Որոնել

Պուլկարիայի առաքելական ճամբորդութիւնը։ Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ Պուլկարիայի առաքելական ճամբորդութիւնը։ Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ 

Պուլկարիան կը պատրաստուի հիւրընկալելու Ֆրանչիսկոս Պապը։

Պուլկարիա առաքելական ճամբորդութեան բնաբանն է «Pacem in terris» ու ներշնչուած է Անճելօ Ռոնքալլի - Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ Քահանայապետի նոյն խորագիրը կրող յորդորագիրէն

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Պուլկարիան որուն բնակչութեան 76  առ հարիւրը կը պատկանի Պուլկարական Օրթոտոքս եկեղեցւոյ եւ կաթողիկէները 7 միլիոն բնակչութեան վրայ կը հաշուեն  մէկ առ հարիւրը, կը պատրաստուի յառաջիկայ օրերուն հիւրընկալելու Սուրբ Պետրոսի երկրորդ յաջորդ մը, 2002ին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ կատարած առաքելական այցելութենէն 17 տարիներ ետք։

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը արդարեւ յառաջիկայ կիրակի 5 Մայիսի առաւօտեան, Քահանայապետութեան 29-րդ առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս կը մեկնի Պուլկարիա ապա 7 մայիսին կ՛անցնի Հիւսիսային  Մակեդոնիա հանդիսանալով առաջին Քահանայապետը որ կ՛այցելէ այս վերջին երկիրը։

Պուլկարիա առաքելական ճամբորդութեան բնաբանն է «Pacem in terris – Խաղաղութիւն երկրի վրայ» ու ներշնչուած է Անճելօ Ռոնքալլի - Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ Քահանայապետի նոյն խորագիրը կրող յորդորագիրէն որ երջանկայիշատակ Քահանայապետին ամենածանօթ յորդորագիրն է որ Ան ի լոյս ընծայեց 11 ապրիլ 1963-ին երբ արդեն ստամոքսի քաղցկեղի հիւանդութիւնը սկսած էր յօշոտել անոր մարմինը։

Այս խորագիրի ընտրութիւնը յատկանշական է նաեւ այն առումով որ  Ռոնքալլի Քահանայապետը՝ 1925 – 1934 թուականներուն, նախ որպէս Սուրբ Աթոռի առաքելական այցելու ապա պատուիրակ ծառայած է Պուլկարիոյ մէջ ու մեծ ներդրում ունեցած է քրիստոնեաներու միութեան գործընթացի ծիրէն  ներս։ Այս ուղղութեամբ Միլանի «Քաթթոլիքա» համալսարանի դասատու Տիար Քիրիլ Քարթալոֆ նշած է թէ «գերապայծառ Ռոնքալլի որպէս Սուրբ Աթոռի ներկայացուցիչ երկիր ժամանած առաջին օրերէն իսկ ուզեց մօտէն ճանչնալ Օրթոտոքսները, բաժնուած եղբայրները, համոզուելով որ կատարելիք առաջին քայլը եղբայրական ու բարեկամական յարաբերութիւններ մշակելն էր»։ Պուլկարիոյ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ վերակազմակերպումը արդարեւ կը պարտինք Ռոնքալլի քահանայապետին  որ կարողացաւ բարի յարաբերութիւններ մշակել ըլլայ քաղաքական, ըլլայ եկեղեցական գետնի վրայ։

Ապագայի Քահանայապետը արդարեւ որպէս հիմք ընդունած էր միացնող եւ ոչ թէ բաժնող իրականութիւնները, ու այս մէկը սատարեց ամրապնդելու համամիութենական զգայնութիւնը որ իր գագաթնակէտը գտաւ Վատիկանեան Բ տիեզերական ժողովի գումարումով։

Առ ի պատրաստութիւն Ֆրանչիսկոս Պապին խաղաղութեան նշանաբանով Պուլկարիա ճամբորդութեան հաւատացեալները հրաւիրուած են աղօթել սոյն աղօթքը.

Խաղաղութեան Աստուած լսէ մեր աղօթքը, Մեզ առաջնորդէ խաղաղութեանդ մէջ։ Մեզի սորվեցուր ապրիլ խաղաղութեամբ։ Սիրել բոլոր մարդիկը որոնց կը հանդիպինք մեր ուղեւորութեան ընթացքին։ Անսալ անոնց օգնութեան ճիչին։ Կիսել անոնց ուրախութիւնները։ Մեր վախերը փոխակերպէ յոյսի, վիրաւորանքները ներումի։ Մեզի սորվեցուր վառ պահել հաշտութեան անմահ լոյսը։ Խաղաղութեան Աստուած, խաղաղութիւն տուր հոգիներուն, որպէսզի մեր կեանքով ցոյց տանք թէ խաղաղութիւնը կարելի է աշխարհի վրայ։ Ամէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/04/2019, 09:48