քառասնորդացի պատգամին կը մէջբերէ Սուրբ Օգոստինոսէն, ողորմնաբաշխութեան վերաբերեալ հատուած մը: Սուրբ Օգոստինոս հարց տալով : « Կ՝ուզե՞ս, որ աղօթքդ բարձրանայ եւ թռչի դէպի Աստուած», կը պատասխանէ « պէտք ես ունենալ երկու թեւեր՝ ծոմն ու ողորմնաբաշխութիւնը:

Սուբր Յովհաննէս Պօղոս Բ, 28 մարտ 1979-ին, հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին խօսելով ողորնաբաշխութեան մասին կ՝ըսէ հետեւեալը
Բեկանէ քու հացդ անօթիին հետ, քու տանդ դուռը բաց՝ աղքատներուն:- մերկացողին ծածկէ , այն ատեն , առաւօտուն, քու լոյսդ պիտի ծագի եւ քու փրկութիւնը պիտի ծլի, եւ Աստուծոյ փառքը քեզ պիտի ընդունի:

Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ Պապ, 22 փետրուար 1963-ին, մոխրոց օրուան սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ, նկատել կու տայ որ իւրաքանչիւր բարի քրիստոնեայ պէտք է , որ եղբայրսիրութեան պատուէրը կատարէ , ոչ թէ իբրեւ հանդիսատեսներ այլ, իբրեւ հեղինակներ:

Մինչ Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Պապը ողորմնաբաշխութեան մասին կ՝ըսէ հետեւեալը
Ոչ միայն հարուստները կրնան իրենց նպաստը բերել ողորմնաբաշխութեան՝ ուրիշներուն համար, այլեւ աղքատները , այսպէսով , բախտի բարիքներու անհաւասարութեան մէջ, ամէնքը կրնան հաւասար ըլլան՝ հոգիի գթասրտութեան զգացումներով:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/04/2019, 12:06